ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 37 Second


Իրանի բանակի սպայակոյտը նսեմացուց «Աքինճի» տիպի թրքական անօդաչու սարքին դերակատարութիւնը՝ Իրանի նախագահը փոխադրող ուղղաթիռին ջախջախման վայրը գտնելու առաքելութեան մէջ, շեշտելով, որ իրանեան նոյնանման սարքերը, որոնք Հնդկաց ովկիանոսի վերեւը կը գտնուէին, ի վերջոյ յաջողած են գտնել ջախջախուած ուղղաթիռին վայրը՝ շնորհիւ իրենց ունեցած իւրայատուկ «սինթեթիք» ռատարին։
Թուրքերը նախապէս յոխորտացած էին, թէ «Աքինճի» անօդաչու սարքը յայտնաբերած է ջախջախուած ուղղաթիռին վայրը՝ թռիչք առնելէ կարճ ժամանակ մը ետք։ Իրանցիք յայտնապէս դժգոհ եղած են թրքական այս յայտարարութենէն։ Իրանի բանակին սպասակոյտին հրամանատարութեան համաձայն, ճիշդ է, որ «Աքինճի» մասնակցած է որոնողական աշխատանքներուն, սակայն ոչինչ գտած է, որովհետեւ ստուգման եւ յայտնաբերման յատուկ սարք չէ ունեցած։
*

 

Սուրիացի հարիւրաւոր վարձկաններ թրքական իշխանութիւններուն գիտակցութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ կը ղրկուին Նիկեր, ուր անոնք կը պաշտպանեն թրքական շահերը, կը յայտնեն լաւատեղեակ աղբիւրներ, որոնց համաձայն, իւրաքանչիւր վարձկան ամսական 1500 տոլար կը ստանայ իբրեւ աշխատավարձ, իսկ եթէ վիրաւորուի՝ 30 հազար տոլար, մահանալու պարագային ալ՝ վարձկանին ընտանիքը 60 հազար տոլար կը ստանայ։
Սուրիացի վարձկանները կը հաւաքագրուին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործող Սուլթան Մուրատ հատուածին անդամներու կողմէ։ Անոնք Սուրիայէն կը փոխադրուին Թուրքիոյ Այնթապ քաղաքը, ուրկէ թրքական զինուորական օդանաւերով կը մեկնին Նիկեր՝ թրքական հանքային եւ զինուորական շահերը պաշտպանելու համար։
Անգլիոյ մէջ գործող Սուրիական Դիտարկման Կեդրոնին տուեալներուն համաձայն, սուրիացի վարձկաններու հաւաքագրման աշխատանքները կանոնաւոր կերպով կը կատարուին եւ թրքական իշխանութիւնները տեղեակ են ՍԱՏԱԹ Միջազգային Պաշտպանական Խորհրդատուուական կեդրոնին կողմէ։ Այս կեդրոնը կը վայելէ թրքական իշխանութիւններուն ամբողջական նեցուկը։ Անիկա նախապէս վարձկաններ առաքած էր Ատրպէյճան՝ մասնակցելու համար Արցախեան երկրորդ պատերազմին։
*

Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութիւնը հաստատեց 500 միլիոն տոլարի թրքական ներդրումներու հիմնադրամը, որուն հոգաբարձուներուն խորհուրդին առաջին ժողովը գումարուեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Թուրքիոյ պետական գանձատան եւ ելեւմուտքի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց,որ հիմնադրամը զարկ պիտի տայ հանրային եւ պետական մարզերուն մէջ գործող փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն։
Հանդիպման առիթով հրապարակուած զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ թրքախօս պետութիւններուն տնտեսութիւնները եւ բնակչութիւններուն թիւը այս տարուան աւարտին պիտի հասնին 1.9 թրիլիոն տոլարի եւ 178 միլիոնի։ Ըստ հոգաբարձուներու խորհուրդին մօտիկ աղբիւրներու, հիմնադրամին նպատակներէն մին պիտի ըլլայ նաեւ թրքախօս երկիրներու տնտեսութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ զարգացման զարկ տալ։
Պոլսոյ հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին թրքախօս պետութիւններու տնտեսութիւններուն նախարարները, որոնց շարքին էր Ատրպէյճանի տնտեսութեան փոխ նախարար էլնուր Ալիեւ։
*
Թուրքիա եւ Չինաստան Հասկացողութեան յուշագիր մը կնքեցին ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութեան մասին։
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտնեց,որ Պէյճինկի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած է Չինաստանի Բնական Ուժանիւթի Տնօրէնութեան վարիչ Ժիանկ Ժիանուայի հետ։Խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմած են կորիզային եւ վերանորոգուող ուժանիւթերու մարզին մէջ գործակցութեան հեռանկարները։
Պայրաքտար հասկացողութեան յուշագիրը կնքած է իր չին պաշտօնակիցին՝ Ուանկ Կուանկհուայի հետ։ Յուշագիրը առաւելաբար կ՛առնչուի հանքերու եւ հազուագիւտ մետաղներու շահագործման աշխատանքներու։
*

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարեկամ ու գործակից Պիելոռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ջերմացման նպաստող քայլերու քննարկման նպատակով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Եասին Էքրեմ Սերիմ Պիելոռուսիոյ մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ իր պիելոռուս պաշտօնակիցին՝ Եուրի Ամպրազեվիչի հետ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու թղթածրարին պատասխանատուն է։
Այցելութեան ընթացքին նաեւ կայացաւ հիւպատոսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարով՝ բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ բոլոր մակարդակներու վրայ յարաբերութիւններուն զարկ տալու կարեւորութեան վրայ։
Տեղին է նշել, որ Պիելոռուսիա սերտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ։ Պիելոռուսիա եւ Հայաստան անդամ են Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան, սակայն Պիելոռուսիա կը նախընտրէ անտեսել Հայաստանը եւ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ Ատրպէյճանի հետ, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ չէ։ Վերջերս Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ այցելեց Արցախի գրաւուած շրջաններ, ուր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ շրջապտոյտներ ունեցաւ Աղտամի, Ֆիզուլիի, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles