ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԴՈԿՏ. ԼՈՒԻՍ ՄՕՐԷՆՕ ՕՔԱՄՓՕ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

0 0
Read Time:32 Second

Ուրբաթ, Ապրիլ 19-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր եւ անոր առաջին դատախազ (2003-2012) Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լայնօրէն անդրադառնալու Ազրպէյճան-Արցախ-Հայաստան վերջին տարիներու յարաբերութեանց, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմին, Արցախի շրջափակումին եւ անոր հետեւած Արցախի ժողովուրդի բռնագաղթին եւ Արցախի հայութեան դատը միջազգային օրէնքի լոյսին տակ Միջազգային Քրէական Դատարան ներկայացնելու կարելութիւններուն: Ներկայ էր նաեւ դատախազին ընկերացող Միջազգային Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան:

Հանդիպումէն ետք, անոնք ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին: Յայտնենք, որ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ Անթիլիաս կը գտնուի Նորին Սրբութեան հրաւէրով եւ պիտի մասնակցի Արցախի նուիրուած համագումարի առաջին նիստին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles