Պր. Յարութիւն Քիւրքճեան. Հայերէնի Ուսուցիչիս Եւ Ազնիւ Մարդու Յիշատակը

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

Սարգիս Տաղտէվիրեան

18 Օգոստոս 2024

 

Ուսուցիչիս՝ Յարութիւն Քիւրքճեանին անժամանակ մահը միտքս ղրկեց դէպի անցեալ եւ ապագայ: Անցեալ՝ աշակերտական յուշերուս, ապագայ՝ կորուստը փոխարինելու անկարելիութեան մտահոգութեան:

Պր. Քիւրքճեանին աշակերտ ըլլալու բախտը ունեցած եմ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մէջ, թէ՛ որպէս հայերէնի եւ թէ՛ արտադասարանային՝ «Պատի թերթ»-ի, «Կանթեղ»-ի եւ «Ջահակիր»-ի (Ճեմարանի տարեկան պարբերաթերթերու) աշխատանքներու ընթացքին:

Հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու ու անոնց քերականութեան բացառիկ տիրապետութեան կողքին, պէտք է արձանագրեմ իր մանկավարժական բացառիկ կարողութիւնները եւ անոնց հետեւող կիրակումները: Ան այն ուսուցիչներէն էր, որ իւրաքանչիւր աշակերտին կուտար յատուկ ուշադրութիւն, անոր մէջ վեր առնելով շնորհքներ, որ կրնան օգտակար դառնալ կեանքին ընթացքին ստանձնելիք պարտաւորութիւններուն մէջ. աշակերտին մօտեցումին մէջ վիրաւորական, արհամարհական կամ պատժական ո՛չ մէկ քայլ: Աշակերտին անկարգապահութեան կամ դասարանային պարտականութեան թերացումին պարագաներուն կը ցուցաբերէր հասուն երիտասարդի հանդէպ վերաբերմունք:

Մանկավարժական իր գործադրութիւններէն էին հայերէն նախադասութիւններու քերականական վերլուծումները՝ աշակերտներուն միջեւ մրցումի ձեւով, զարգացման մրցումները եւ «հարցումներու տուփ»-ը, ուր աշակերտները (անանուն) հարցեր կը դնէին կեանքի, հայութեան, դպրոցին եւ առհասարակ ընդհանրական նիւթերու մասին: Ասոնք աշխոյժ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէին աշակերտներուն մէջ, հետեւաբար անուղղակիօրէն նորութիւններ կը սորվեցնէին:

1978-79-ի մեր աւարտական տարեշրջանին, Պէյրութը, քաղաքացիական կռիւներուն հետեւանքով, երկար ատենէ ի վեր բաժնուած էր երկու մասի՝ արեւմտեան եւ արեւելեան (իմա՝ իսլամական-պաղեստինեան եւ քրիստոնէական): Ճեմարանը կը գտնուէր արեւմտեանին մէջ, իսկ արեւելեան կողմ կը բնակէին մեծ թիւով աշակերտներ: Վտանգաւոր սահմանագիծը ամէն օր չանցնելու համար, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Համազգայինի վարչութիւնը, որոշ ժամանակ, որպէս գիշրօթիկ մնալու, ձրի, աւարտականներուս տրամադրեց դպրոցին կողքի Համազգայինի շէնքը, միակ պայմանով, որ «լաւ» պահենք… Իսկ 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, Համազգայինի տպարանի վերեւի շէնքին դասարանները: Հոս ալ պր. Քիւրքճեանը իր մարդկային եւ մանկավարժական դրական յարաբերութիւնը դրսեւորեց, քանի մը ամիսով դպրոցական օրերուն ընտանիքներէն հեռացածներուս, «մեծ եղբօր» բարեացակամութեամբ այցելութիւններ տալով, միասին ընթրելով եւ զրոյցներ ունենալով: Կարելի՞ է մոռնալ այս կեցուածքը:

Մեր աշակերտական տարիներուն զինք ճանչցած ենք միշտ մօրուքով եւ դասարանէն դուրս ալ՝ ծխամորճով: Մարդկային բացառիկ ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան եւ անոր արդիւնք բարի ժպիտի տէր էր: Այդ աղուոր ժպիտը, որ ծաւալուն մօրուքին շարժումին մէջ կ’երեւար, իր հատու զէնքերէն մէկն էր. երբ որեւէ հարցի շուրջ դասարանային քննարկում կամ վիճաբանութիւն կ’ունենայինք (մինչ Լեւոն Շանթի պատրաստած հայերէնի մեր դասագիրքերը հարուստ էին հայ հեղինակներու գրած նման քննարկումներ ստեղծող նիւթերով), երկու կողմին հիմնաւորումներէն ետք, իր այդ ժպիտով հակադիր կողմին կը հասկցնէր, որ «արդիւնքը յստակ է, երկարելու պէտք չունիս»…

Յուշ մը եւս. ամառնային արձակուրդի օր մը Ճեմարանի գրադարանէն գիրք վերցնելու համար եկած էի դպրոց (յայտնեմ, թէ ամէն ամառ բոլոր աշակերտները 5-6 հայերէն գիրք կարդալու եւ անոնց մասին տեղեկագիր պատրաստելու պարտականութիւնը ունէին): Հոն էր նաեւ պր. Քիւրքճեանը: Քանի մը հոգիով, նստած Սիմոն Վրացեանի կիսանդրիին դիմաց, ծառերուն շուքին, կը սկսինք զրոյց մը՝ «մարդկային ընդ ազգային» հրատապ նիւթին շուրջ: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները իրենց տաք աստիճանին էին, հայկական թաղերը վտանգի մէջ եւ հայ երիտասարդութիւնը հայկական կուսակցութիւններու միջոցաւ, պաշտպանութեան դիրքի վրայ: Ուրեմն այդ կացութեան մէջ, ներկաներէն մի քանին կը պնդէին ազգային գիտակցութեան ու պատրաստութեան գերակայութեան թէզին վրայ, իսկ պր. Քիւրքճեանը՝ մարդկայինին: Առաջին կողմը՝ եթէ դաստիարակուած հայ չես եւ ազգդ արժանաւորապէս չես կրնար պահել, ա՛լ ի՞նչ օգուտ որպէս մարդ գոյատեւելը, աշխարհաքաղաքացի, այլ խօսքով հացկեր դառնալը: Պր. Քիւրքճեանը՝ նախ գիտակից եւ ազնիւ մարդ պէտք է ըլլալ ու արժեւորելով պաշտպանել ազատութիւնները, որպէսզի անոնց շնորհիւ գոյանայ ազգին օգտակար հայ մարդը: Ի գին յստակեցումի, հոս փակագիծ մը բանամ. պր. Քիւրքճեանին թէզը երբեք չշփոթէ՛ք կամ չնմանցնէ՛ք Հայաստանի ներկայի դաւաճան իշխանութեան «որպէս մարդ ուրախ ապրիլ»-ի ծրագրին ու Հայաստանը ազգային հիմնարար սկզբունքներէն պարպելու մօտեցումին հետ: Մարդկայինի գերադասումով պր. Քիւրքճեանը ազգայինը բնաւ յետին կարգ չէր նետած, ընդհակառակը՝ առաջին կարգ, բայց մարդկայինէն ետք. վկայ՝ իր ուսուցչական հայակերտ ասպարէզը, դաշնակցական գործունէութիւնը, ՀՅԴ պատմութեան մասին իր ուսումնասիրական աշխատութիւնները եւ պատրաստած հայերէնի դասագիրքերուն բովանդակութիւնը:

Հետագային հայ մամուլի ճամբով միայն կրցայ հետեւիլ պր. Քիւրքճեանի հայագիտական խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու մասնակցութեան: Այլեւս մօրուքը չկար… ծխամորճն ալ չէր երեւեր նկարներուն մէջ… բայց բարի ժպիտը՝ ներկա՛յ:

Հիմա, ուսուցիչիս մասնագիտականութիւնը մտաբերելով, եթէ հայ պատանիներն ու երիտասարդները հայկականութեամբ կերտելու հրամայական գոյութիւն ունի, բարձր աստիճաններ բարձրանալու կորով եւ զոհաբերութիւն հարկաւոր են՝ վերադարձ ազգային հիմնարար ու ազատարար սկզբունքներուն, պր. Քիւրքճեանին օրինակով:

Յարգելի ուսուցի՛չս, ոգեղէն ժառանգութիւնդ բոլորիս է, ցանքդ անհերքելի եւ զոհաբերութիւնդ արդիւնաւէտ: Դո՛ւն վերջին երթ չունիս, ներկայ ե՛ս գործովդ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles