Երգիծախառն Նշմար…

0 0
Read Time:5 Minute, 44 Second

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Ամերիկեան քաղաքական դաշտը, այս վերջերս, լուրջ վերիվայրումներու թատերաբեմ դարձած է, որոնց շարքին՛ նախկին նախագահ՛ Տանըլտ Թրամփին դէմ կատարուած զազրելի մահափորձը, որմէ ետք անոր շռնդալից մուտքը նախագահական ընտրութիւններու շրջափակ։ Քիչ ետք, Թրամփ փոխնախագահութեան թեկնածու պիտի նշանակէր Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճէյ․ Տի․ Վենս անուամբ երիտասարդը:

Միւս կողմէ, դեմոկրատական քաղաքական դաշտը ամեհի ցնցում կրեց, երբ յանկարծ, չսպասուած մէկ պահուն, երկար ատեն «չեմ ու չեմ » խաղալէ ետք, նախագահ Պայտընի վերընտրութեան չմասնակցելու անակնկալ լուրը ծանուցուեցաւ ու միեւնոյն ատեն խառնածին իր փոխնախագահը՛ Քամալա Հերիսի առաջադրումը յայտարարուեցաւ, որպէս Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահական թեկնածու: Այո, այս բոլոր իրադրութիւնները պատահեցան անսպասելի ու արագ կշռոյթով:

Ատենին, Թրամփի մահափորձին վրիպած գնդակը « հրաշագործ փամփուշտ» անուանեցինք հայ մամուլին մէջ: Թրամփ, միամտօրէն սպասեց, որ ամերիկեան հասարակութիւնը զինք խորան հանելով յաւիտեան պիտի ողբերգէր վրիպած գնդակի պատահարը: Սակայն եւ այնպէս, հրաշքը երկար չտեւեց ու շատ չանցած Քամալա Հերիսին ցուցանիշները գլեցին անցան, հանրապետական նախկին նախագահին աղիւսակը, բան մը որ զարմանքով պատեց ու շշմեցուց Ամերիկայի քաղաքական դաշտն ու Թրամփին հանրապետական երկրպագուները: Գալով ակամայ կմկմացող, երբեմն մոռացկոտ 82 ամեայ մեր սիրելի նախագահ Պայտընին, անոր վերընտրութենէ հրաժարիլը զարմանք պատճառեց բարեկամ ու հակառակորդ շրջանակներու մօտ նմանապէս, որովհետեւ ան ամուր կառչած ըլլալ կը թուար նախագահական աթոռին ու վերընտրութեան գաղափարին: Բայց եկէք տեսէք որ հայ մամուլը, լրատուական իր սկզբունքներու կառչած ինչպիսի՜ զօրեղ գործօն եղած է իր էջերուն մէջ լոյս տեսած քաղաքական յօդուածի մը գործելիք ազդեցութեամբը: Անտաշ այս յօդուածագիրին մէկ գրութեամբ, քաղաքական տեղաշարժ պատահեցաւ: Անկեղծ ըլլանք, հայ մամուլին այնքան հզօր ներուժ ունենալը չէինք պատկերացներ… Արդարեւ, Պայտընի հրաժարականէն տասը օր առաջ լոյս տեսած «Ութսունէն Վեր՛ Աթոռէն Վար» խորագրով գրութիւնս ունեցաւ, ոմանց համար ջլատիչ ու քանդիչ, իսկ ուրիշներու համար հրաշագործ ու շինիչ իր ներգործութիւնը:

Սակայն եկէք տեսէք, որ սոյն գրութեան հեղինակը, Պայտընի հրաժարականը իմանալով, պիտի խրէր անդնդախոր խոհերու մէջ, քիչ ետք ես ինծի հարց տալու համար, թէ այդ յորդորը գրելու միամիտ քայլովս, արդեօք երկրին բարեսիրտ նախագահին վնա՞ս հասցուցի, թէ բարիք: Յետոյ ինքզինքս մխիթարելու համար, ըսի, թէ Պայտընը իսկապէս պէտք ունէր պաշտօնէն հեռանալով տեղ բանալու աւելի երիտասարդ ու կայտառ մէկու մը , առաջ տանելու դեմոկրատական իշխանութեան շարունակականութիւնն ու յաղթարշաւը: Ու շփացած հրապարակագրի մաշտաբս լայն բանալով, հրաշագործ յորդորս պիտի ուղղէի այն թեկնածուին, որ ծանօթ է իր համակիրներուն որպէս՛ ճարպիկ գործարարի համաշխարհային ճանաչում վայելող, ութսունը թեւակոխած Թրամփին եւ տիեզերական կարգ վայելող ուրիշ անձնաւորութեան մը, որ 88 տարու է արդէն: Վստահ եմ արդէն կռահեցիք… Այո նկատի ունիմ 88 ամեայ նորին նրբութիւն Հռոմի Ֆրանսիսկոս պապը, որուն ամէն կրօնի պատկանող միլիոնաւոր մարդոց նման անհուն կերպով կը համակրիմ ու կը գնահատեմ անոր կատարած մարդասիրական աստուածահաճոյ ու հրաշալի աշխատանքը… եւ-եւ-եւ… չեմ համարձակիր անունը կոչել… նախկին նախագահ՛ իր համակիրներուն համար Ամերիկայի փրկիչ ու իր հակառակորդներուն համար՛ կնամոլ, մեծամիտ, շարլաթան մէկը, որ ըստ զինք մօտէն ճանչցողներուն, ընտրութիւնները անգամ մը եւս կորսնցնելու պարագային, երկիրը անգամ մը եւս քաղաքացիական բախումներ մէջ պիտի ներքաշէ: Պիտի չյայտնեմ, թէ «80էն վեր… աթոռէն վար»ի արժանացած զոյգ մը շատ կարեւոր անձնաւորութիւններուն հետ ինչ պայմաններու տակ հանդիպեցանք… Այդ մէկը գուցէ տողերուս ընդմէջէն կռահէ խելամիտ ընթերցողը:

– Սարսախ, դուն ո՜վ ես որ իմ սրբակեաց անձիս հանդէպ այդպիսի վերագրումներ կ՛ընես… ըսելու պէս իր շիլ աչքերով, ծուռ նայուածքը երեսս ուղղեց պարոն Թրամփ:

– Ես ո՜վ եմ մը… եղաւ իր եսին մէջ վիրաւոր գրողս… Առանց մեծամտանալու յայտնեմ, թէ Պայտընի հրաժարականը հայ մամուլին մէջ յառաջացնող հրապարակագիրն եմ… Եւ դեռ… Ափրիկէ 20 տարի կեցութեանս, երկրին հանրածանօթ, հռչակաւոր նախագահներու հետ սեղան նստած, հաց կիսած, քաղաքական հարցեր լուծած ու Հայ Դատ պաշտպանած եմ երկար տարիներ…

– Հապա օգնականներս ըսին թէ մարդակերներու հետ ալ հաց կիսած ես…

– Այո, ինչո՜ւ չէ , անոնք Ամերիկան արիւնաքամ ընող հանրապետական միլիառատէրներէն աւելի խիղճ ունեցող անհատներ էին… Մէյ մը շուրջերնիդ նայեցէ՛ք… փողոցները կը վխտան կիսանօթի անտունիներով…

– Որու՜ն հոգը, թող երթան գործ գտնեն աշխատին… Իսկ ո՜ր թեկնածուին պիտի քուէարկէ պարոն ամենագէտը…

– Որու՜ն մը… անշուշտ թէ Քարամէլին… պատասխանեցի լեզուի սահանք կեղծելով: Չէ թէ յաջորդ օրը Թրամփի ուղեկիցները զիս պատը կը քամէին… Չլսելու զարկաւ…

-Ինչո՜ւ…

– Որովհետեւ համակրելի աղջիկ է…

– Հայտէ Քամալա ջան մեզ ամօթով մի հաներ,- պիտի ըսէի, սակայն վերջին պահուն զսպեցի ինքզինքս: Ու զրուցակիցիս դառնալով՝

– Որովհետեւ, կեանք մը ամբողջ դեմոկրատ քուէարկած եմ, որովհետեւ կը հաւատամ անոնց տասնաբանեային, որովհետեւ Պայտընը եւ Քամալան միջին ու աշխատաւոր դասակարգին կը ծառայեն ու իրենց կարգին ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բան մը որ ձեր իշխանութեան օրօք ուռացաք ու անտեսեցիք հայութեան ու ղարաբաղցիին ապրած ոդիսականը:

– Միամիտ մի ըլլաք, շրթունքի տուրքին մի՛ հաւատա՛ք…

– Հապա ոմանց լարախաղացութեա՜ն…

Պահ մը լռութենէն վերջ խօսքը փոխելով՝

– Ինչո՜ւ անպայման կը պահանջես որ դադրեցնեմ նախագահական ընտրարշաւ՜ս… Ի՜նչ գէշութիւն տեսած էք ինձմէ:

– Խնդրեմ, այդ տետրակը չբանանք… Որովհետեւ ընտրութենէն տարի մը անց պիտի թեւակոխէք ութսունը , թիրախ ու նշաւակ դառնաք «80ը անց, աթոռէն ցած» նորաստեղծ շարժումին արձակելիք լուտանքներուն:

-Որովհետեւ… շարունակեցի, հանրապետականներու մէջ ալ ահագին մեծ թիւով մաքուր նկարագրով երիտասարդ ու կարող ուժեր կան, որոնք ձանձրացած են սպասելէ: Դուք ձեզ անփոխարինելիի տեղ դնելով ժողովուրդը կը զզուեցնէք…

– Այ տղայ, թիրախաւորուած մահափորձէն աւելի դժուար է պահանջքդ կատարելը: Գիտե՜ս որ ինքնասիրահարուած նարսիստական մըն եմ… Մոռցէ՜ք, պիտի չի հրաժարի՜մ… Պիտի վերագրաւեմ նախագահական այնքան սիրելի աթոռս…

Միամիտ չէի, անիկա կառչած պիտի մնայ հասնելու նախագահական աթոռին: Ու չընտրուելու պարագային, քաղաքացիական խլրտումներ պիտի հրահրէ, ինչպէս իր օրհնութեամբ կատարուեցաւ 2000ին:

– Տղամարդիկը «հեչ» , հապա ամէն գոյնի ու ամէն ազգի հիացողուհիներուս հրաժարականիս պատճառելիք յուսախաբութիւնը, սրտի ցաւն ու մորմոքը.. հարց տուաւ ան:

– Տղայ ջա՜ն, գնա ուրիշ մէկը գտիր վրան խնթալիք: 80 էն վեր եմ եղեր «Սօ վաթ …»

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՎԱՏԻԿԱՆ

Մէկ միտքս կ՛ըսէր Հայաստանի վարչապետին՝ Նիկողոսին անձնական սաւառնակը նստելով դէպի Հռոմ, դէպի Վատիկան ուղղուէի, Ֆրանսիսկոս պապին հետ խորհրդակցելու եւ անձամբ անոր հետ բաժնելու «80ը անց, ուրիշին տեղ բաց» յորդորը: Այո, կը մտածէի Վատիկանի մօտակայ օդակայանը էջք կատարելով ինքնաշարժով ուղղուիլ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը: Մայր տաճար մուտքին՛ «Հայր Մեր» մը եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքները կատարելէ ետք, պահակի մը հետ լռելայն, Փրանկիսկոս Պապին առանձնարանը այցելել, առանց փողի-թմբուկի… Նորին սուրբ օծութիւնը զիս պիտի ընդունէր անկելակառքի վրայ բազմած: Արդէն Հռոմի պապը տեղակ պահուած էր այցելութենէս: Կաթողիկէ կրթութիւնս ու անձնական ծանօթութիւններս հայ եկեղեցական պետերու, ինչպիսին՝ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, հայ կաթողիկէ Գասպարեան եւ Մինասեան պատրիարք կաթողիկոսներուն եւ մասնաւորապէս՝ Կիլիկիոյ թեմէն՝ Խորէն կաթողիկոսին, որ առաջինը կ՛ըլլար նոր հատորներս ընթերցողը, բոլոր այդ իրողութիւնները, իրենց կարգին, մասամբ մը պիտի թիւրացնէին Ֆրանսիսկոս պապին հետ մեր հանդիպումը: Հիւրընկալիս հետ, այցելութեանս բուն նպատակին մատչելէ առաջ, իբրեւ մտահոգ հայ, պիտի արծարծէի Ղարաբաղի հայութեան ոդիսականը եւ անոր քաղաքական ղեկավարութեան անարդար հիւծումը, ազերիական անարգ բանտերուն մէջ: Որպէս շառաւիղը առաջին քրիստոնեայ պետութեան, Փրանկիսկոս Պապէն պիտի խնդրէի, որ Ալիեւ ամոլին հետ իր սերտ բարեկամութիւնը գործի դնէր ի նպաստ հայութեան, արդարութեամբ լուծելու Ղարաբաղեան հարցը: Ապա, հրամցուած իտալական ընտիր գինիէն ումպ մը քաշելէ ետք, պիտի մատչէինք մեզ յուզող, մարդկութիւնը յուզող՝ աշխարհական թէ կրօնական ներկայ ղեկավարութիւնը յուզող՝ «Ութսունը անց, սեփականացուցած աթոռից հեռու կա՛ց» գլխաւոր թեմային:

Աշխարհիկ թէ կրօնական ղեկավարութիւնը, այդ տարիքը չթեւակոխած, իրենց այնքան սիրելի աթոռը պէտք է յանձնեն երիտասարդ ուժերու, քանի որ փորձով գիտենք, թէ 80էն ետք, կեանքը տառապանք կը դառնայ: Աւելի եւս անոնց համար, որոնք կարեւոր պաշտօններ կը վարեն: Այդ ցոյց տուած է կեանքի փորձը: Իր անկելակառքին մէջ կարծես փուշի վրայ բազմած ըլլար հոգեւոր տէրը, շուարումի մատնուած խօսք ու բացատրութիւն կը փնտռէր ինքնարդարացումի։ Ու պապը մտածկոտ ըսաւ՝

– Կ՛ընդունիմ, ծանր բեռ է… ատոր համար ալ նախքան հրաժարականս, աթոռին յարմար թեկնածու մը կը փնտռենք…

Եկեղեցիներու միութեան մասին խօսք չի բացինք…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles