Պոսթըն․- Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում

0 0
Read Time:53 Second

Շաբաթ, Յուլիս 27-ին, կազմակերպութեամբ Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան,  շրջանի «Բաբգէն Սիւնի» ամումբին մէջ, ներկայութեան յիսուն հայորդիներու, նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը: Բացման խօսքը կատարեց Վարանդ Չիլոյեան։ Նախապէս պատրաստուած տեսերիզով, խօսք առին յաջորդաբար Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ եւ երեսփոխան) եւ Համբիկ Սասունեան (Տասնեակ տարիներ բանտարկուած եւ այժմ Երեւանաբնակ)։

Անոնք շեշտեցին, թէ Յուլիս 27, 1983-ին Լիզպոնի թրքական դեսպանատունէն անձնազոհները,  պայթեցնելով իրենք զիրենք, պայթեցուցին Հայ դատի հետապնդման նոր փուլ` հայրենիքի, ամբո՛ղջ հայրենիքի ազատագրման նոր ճանապարհ: Շարունակելով նախնիներու երթը` անոնք ցոյց տուին համայն աշխարհին ու հայութեան, որ ամուր է կամքը, յարատեւ է պայքարը, կարելի է անկարելին կարելի դարձնել, երբ կան հաւատք, մարտունակութիւն, ուժ եւ անձնազոհութեան խիզախութիւն: Անոնք շեշտեցին, թէ Արցախը յանձնուած է թշնամիին, վտանգուած է Հայաստանի

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Անի Զարկարեան Լիզպոնի նուիրուած երգերով:

Աւարտին, խօսք առաւ  «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Արա Նազարեան, որ իր կարգին շեշետեց, թէ 41 տարի առաջ հայութեան նկատմամբ կատարուած թրքական ոճիրը անտեսող քաղաքակրթուած աշխարհը ցնցուեցաւ Լիզպոնի մէջ անձնազոհութեան բացառիկ գործողութեամբ, երբ հինգ հայ հերոսներ գիտակից մահով ընտրեցին նահատակութեան ուղին` որակական նոր մղում տալով Հայ դատի հետզհետէ ծաւալող ուժական պայքարին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles