ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:4 Minute, 35 Second

Ա.Ա.

     Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն թիւը հաշուելու եւ անոնց անուանացանկը պատրաստելու մասին Հայաստանի Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ, իշխանական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի առաջարկը ականապատուած է թրքական ականներով։

     Նախ առաջարկին էութեան եւ ապա կատարուած ետդարձին մասին։

      Քոչարեան յայտարարեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նպատակ ունի ցեղասպանութեան առնչուած իրաւական հիմքեր ստեղծել եւ աւելի առարկայական դարձնել ցեղասպանութեան ենթարկուած հայորդիներու ամբողջ ցանկը։ Ան մէկ օր ետք վերահաստատեց իր յայտարարութիւնը։Բայց երբ աղմուկ բարձրացաւ եւ մասնագէտներ ու ցեղասպանագէտներ սկսան բողոքել եւ քննադատել առաջարկը, Քոչարեան ետդարձ կատարեց եւ յայտնեց, որ առաջարկը Փաշինեանինն չէ, այլ՝ իրը։ Բայցեւայնպէս առաջին յայտարարութեան էութիւնը շատ յստակ է եւ դժուար թէ համոզիչ ըլլայ այն փորձը, թէ յայտարարուած նպատակին հետ Փաշինեան կապ չունի։Ասիկա փորձ մըն էր խուսանաւումներով եւ ետդարձներով լեցուն յայտարարութեամբ մը զննել հայաստանեան եւ առհասարակ հայութեան բազկերակը։

      1.5 միլիոն նահատակներուն թիւը ճշգրտուած է՝ հիմնուելով գերմանացի միսիոնար Յովհաննէս Լեփսիուսի պրպտումներուն վրայ։ Միսիոնարը զոհերուն թիւերը հաւաքագրած ու ճշդած է՝ սերտօրէն գործակցելով Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարաններուն հետ, որոնք կը գործէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, տարբեր շրջաններու մէջ։ Լեփսիուսի հետազօտութիւններուն արդիւնքը առաջին անգամ ըլլալով 1919-ին Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի պետութեան պատուիրակութիւնը հրապարակած է եւ այնուհետեւ իբրեւ թիւ կը նշուի մէկուկէս միլիոնը, զոր բոլոր մեծ պետութիւնները ինչպէս՝ Գերմանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգներ, ընդունած են եւ համաձայն գտնուած են, որ այս թիւը առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած է։Ուրեմն 1919էն ետք ընդունուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը նշուի 1.5 միլիոն, որ միայն Թուրքիոյ կողմէ կասկածի տակ առնուած է։ Թուրքերը 1960-ական թուականներէն սկսեալ հրապարակ նետած են զոհերու անուանացանկ հրապարակելու թէզը, որպէսզի հերքեն եւ մերժեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։

      Նման ցանկ պատրաստելու աշխատանքին լծուելու համար կարիքը կայ վերապրողներու վկայութիւններուն, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ գերդաստանի զոհերուն թիւը եւ անուացանկերը պատրաստուի։ Վերապրողներուն մեծ մասը երեխաներ էին, որոնք շատ յաճախ իրենց մականունները չէին գիտեր, ալ ուր մնաց,որ կարենային իրենց ծնողներուն եւ ազգականներուն անունները ճշգրտօրէն նշել։ Ինչպէս կը նշէ ցեղասպանագէտ Սուրէն Մանուկեան, ներկայիս վերապրող չկայ եւ յիշողութիւնները կամաց – կամաց սկսած են ջնջուիլ եւ սերուրդէ սերունդ  փոխանցուելու ընթացքին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կամ կը մոռցուին կամ տեղեկութիւնները կ՛աղաւաղուին, ինչ որ բնական հոլովոյթ մըն է։

     Անձնական օրինակով մը հարցին անդրադառնալը շատ աւելի խօսուն է։ Մօրենական մեծ հայրս՝ Արմենակը եւ եղբայրը՝ Դաւիթ, փրկուած են ցեղասպանութենէն։Տարիներ ետք,ուրֆացի երկու եղբայրները Լիբանանի Շուֆի շրջանի Շըմլանի որբանոցին մէջ գտած են իրենց քոյրերէն մին՝ Նոյեմզարը։ Չուլճեան գերդաստանը բաղկացած եղած է 10 հօրեղբայրներէ եւ երեք հօրաքոյրներէ, իրենց կիներով, ամուսիններով եւ զաւակներով։Կը յիշեմ Դաւիթ յաճախ կը կրկնէր, որ ունեցած է 10 հօրեղբայր եւ 3  հօրաքոյր, որոնք բազմաթիւ զաւակներ ունեցած են։ Արմենակ մեծ հայրս մահացած է Քոնեյթրա, ֆրանսական զինուորի իր պարտականութիւնը կատարած ընթացքին։ Արմենակ ունէր երեք դուստր՝ Ալիս, Լուսին եւ Զուարթ։ Լուսին, որ մայրս է, որդեգրուած է Դաւիթի եւ անոր կնոջ՝ Զարուհիի կողմէ, որոնք անզաւակ եղած են։Դաւիթ եւ Զարուհի, Լուսինն ալ հետերնին, Թրիփոլիէն փոխադրուած են Պէյրութ, իսկ մեծ մայրս՝ Ազգանուշը, իր երկու դուստրերուն՝ Ալիսին եւ Զուարթին հետ, մնացած է Թրիփոլի։ Ազգանուշ մեծ մայրս պուրսացի էր։Քահանայի աղջիկ։ Թուրքերը քահանայ հօր գլուխը կտրած եւ սուրի մը վրայ անցուցած պտըտած են Պուրսայի փողոցները, ահ ու սարսափ պատճառելով պուրսահայերուն։ Ազգանուշ մեծ մայրս միշտ յիշած է այս պատմութիւնը եւ զայն փոխանցած է մօրս եւ մօրաքոյրներուս, որոնք իրենց կարգին, փոխանցած են մեզի։մայրս ունեցած է քեռիներ եւ մօրաքոյրներ, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ, որովհետեւ Ազգանուշ փոքր եղած է եւ անունները չէ յիշած։Միայն վերապրող մէկ քոյր ունեցած է՝ Եսթերը, որ ապրած է Ֆրանսա։ Ունեցած է Մատլէն անունով դուստր մը։ Ուրիշ ոչինչ։

     Այլ պատմութիւն մըն է մօրս խորթ մօր՝ Զարուհիին ոդիսականը։ Հայրը՝ Պօղոս, եղած է փռապան։ Մայրը՝ Մարիամ, եղած է տանտիկին։Զարուհի ունեցած է երկու քոյր եւ եղբայր մը։Լէա, Արաքսիա եւ Յովհաննէս։1907-ին Մարիամ իր մէկ հատիկ տղան՝ Յովհաննէսը Ուրֆայէն կը ղրկէ Զուիցերիա, միսիոնարներու միջոցով։Փոխարէնը ան Ուրֆայի ձեռագործ աշխատած է ձրիօրէն։Միսիոնարները արժէքաւոր ձեռագործները Զուիցերիոյ մէջ վաճառած են։

      Լէա եւ Արաքսիա զոհ կ՛երթան ցեղասպանութեան։ Զարուհի հօրը հետ կը հասնի Հալէպ։ Աքսորի ճամբուն վրայ կը կորսնցնէ մայրն ալ։ Աւելցնեմ,որ Զարուհի ունէր որդեգրուած քոյր մը՝ Փայլածունը, որ լքուած նորածին մըն է։ Զարուհիի հայրը նորածինը Ուրֆայի հայկական թաղին մէջ ճամբան գտած եւ իր հետ տարած է Հալէպ։

     Վերապրողներու եւ զոհերու ոդիսականներ։Զոհերու թիւը երբեք յստակ չէ, թէեւ տասնեակ են՝ Չուլճեան եւ Հացագործեան գերդաստաններէն։Եթէ հաշուի առնենք մեզի հասած տեղեկութիւններուն պատառիկները՝ զանոնք իրարու միացնելով, երեւան կու գան թիւեր, որոնք վերջնական չեն։Վստահ եմ,որ բազմաթիւ հայորդիներ ունին տեղեկութիւններ իրենց գերդաստաններուն ապրած ոդիսականներուն մասին։ Նշելի է, որ անդրադարձայ միայն մօրենական գերդաստանին՝ Զանց առնելով հօրենական գերդաստանիս մասին ունեցած տեղեկութիւններուն պատառիկները, որոնք մեզ կը վերադարձեն Մարաշ։

    Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը նահատակներ են, որոնց թիւը 1.5 միլիոնէն աւելի կրնայ ըլլլալ։ Սակայն ճշդուած թիւը ասիկա է, իսկ 2024ի դրութեամբ ցեղասպանութեան զոհերուն անուանացանկի մասին Անդրանիկ Քոչարեանի կատարած յայտարարութիւնը մեծ հարցականներ կը գծէ անոր տուն տուող պատճառներուն մասին, որոնց շարքին է այն ժխտողականութիւնը,զոր թուրքերը 1960-ական թուականներէն սկսեալ վերածած են պետական մտածողութեան, երբ սկսած են յառաջ քշել սպաննուածներուն անուացանկ մը ունենալու եւ զայն ներկայացնելու առաջարկը։Ասիկա թուրքերէն սպասելի էր եւ տարօրինակ ոչինչ կը պարունակէ։Սակայն Հայաստանի պետական այրերէն մէկը երբ զոհերու անուանացանկ պատրաստելու մասին ակնարկութիւն կը կատարէ, ծաղրանքէ աւելի ինչպէս նշեցինք, հարցականներ կը գծէ, թէ իսկապէս Երեւանի իշխանութիւնները ինչ կը հետապնդեն։

     Ցեղասպանութիւնը ոճիր է,որ կը գործադրուի ազգային նոյն պատկանելիութիւնը ունեցող մարդոց խումբի, խումբերու դէմ։Ազգ մը բնաջնջելու միտող այս ոճրագործութեան էութիւնը հարցականի տակ կրնայ առնել ոճրագործին ժառանգորդը,որ մեր պարագային մերօրեայ թուրքն է,որ մեզ կրնայ ծաղրել «անուացանկ ներկայացուցէք» առաջարկելով։ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պետական- իշխանական պաշտօնատարի մը այս առաջարկը ծաղրանքէ աւելի է բնականաբար։ Թուրքին առաջարկին զօրակցութեան արտայայտութիւն մը եւ կեցուածք մըն է, որովհետեւ առաջարկողն ալ շատ լաւ գիտէ, որ ցեղասպանութենէն 109 տարի ետք նման անուանացանկի մը ակնարկութիւնը անհեթեթութիւն մը ըլլալէ աւելի քաղաքական մութ հաշիւներու եւ խաղերու առաջնորդող կեցուածք մըն է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles