Յուլիս 30-ին, սահմանային Մարգարա-Ալիճան անցման կէտին վրայ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Հ․Հ․ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ թուրք դեսպան Սերտար Քըլըչ ունեցան իրենց հինգերորդ հանդիպումը։
Հանդիպման սկիզբը յատուկ ներկայացուցիչները շրջեցան Մարգարայի վերանորոգուած անցակէտին մէջ: Երկու կողմերն ալ ընդգծեցին կարգաւորման գործընթացը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու պայմանաւորուածութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջական կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար:
Անոնք նաեւ պայմանաւորուեցան տարածաշրջանային զարգացումներուն համապատասխան գնահատել թեքնիք կարիքները, որոնք կարելիութիւն պիտի ընձեռեն գործարկել Ախուրիկ-Աքեաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնել անցագրի ընթացակարգերը դիւանագիտական-պաշտօնական անձնագիրներ ունեցողներու համար:
«Մենք գումարեցինք հանդիպումներու հինգերորդ փուլը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային գօտիին մէջ` առաւօտեան հայկական կողմին, իսկ կէսօրին` թրքական կողմին մէջ: Մենք կառուցողական փոխըմբռնումով քննարկեցինք կարգաւորման գործընթացի բոլոր երեսները եւ հետագայ յառաջընթացի կարելիութիւնները», յայտնեց Քըլըչ: Իսկ Ռուբինեան իր կարգին, յայտնեց․ – «Հաստատել ենք աւելի վաղ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ համաձայնեցրել վստահութեան ամրապնդման նոր միջոցները, ներառեալ` տեխնիկական պահանջների գնահատումը, որոնք անհրաժեշտ են մեր երկրների միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան գործունէութեան ապահովման համար»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ․- «Վերջապէս, անոնք շեշտեցին իրենց համաձայնութիւնը առանց որեւէ նախապայմանի բնականոնացման հոլովոյթը իրենց համապատասխան երկիրներուն միջեւ ամբողջական կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու ուղղութեամբ շարունակելու»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ իր կարգին տեղեկացուց, որ յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին նախորդ հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: