Զանգեզուրի Միջանցքը Կը Մտահոգէ Իրանը

0 0
Read Time:1 Minute, 11 Second

 

ԹԵՀՐԱՆ․- Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի երդման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Իրան ժամանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ Փեզեշքեանի եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սայետ Ալի Խամենէիի հետ։

Ալի Խամենէիի  հետ հանդիպումին ընթացքին, հոգեւոր պետը շեշտեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Զանգեզուրի երթուղին վնասաբեր կը նկատէ Հայաստանի համար եւ կը շարունակէ տէր կանգնիլ այս դիրքորոշման:

Զրուցակիցները յայտնեցին, թէ իրենք համոզուած են, որ Հայաստան եւ Իրան կը շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման միտող քայլերը՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին:

Փեզեշքեան Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, կարեւոր նկատեց բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը:

Ըստ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան ըսաւ, որ Իրանի հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը Հայաստանի համար ունի կարեւոր նշանակութիւն, որ խարսխուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնումի վրայ:

Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարները քննարկեցին առեւտրական-տնտեսական կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր, նաեւ անդրադարձան առողջապահութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ միացեալ նոր ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Վերահաստատելով նախապէս բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` Փեզեշքեան ըսաւ. «Մեր երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը, պատմական եւ մշակութային սերտ կապերը հիմք կը հանդիսանան երկկողմ փոխգործակցութիւնը առաւել զարգացնելու համար: Մենք պատրաստակամ ենք միացեալ ջանքերով շարունակելու մեր երկխօսութիւնը եւ առաւել հարստացնելու երկկողմ համագործակցութեան օրակարգը»:

Փեզեշքեան կարեւոր նկատեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը: Ան դիտել տուաւ, որ Իրանի համար առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանումը՝ աւելցնելով, որ Թեհրան եւս բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով կարգաւորելը անհրաժեշտ կը նկատէ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles