Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14-ին, , Թինէքի (Նիւ Ճըրզի) մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգային»-ի Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ գործող Children’s Playhouse «Մանուկներու Խաղավայր» մանկամսուրին հիմնադրման տասնամեակի տօնակատարութիւնը։
Մանկամսուրը կը ծառայէ տեղւոյն համայնքին, նպատակ ունենալով նիւթական միջոցներ ապահովել Համազգայինին։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Տէր Վահան Քհն. Գույումճեան։ Ներկայ էին հիւրեր, անձնակազմի անդամներ, հիմնադիրներ, նուիրատուներ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիսավարն էր Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Յասմիկ Աբրահամեան, որ նաեւ հիմնադիր յանձնախումբի անդամներէնէ։ Նաեւ խօսք առաւ Արա Նազարեան։ Անոնք պատմեցին, թէ ինչ պայմաններու տակ ու ինչպիսի զոհողութիւններով ծրագիրը մշակուած ու ծնունդ առած էր։ Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան երիտասարդուհիներ՝ Մեղրի Թիւթիւնճեան (սրինգ) եւ Դուին Պարոնեան (երգ) ներկայացնելով քանի մը հայկական երգեր։ Նաեւ ելոյթ ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի «Համազգային»-ի «Նայիրի» Պարախումբի կրտսեր կազմը՝ ոգեւորելով ներկաները։ Ապա ներկաները ուղղուեցան սրահ, ուր Տէր Մեսրոպ Քհն. Լաքիսեան եւ Տէր Վահան Քհն. Գույումճեան օրհնեցին կառոյցը։
Հուսկ, ներկաները ուղղուեցան «Քրիչեան» ճաշարան, ուր ընթրեցին եւ զրուցեցին ընկերային, ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ։
Երազով մը սկսած այս գաղափարը արդէն դարձած է իրականութիւն եւ յաջողութեամբ բոլորած է տասնամեակ մը, շնորհիւ հիմնադիրներուն եւ նուիրատուներուն հաւատքին ու յարատեւ աշխատանքին։