«Արցախէն Տեղահանուած Հայերուն Վերադարձը Առաջնահերթ է», Կը Շեշտէ Քամալա Հարիս

0 0
Read Time:44 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, եւ 2024 Նոյեմբեր նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու Քամալա Հարիս՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով  Սեպտեմբեր 23 թուակիր յայտարարութեան մէջ, կ՛արծարծէ արցախահայութեան կարգավիճակը։

«Արցախէն տեղահանուած հայերուն՝ իրենց տուները ապահով վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնումին եւ տարածաշրջանին  կայունութեան համար։ Պէտք չէ երբեք մոռանանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1.5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ քշուեցան դէպի մահուան երթ: Այս ողբերգութիւնը կը աշարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։ Հայ-ամերիկեան համայնքին տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչումի աղբիւր ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր դրացիներուն միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու գաղափարին՝ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ հիմնուած: Պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանին՝ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն խթանելու ջանքերուն: Հայաստան եւ իր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ բոլորս կ՛ոգեշնչէ՝ ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման», կը յայտնէ Հարիս։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles