ԴԱՍԱԳՐՔԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ՝ ՀԱՅԵՒՌՈՒՍ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 40 Second

Ա.Ա.

    Դասագրքային տագնապ մը եկաւ առաւել լարելու հայեւռուս արդէն վատթարացած յարաբերութիւնները։ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ութերորդ դասարանի համար պատրաստուած եւ գործածուող Հայոց Պատմութեան դասագիրքին մէջ գործածուած է
« Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսաստանին» ձեւակերպումը, որ ռուսերուն զայրոյթ պատճառած է այնքան մը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը արտայայտած է իր վրդովմունքը եւ բողոքը՝ գործածուած «բռնակցում» բառին դէմ։

     Հարցը կը վերաբերի 19-րդ դարու սկիզբը Կիւլիստանի եւ Թուրքմենչայի համաձայնագրերով Արեւելեան Հայաստանի կարգ մը գաւառներու Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ անցման, որ իբրեւ բռնակցում ներկայացուած է։Ռուսերը կը մերժեն բռնակցում բառը։Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ «պատմութիւնը վերաշարադրելու անամօթ եւ ընդհանուր անցեալը խեղաթիւրող աննրբանկատ փորձ մըն է կատարուածը։ Դիւանագիտական բառապաշարին մէջ «անամօթ» եւ «աննրբանկատ» բառերը ընդհանրապէս կ՛ընդունուին բաւական սուր տագնապ մը նկարագրող բառեր, որոնք կ՛ահազանգեն լուրջ տարակարծութիւններու եւ բողոքի առկայութիւնը։ «Կասկածի տակ առնել Ռուսական կայսրութեան, հետագային ալ Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ յատուկ դերը ներկայի Հայաստանի ձեւաւորոան գործին մէջ, կը նշանակէ ընդդիմանալ ընդհանուր առմամբ հանրածանօթ բոլոր փաստերուն։Խօսքը մեր ընդհանուր պատմութիւնը վերաշարադրելու հերթական անամօթ փորձի մը մասին է», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ յուսալով,որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն արտօներ, որ այդ բովանդակութեամբ Հայոց Պատմութեան դասագիրք մը գործածուի Հայաստանի դպրոցներուն մէջ։Իր կարգին, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Գոբերքին դասագիրքը համարեց պատմութեան վերաշարադրման փորձ մը։

     Հայեւռուս յարաբերութիւններուն առաւել սրումը պատճառող Հայոց Պատմութեան դասագիրքի տագնապը լուծելու յստակ միտում տեսնուեցաւ Հայաստանի կրթութեան  եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ, որովհետեւ ռուսական յայտարարութեան հրապարակումէն ժամեր ետք, յայտարարուեցաւ, որ ձեւակերպումը հանուած է եւ խնդրոյ առարկայ բաժինը վերախմբագրուած է։ Ըստ նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեանի, «բռնակցում» բառը ջնջուած է եւ կրթական նոր շրջանին վերախմբագրուած դասագիրքին օրինակները պիտի բաշխուին աշակերտներուն։ Առարկայական վերախմբագրում կատարուած է, ըստ կրթութեան համապատասխան մարմիններուն այն բաժնին, ուր  նշուած են, թէ Օշականի հերոսամարտէն ամիսներ ետք կնքուեցաւ Թուրքմենչայի համաձայնագիրը, որուն համաձայն, Պարսկաստանէն Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ անցան Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները, ինչպէս նաեւ Օրտուպատի գաւառը։ Այս բաժնին ենթախորագիրը կարդացողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ երկու խանութիւններն ու գաւառը բռնակցուած են Ռուսաստանի։

    Ներկայիս երբ կը շարունակուի Ռուսիա- Ուքրայինա պատերազմը, որուն ընթացքին ռուսերուն կողմէ բռնակցուեցաւ Խրիմը, Ռուսիոյ պետական, քաղաքական եւ ակադեմական թէ հասարակական շրջանակներուն մէջ «բռնակցում» բառը որոշակի ալեկոծում կը պատճառէ։Այս բովանդակութեան մէջ ալ հայկական դասագիրքին մէջ գործածուելով՝ բառը յստակ բողոքի ալիք բարձրացուցած է Ռուսիոյ մէջ, ուր արդէն որոշ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը թեքի դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն՝ հրաժարելով, կամ գէթ սառեցնելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական գործակցութեան բոլոր շերտերը։

     Հայեւռուսական յարաբերութիւնները բնականաբար կ՛ազդուին տարբեր եւ բազմաթիւ ազդակներէ, որոնք կ՛արձանագրուին թէ Երեւան- Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ եւ թէ Հարաւային կովկասի ընդհանուր իրավիճակին մէջ, ուր հայկական շահերու ապահովման պատրուակով՝ Երեւանի իշխանութիւնները արտաքին քաղաքականութեան արեւելման մէջ յստակ շրջադարձ մը կատարելով՝ այսօրուան դրութեամբ կը յարին Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան։ Այս թեքումը բնականաբար ոչ միայն Ռուսիոյ, այլեւ Իրանի եւս որոշ անհանգստութիւններ կը պատճառէ եւ կրնայ իր ազդեցութիւնները ձգել Երեւան – Մոսկուա եւ Երեւան- Թեհրան յարաբերութիւններուն յառաջիկայ հոլովոյթին վրայ։Դասագիրքի մը մէջ գործածուած «բռնակցում» բառը պատճառաբանութիւն մըն է, որ ռուսական դժգոհութիւնները շեշտակիօրէն արծարծուին արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով։Ստեղծուած իրավիճակը եւ ներկայացուած ռուսական դժգոհութիւնը նկատի ունենալով՝ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան որոշումով, «բռնակցում» բառը ճիշդ է, որ ջնջուեցաւ ենթախորագրին մէջէն, սակայն հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, այն է, թէ ռուսերը որքան ձեռնածալ պիտի հետեւին Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող արտաքին քաղաքականութեան եւ երբ հակաքայլի պիտի սկսին դիմել, որպէսզի «անուղղան» վերադարձնեն նախկին եւ աւանդական գիծին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles