Հաւաքներն Ու Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

0 0
Read Time:3 Minute, 56 Second

Այս տարուան 28 Մայիսը՝ Հանրապետութեան տօնը Հայաստանի մէջ գայթակղեցուցիչ դէպքերու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Դժբախտաբար, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները այնպիսի կէտի մը հասած են, որ յաւելեալ սպառնալիքներ կը ստեղծեն հայոց անկախ պետականութեան յարատեւութեան դէմ։ Ափսոս, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս մթնոլորտին մէջ կործանարար ծայրայեղութեան մը կը հետեւին, ինչ որ կրնայ հասնիլ աններելի հետեւանքներու։

28 Մայիսին, ինչպէս միւս պետական տօներուն, Հայաստանի մէջ բոլորի ժամադրավայրը կը հանդիսանայ Սարդարապատի յուշահամալիրը։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը նման տօներուն թէ՛ պետական աւագանին եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը միասնաբար կու տային այդ այցելութիւնները։ Վերջին տարիներուն այդ նախընթացը, դժբախտաբար, ընդհատուած է։ Պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնները առանձին կ՚այցելեն յուշահամալիրները։

Այս ցաւալի համայնապատկերին վրայ զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ մեծ վրդովմունքի պատճառ դարձաւ։ Այսպէս, Հայաստանի ոստիկանութիւնը խոչընդոտեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Սարդարապատի յուշահամալիր մուտքը։ Նորին Սրբութիւնը եւ շքախումբը այս վերաբերմունքին ենթարկուեցան՝ երբ գրեթէ նոյնաժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն դէմքեր կ՚այցելէին Սարդարապատ։ Ի դէպ, կարգ մը լրատուամիջոցներ պնդած էին, որ Փաշինեան այս տարի պիտի չայցելէր սոյն յուշահամալիրը, սակայն, աւելի վերջ յայտնի դարձաւ, որ այդ աւանդութիւնը պիտի չխախտուէր։ Յամենայնդէպս, Վեհափառ Հայրապետի շքախումբն ալ այդ խոչընդոտները յաղթահարելով հնարաւորութիւն ունեցաւ յուշահամալիր մուտք գործելու։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այնտեղ ծաղկեպսակ զետեղեց եւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ աղօթելէ վերջ հրաժեշտ առաւ։ Ի վերջոյ, այս ամբողջը մեծ ցասում յառաջացուց համայն աշխարհի հայկական հանրային կարծիքին մօտ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ տեղեկացուց, որ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Եկեղեցի-պետութիւն տեւական լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Կիլիկեան Աթոռը հերթական անգամ զօրակցութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։ Արամ Ա. Կիլիկիոյ Կաթողիկոս իր յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ․

«Քիչ առաջ իմացանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ ստեղծուած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստան՝ մեր սիրելի հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը ստեղծագործեցին եւ մեր նահատակները թափեցին իրենց արիւնը։ Ինքնաքանդումի եւ ինքնասպանութեան ներկայ ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէ։ Մեր եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես հայրենիքի քանդումին»։

Նշենք, թէ Կիրակի, Մայիս 26-էն ի վեր սաստկացած են հաւաքներն ու բողոքի ցոյցերը։

Բագրատ սրբազանը, աղօթք բարձրացնելէ առաջ, կոչ ուղղեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Լոռիի աղէտի հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակը:

 

«Այս իշխանութիւնը ոչ միայն յանցաւոր կերպով կը յանձնէ մեր պետութիւնը` իր ֆիզիքական գոյութեամբ, այլեւ աւելի սարսափելին կ՛ընէ` կը ձգտի փոխել մեր հայրենիքի բովանդակութիւնը, ինքնութիւնն ու արժէքները` գողնալով եւ ուրանալով մեր խորհրդանիշները, մեր երազներն ու իղձերը, մեր գոյութեան իրաւունքն ու կենսագրութիւնը` մոռնալով, որ ոգին յաղթած է «դուխին», Եռագոյնը` սեւ ու սպիտակին», հանրահաւաքի ժամանակ ըսաւ Բագրատ սրբազանը` աւելցնելով, որ հակառակ այս բոլորին, պայքարը պիտի հասնի իր նպատակին:

Ան ընդգծեց` այս շարժումը հայկական օրակարգ, յստակ նպատակ ունենալու մասին է, կարգապահ ու պատասխանատու քաղաքացիներ ունենալու, դիմակայուն ու անվտանգ, կայուն ու հաստատուն պետութիւն ու խաղաղութիւն ունենալու մասին է:

Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի դասախօս փրոֆեսէօր Գուրգէն Մելիքեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Շատ դժուար փուլ մը մեզի կը սպասէ: Ժողովո՛ւրդ, մենք պէտք է այդ դժուարութեան յաղթենք, հասկնանք, թէ ով որ ալ ստանձնէ պատասխանատուութիւնը, սա անոր համար պիտի ըլլայ իր կեանքի ամէնէն բարդ ծառայութիւնը: Հայաստանը երբեք այսքան ծանր վիճակի մէջ իշխանութիւն չէ փոխած: Մեզի պէտք է մէկը, որ կրնայ վերցնել այդ պատասխանատուութիւնը, համախմբել բոլորը, եւ կապուած չըլլայ ոեւէ մէկէն, բացի սեփական խիղճէն, ժողովուրդէն ու պետութեան շահէն: Ճնշող մեծամասնութիւնը եղած է միակարծիք, որ այդ մարդը, ի հարկէ, Բագրատ սրբազանն է: Եւ կայ արդէն յստակ ձեւաւորուած համախոհութիւն քաղաքական ուժերուն եւ ժողովուրդին մօտ, որ շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը պէտք է ըլլայ նաեւ վարչապետ»:

Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ անցումային կառավարութիւնը` հաշտութեան կառավարութիւնը, պէտք է ըլլայ մասնագիտական կարողութիւններով, հմտութիւններով օժտուած, պէտք է ըլլայ նաեւ հայրենատէր եւ աստուածասէր:

«Կառավարութիւնը յստակօրէն պէտք է ունենայ օրակարգային երեք ուղղութիւններ:

Առաջինը` ներքին հաշտութեան օրակարգ` հիմնուած արդարութեան եւ արդարադատութեան վրայ:

Երկրորդը` արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է վարէ առանց «հակա»-ներու քաղաքականութիւն, ներկայ վիճակը սառեցնէ, ինչ որ չափազանց դժուար է, որովհետեւ տեղեկատուութեան անսահմանափակ պակաս կայ այս պահուն: Ամէն գնով պէտք է սառեցնել այն իրավիճակը, որուն մէջ մենք կը գտնուինք: Պէտք է ձգտի իրական` կայուն խաղաղութեան` ուժի սպառնալիքի կիրարկման վերացումով, մեր գերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձի իրականացումով, խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ իրական, խորքային բանակցութիւններ վարելով, ներառեալ` արցախցիներու անվտանգ վերադարձը` անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրներու լուծումով: Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը պէտք է սկսի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք` յստակ քարտէսներով:

Երրորդը` պէտք է պատրաստէ արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւններ` ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու երաշխաւորը ըլլալով` առանց յաւակնելու մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն», անցումային կառավարութեան օրակարգը ներկայացուց Բագրատ սրբազանը, որ նաեւ յայտարարեց, որ վեհափառ հայրապետէն խնդրած է իր 30-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը սառեցնել:

Ան նշեց, որ նկատի ունենալով լայն շրջանակներու` վարչապետի թեկնածու ըլլալու առնչութեամբ իր թեկնածութիւնը առաջադրելը, վեհափառ հայրապետի եւ հոգեւոր եղբայրներու հետ քննարկումներուն հիման վրայ նշուած է, որ իր հոգեւոր հանգամանքին հետ չի կրնար համատեղել վարչապետի թեկնածութիւնը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles