Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով: Տէրունական աղօթք եւ օրհնութեան խօսք արտասանեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան: Հաւաքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ժապաւէն` Սրբազան պայքարի նախորդ ամիսներուն կազմակերպած գործողութիւններէն:
Հ․Յ․Դ․ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան դիմելով հաւաքի մասնակիցներուն ըսաւ. -«Այդ կռիւը տուած ենք, մեր վրայ մահակներ կիրարկած են, նռնակներ նետած, բայց դուք աննահանջ կռուած էք մինչեւ վերջ: Եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ պայքարը չէ աւարտած եւ նոյնինքն հիմա կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք ու պիտի հասնինք յաղթական աւարտին, որովհետեւ դուք ոչ մէկէ կը վախնաք: Ո՛չ թշնամին, ո՛չ ալ այս իշխանութիւնները կրնան մեզ ետ կանգնեցնել մեր իղձերէն ու նպատակներէն»։
Գառնիկ Դանիէլեան դիմեց դահլիճին մէջ ներկայ արցախցիներուն. «Ես կ՛ուզեմ մեր արցախցի քոյրերուն ու եղբայրներուն ըսել, որ իրենք այստեղ հիւր չեն, որ սա իրենց տունն է, մեր բոլորի հայրենիքն է, եւ այս ապազգային իշխանութիւնները վռնտելէ ետք մենք պիտի վերադառնանք մեր Արցախ, պիտի վերադառնանք մեր տուները»:
Հաւաքի ժամանակ ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի չկատարած խոստումներուն մասին: Ելոյթ ունեցան 44-օրեայ պատերազմի հերոս Մխիթար Գալէեանի մայր Աստղիկ Գալէեանը, «Ճենեսիս Արմինիա» ուղեղային կեդրոնի հիմնադիր Աբրահամ Գասպարեանը եւ արցախցի Արեգա Յովսէփեանը:
Հաւաքի աւարտին Բագրատ Սրբազանը յայտարարեց. «Մեր պայքարի աշխուժ շրջանը կը վերսկսինք, Հոկտեմբեր 2-ին` ժամը 18:30-ին, կը հաւաքուինք Հանրապետութեան հրապարակին մէջ»:
«Կը մտնենք պայքարի եռանդուն եւ հետեւողական փուլ, յամառ, աննահանջ, համբերատար պայքարի փուլ, յաղթանակով երաշխաւորուած: Բոլոր անյաջողութիւնները, թերացումներն ու սխալները իմս են, բացառապէս իմս, իսկ յաղթանակը` ձերը եւ միայն ձերը», յայտարարեց ան: Հաւաքէն ետք Բագրատ սրբազանը աջակիցներուն հետ երթով ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու անմեղ զոհերու յիշատակը: «Կոչում ունինք Ծիծեռնակաբերդ այցելել եւ ուխտ կնքել, որ այս պայքարին մէջ անդաւաճան պիտի մնանք», ըսաւ ան: