ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նշելու համար անցեալ տարի կատարուած Արցախի դէմ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը, Սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան, Քոնկրէսի շէնքին մէջ կազմակերպած է Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են խումբ մը քոնկրէսականներ, համայնքային ղեկավարներ, իրաւունքներու հարցերով զբաղող գործիչներ եւ Հայ Դատի միացեալ Նահանգներու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ։
«Հաշուետուութիւն 2024» հաւաքին բացումը տպաւորիչ ելոյթով մը կատարեց Գէւ Իսքաճեան, որ Արցախի շրջափակման օրերուն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ Հայ Դատի ներկայացուցիչն էր: Զգայացուց ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ շեշտեց, թէ հակառակ միջազգային համայնքին անբաւարար քայլերուն, Արցախի ժողովուրդին վերադարձը, Արցախի մշակոյթի պահպանութիւնը եւ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով պայքարը պիտի շարունակուի։
Խօսք առնողներու շարքին եղան Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ՝ Կրէյս Մենկ, Ճուտի Չու, Կէյպ Էմօ, Աննա Էշու, Պրէտ Շերմըն, Ֆրէնք Փալոն, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Թամ ՄըքՔլինթա, Ռաշիտա Թլէյպ, Տէյվիտ Վալատաօ, Ճաշ Կաթիմըր եւ այլ ներկայացուցիչներ, որոնք համապարփակօրէն լուսարձակի տակ բերին ատրպէյճանական հայատեաց եւ հակահայ քաղաքականութեան բաղադրիչները, շեշտը դնելով արցախահայութեան տուն դարձի իրաւունքին վրայ։ Ստորեւ, նշուած կէտերը.-
– Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնել։
– Մարդասիրական յատկանշական աջակցութիւն տրամադրել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան։
– Երաշխաւորել Արցախի հայութեան ապահով վերադարձը՝ միջազգային հսկողութեան տակ։
– Պատերազմական ոճիրներով ամբաստանուած ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանել։
– Հետաքննել Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնահարումները։
Հաւաքին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի բռնարարքները վաւերագրած լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Արցախի Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի աղօթքով։
«Հաշուետուութիւն 2024» խորագրուած հաւաքը, որ նաեւ պահանջեց Արցախէն բռնի տեղահանուած 120,000 հայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորելու միջոցներ, կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=-pog9WO1iRI կայքէջին վրայ։