Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ Թ. Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ Տեղեկագիրէն Հատուածներ – 2

2 0
Read Time:6 Minute, 23 Second

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Շար. 9/10

13 Սեպտեմբեր 2024

Haroutchekijian.wordpress.com

 

Նկատի առնելով, որ ցարդ ի զօրու Սեւրի դաշնագիրը իրաւական գլխաւոր հիմնաքարն է ազատ անկախ միացեալ Հայաստանին, եւ, Հարպորտի փաստահաւաքի առաքելութեան պատրաստած պատմական, մարդկային, քաղաքական, վարչական եւ աշխարհագրական տուեալները՝ հիմնաքարը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդող իրաւարար վճիռին, Թուրքիան կը սարսափի Սեւրի դաշնագիրէն եւ մանաւանդ ատոր յենարանը եղող՝ Հարպորտ առաքելութեան տեղեկագիրէն:

Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Գերմանիոյ դէմ Ա. պատերազմին մասնակցելու ուղերձը քոնկրէսին, 4 Ապրիլ 1917-ին

 

 

 

Ինչո՞ւ… Քանի որ տեղեկագիրը շուրջ 7000 քիլոմեթր հեռու գտնուող երկրի մը 53 զինուորական,անաչառ մասնագէտները պատրաստեցին, տեղւոյն վրայ, թարմ տուեալներով, առանց կեղծիքի, 1919-ին, Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք (նոյնիսկ կարելի է ըսել ընթացքին, քանի որ ցեղասպանութիւնը երբեք դադրած չէր, անոնց գործը շարունակութիւնն էր ցեղասպանութեան ականատես՝ Ամերիկայի դեսպանին, ամերիկեան նպաստամատոյցի անդամներուն եւ աւետարանիչներուն ահազանգող տեղեկագիրներուն):

Վերոնշեալ պատճառով Սեւրի դաշնագիրն ու Հարպորտ առաքելութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը շատ են, որոնցմէ երկուքին պիտի անդրադառնամ յաջորդիւ: Այս պատճառով է, որ տեղեկագիրին պատմական բաժինը եւ այնտեղ ընտրուած նիւթերը շատ կարեւոր են:

Նախագահ Ուիլսընի 8 Յունուար 1918-ի աշխարհի խաղաղութեան համար 14 պայմանները, «Տը Իվընինկ Հերըլտ»

Հարպորտ կը շարունակէ. «…Եւրոպան իր սեփական վերածնունդով զբաղած, բաւարարուած էր իսլամներուն դէմ կանգնելով եւ մոռցած արեւելեան քրիստոնեաները: Երեք դարէ աւելի, հայ ժողովուրդին մասին քիչ բան նշուած է ժամանակներու պատմութեան մէջ, թէեւ աւելի հին ժամանակաշրջանին, 16 բիւզանդական կայսրեր հայեր էին եւ գերազանցօրէն կը կառավարէին Արեւելեան կայսրութիւնը: Շատ մը հայ անհատներ եւ նոյնիսկ գաղութներ, կարեւոր դեր խաղացած են հեռաւոր երկրներու մէջ (էջ 6)։

«Եւրոպան, Հնդկաստանը եւ Պարսկաստանը հայերուն կ՚ողջունէին: Անոնք թարգմաններ դրամատնային մասնագէտներ, գիտնականներ, արհեստաւորներ, արհեստագէտներ եւ առեւտրականներ էին: Նոյնիսկ իրենց բռնակալ իշխանաւորներուն օրօք, կը վարէին պաշտօններ, որոնք կը պահանջէին վարչական կարողութիւն՝ անոնք դարձան դեսպաններ եւ նախարարներ, որոնք մէկէ աւելի անգամներ փրկեցին (Սուլթանին) խարխլած գահը: Հայերը առեւտուրը զարգացուցին, նախագծեցին եւ կառուցեցին պալատներ:

«Այսուհանդերձ, իբրեւ ազգութիւն, անոնց արգիլուած էր զինուորական ծառայութիւնը եւ մինչեւ աղքատութիւն (մի՛այն հայերուն, աւելի բարձր*)՝ տուրքեր սահմանուած, կամայական կերպով անոնց ունեցուածքը կը բռնագրաւուէր, իսկ անոնց կիները բռնութեամբ կ՚առեւանգուէին թուրքին հարեմներուն համար: Այսպիսի ստրկութիւնը որոշ անխուսափելի ու յոռի հետքեր կը դրոշմէ անոնց նկարագիրին վրայ, սակայն հիմնականին մէջ, հայը պահպանած է իր կրօնը, լեզուն եւ իր ցեղային մաքրութիւնը, հալածանքը՝ պատճառելով համախմբուած ապրելակերպ։

Հարպորտ հայոց պատմութեան բաժինին մէջ, էջ 6, 561 բառով ճարտարօրէն կը ներկայացնէ այսպէս կոչուած «Հայկական Հարց»-ը, մասնաւորապէս կը մատնանշէ վերջին 200 տարիներուն հայերուն նկատմամբ բոլո՛ր (յատկապէս Անգլիոյ) դաւադրութիւնները, անիրաւութիւններն ու սուտ եւ անօգուտ խոստումները, սկսելով 1744-ի Քիւչիւք Քայնարճէի դաշնագիրէն, որ ռուս-թրքական 12 պատերազմներէն, ուր միշտ Թուրքիան պարտուած է՝ վեցերորդն էր:

Հարպորտ առաքելութիւնը Խարբերդի ամերիկեան նպաստամատոյցի կեդրոնին առջեւ, 17 Սեպտեմբեր 1919-ին
4. Հարպորտ կը շրջի դատարկուած՝ ամայի բնակավայրերու մէջ

 

Պարտուած Թուրքիան անձնատուր եղաւ եւ. «Ռուսիոյ վստահուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանութիւնը, միակ իրական՝ սակայն անօգուտ փորձը եւրոպական ազգի մը կողմէ, մինչեւ բարեկարգող վարչապետ Միտհաթ փաշայի քարտուղար՝ Գրիգոր Օտեանի 1876-ին պատրաստած նոր սահմանադրութիւնը, որ սուլթանին կողմէ իսկոյն մերժուեցաւ: Ապա 11-րդ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք 1877-ին Սան Սթեֆանօյի որոշումները, ապա 1878-ին Պերլինի խորհրդաժողով՝ մինչեւ մեր ժամանակները՝ 1876-էն սկսեալ, Հայաստանի պատմութիւնը կոտորածի եւ խախտուած երաշխիքներու եւ սուտ խոստումներու պատմութիւն է:

          «Վերոնշեալը անբաւարար կերպով կ՚ուրուագծէ Հայաստանի հանդէպ սխալներու պատմութիւնը մինչեւ մեր ժամանակները: Ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին, (3 Մարտ*) 1877-ին, Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրով, Ռուսիան պէտք էր գրաւէր որոշ շրջաններ, մինչեւ Թուրքիոյ մէջ իրական բարեփոխումներ տեղի ունենային։ Այս դաշնագիրը, Ռուսիոյ հանդէպ բրիտանական նախանձին պատճառով պատռուեցաւ եւ տարի մը ետք փոխարինուեցաւ Պերլինի ապարդիւն դաշնագիրով՝ (հայերուն*) պաշտպանութիւնը պահանջելով, սակայն առանց երաշխիքներու: 

«Մինչ այդ, (4 Յունիս 1878-ին, անտեսելով Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը, Անգլիա-Թուրքիա գաղտնի*) Կիպրոսի համագումարով կղզին կ՚անցնի Անգլիոյ կառավարման, եւ Թուրքիան կը խոստանայ պաշտպանել հայերը, որուն դիմաց Անգլիան, Ռուսիոյ դէմ՝ Թուրքիոյ պիտի պաշտպանէր:

«1880-ի մեծ պետութիւններու հաւաքական դիտողագիրը անտեսուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ։ Այնուհետեւ յաջորդեց 1895-ի պայմանագիրը, որ երբե՛ք չկատարուեցաւ, ապա 1876-ի սահմանադրութեան վերականգնումը 1908-ին։ 1914-ի համաձայնութիւնը նաեւ դրժուեցաւ՝ Թուրքիոյ Ա. պատերազմին մասնակցութեան պատճառով: Այս շարքին վերջինը՝ 1916-ի գաղտնի դաշնագիրն է Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միջեւ, որուն գոյութիւնն ու հրապարակումը պոլշեւիկ իշխանութիւնը բացայայտեց, որով Հայաստանը պիտի բաժնուէր Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ։

Մարտինի մէջ թուրք աւագանին եւ ամերիկեան նպաստամատոյցէն օրդ. Ակնէս Թենենկա եւ հարիւրապետ Ս. Պ. Տատլի աջին, կը դիմաւորեն Հարպորտը 13 Սեպտեմբեր 1919-ին
Կրկին դատարկ՝ ամայի բնակավայր մը, ետին՝ եկեղեցի – վանք մը

 

«Մինչ այդ, Ապտուլ Համիտի գահակալութենէն ետք, քանի մը տարին անգամ մը տեղի ունեցան հայերու կազմակերպուած պաշտօնական կոտորածներ: 1895-ին 100 հազար հայեր զոհուեցան: 1908-ին Վանի Ատանայի եւ Կիլիկիոյ այլ վայրերու մէջ եւ 1909-ին աւելի քան 30 հազար հայ սպաննուեցաւ։ Այս ողբերգութիւններուն վերջինն ու ամենամեծը եղաւ 1915-ին: Պահպանողական գնահատականներով 1914-ին Ասիական Թուրքիոյ հայերուն թիւը մէկ ու կէս միլիոնէն աւելի էր, թէեւ ոմանք թիւը աւելի բարձր կը գնահատեն:

«1915-ի գարնան (պետական*) համակարգուած դրութեամբ (under definite system) ջարդեր եւ տեղահանութիւններ կազմակերպուեցան, զինուորները քաղաքէ քաղաք կը գործադրէին հրամանը։ Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական տոմարները ցոյց կու տան, որ 1,100,000 հայ արտաքսուած է (տեղահանուած իր բնակավայրէն, ուրեմն 400 հազարէն աւելին սպաննուած է բնակավայրին մէջ*)։ Նախ՝ իւրաքանչիւր գիւղի կառավարութեան շէնք կը կանչուէին երիտասարդները, ապա զանոնք թափօրով գիւղէն դուրս կը հանէին ու կը սպաննէին»:

Միշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ այսպէս կոչուած Աթաթուրքի «թրքութեան» վրայ հիմնուած պետութիւնը, իր մարդահամարի տոմարները հին օրերէն, մինչեւ օրս բծախնդրօրէն կը պահէ, որպէսզի, հակառակ պարագային, չըլլայ որ ծագումով հայ մը, կամ՝ ոչ թուրք մը նախագահ, վարչապետ, ոստիկանապետ, բանակի հրամանատար եւ այլն դառնայ… Երկրորդ, երբ Թալէաթ եւ ընկերները երդուած էին բոլոր հայերը բնաջնջել, անոնք տուն-տուն ցանկերով գործադրեցին հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա՝ թալանը, ինչպէս կը վկայեն վերապրողները, որոնց մէջ՝ հայրս: Ուստի, Հարպորտին նշած մէկ միլիոն հարիւր հազար հայերու տեղահանութիւնը ստոյգ պէտք է ըլլայ, իսկ բնակավայրին մէջ սպաննուած երիտասարդ հայերուն թիւը անշուշտ չեն տուած:

«Կիներ, ծերունիներն ու երեխաները քանի մը օր ետք հետիոտն աքսորուեցան դէպի այն վայրերը, որ Թալէաթ փաշան (հեգնօրէն*) կ՛անուանէր «գիւղատնտեսական գաղութներ»` Հայաստանի բարձր, զով, օդասուն սարահարթէն դէպի Եփրատի մալարիա համաճարակով վարակուած տափաստաններն ու Սուրիոյ եւ Արաբիոյ կիզիչ անապատները:

«Հայ ազգը մեծաքանակ ոչնչացնելու այս ոճիրէն մահացածները, տարբեր գնահատականներով, կէս միլիոնէն մինչեւ աւելի քան մէկ միլիոն է, ընդհանրապէս` շուրջ 8 հարիւր հազար: Հետիոտն, ամրան սաստիկ արեւին տակ, կողոպտուած` իրենց հագուստէն եւ անձնական իրերէն, որ կը կրէին, սուիններով կը խթանուէին, եթէ դանդաղէին. սովէն, տիֆէն եւ թանչախտէն հազարաւոր մեռեալներ ինկան ճամբուն կողքին:

«Ճաշաբաժինը երկու օրը անգամ մը կէս քիլօ հաց էր, որ շատեր չէին ստանար, իսկ ժամանակ մը ետք երկարած ձեռքի ափին ամէն օր կերակուրի փոքր սրսկում մը միակ սնունդն էր: Շատերը մահացան ծարաւէն կամ սպաննուեցան, երբ կը փորձէին իրենց ծարաւը յագեցնել հոսող առուակներ անցնելու ժամանակ: Զեկոյցը կը շարունակէ նկարագրել հայ երիտասարդ աղջիկներու վաճառքը եւ այլ բռնութիւններ»: Տեղեկագիրին 7-րդ եւ 8-րդ էջերը կը նկարագրէ հայ ժողովուրդին աքսորի ընթացքին եւ գաղթավայրերուն մէջ տառապանքը, յատկապէս՝ իգական սեռին հանդէպ բռնութիւնները:

«…Սեւ ծովէն մինչեւ Պարսկաստան` թրքական սահմանին զուգահեռ, ճամբորդեցինք: Պաթումէն վերադարձին, առաքելութիւնը այցելեց Սամսոն` աշխարհի մեծագոյն ծխախոտային շրջաններէն մէկուն նաւահանգիստը եւ Տրապիզոն, որ գլխաւոր նաւահանգիստն է Սեւ ծովու հարաւային ափին, դէպի Պարսկաստան տանող հնագոյն կարաւանի ուղիին վերջին կայանը, ուր 2300 տարի առաջ Քսենոֆոնի հրամանատարութեամբ 10 հազար հաշուող յունական բանակը հասած էր» կը շարունակէ տեղեկագիրը:

«Գրեթէ Սեւ ծովէն մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը կատարուած ստուգումները չարդարացուցին այն տեղեկագիրները, որով՝ Թրքական բանակը զանգուածային կերպով չէ կուտակուած սահմանի երկայնքին: Անոնց կառոյցը քայքայուած է, եւ երկիրը զարհուրելի կերպով դատարկուած է քաղաքային թէ զինուորական բնակչութենէ: Իւրաքանչիւր գլխաւոր աւանէ որ անցանք, առաքելութեան պատասխանատուն հանդիպում ունեցաւ թուրք պաշտօնատարներուն հետ: Հարցուփորձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքին մասին, եւ միշտ անոնց հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ»:

Հարպորտ այս բոլորը կը նշէ, որպէսզի հայերուն նկատմամբ անիրաւութիւններն ու դաւադրութիւնները քաներորդ անգամ ըլլալով եւ այս առիթով ալ չկրկնուի՛ն: Սակայն…

 

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles