Պետօ Տեմիրճեան Ներկայացուց Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ»-ը` Անգլերէնով

0 0
Read Time:3 Minute, 15 Second

 

Ապրիլ ամսուան առաջին օրերուն, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի երեք գաղթօճախներէ ներս, ներկայացուեցաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» («Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha») անգլերէն լեզուով գիրքը, ներկայութեամբ Պետօ Տէմիրճեանի, որ թարգմանութիւն եւ յաւելեալ բացատրողականներ կատարած է։

Յատուկ թղթակցութեամբ կը ներկայացնենք Ապրիլ 6-ին տեղի ունեցած ձեռնարկը՝ Տիթրոյթի մէջ ()։

Ապրիլ 2-ին եւ Ապրիլ 9-ին, յաջորդաբար Փրովիտենսի (Ռոտ Այլընտ) Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին եւ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ կատարուեցաւ այս գիրքին ներկայացումը։

Ան յայտնեց, թէ 1953-ին հրատարակուած Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները գրի առնուած են Պելկրատի մէջ, Վահան Մինախորեանի կողմէ, երբ անոնք երկուքը կը բնակէին այդ օրերու Եուկոսլաւիոյ մէջ: Վահան Մինախորեան գրի առած է այս տեղեկութիւնները, իսկ այդ օրերուն,  Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը, որ կը բաղկանար Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ Սիմոն Վրացեանէ, Վահան Նաւասարդեանէ եւ Գաբրիէլ Լազեանէ, ստանձնած են այս գիրքին խմբագրութիւնը:

Նախապէս, Պետօ կատարած է կարճ թարգմանութիւններ, որոնք յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու սահմաններու մէջ  եղած են, սակայն գիրքի մը տարողութեամբ թարգմանութիւնը առաջին անգամն էր, որ կատարած է։

Ան տեղեկացուց, թէ առաջին չորս գլուխները կը նկարագրեն, թէ ինչպէ՞ս գործի լծուած է ահաբեկելու Թալաաթ Փաշան։ Պոլիս այցելելով, ան յաւելեալ պրպտումներ կատարած էր եւ անծանօթ կին մը՝ Երանուհի Դանիէլեան, որուն մասին մինչեւ օրս, սակաւ են տեղեկութիւնները, կրցած էր կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցել։

Ան շեշտեց, թէ դաժան պայմաններու եւ ժամանակաշրջանի ընթացքին կատարուեցաւ այս թարգմանութիւնը, որուն ազդանշանը տրուեցաւ 2019-ին, Լիբանանի մէջ, ուր սկսած էր տնտեսական ահաւոր ճգնաժամի շրջանը, որուն ապա յաջորդեց «Քորոնա» համաճարակը։ Ապա, Հայաստան հաստատուած, այս անգամ Արցախի պատերազմը բաւական մը ընդհատեց թարգմանութեան գործընթացը։

Այս դժուար պայմաններուն մէջ, Պետօ շարունակեց թարգմանութեան աշխատանքը:

«Միեւնոյն բաները կը կրկնուէին ինչպէս դար մը առաջ: Հայրենիքի կորուստ, ճգնաժամ, օրին ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանն էր, իսկ այդ օրերուն Արցախի յետպատերազմեան ժամանակաշրջանը: Նոյն ռուսն էր, նոյն թուրքը, թուրք թաթարը կամ այսօրուան ատրպէյճանցին, նոյն Արեւմուտքը, Հայաստանը` տարբեր ուղղութիւններ որդեգրելու մէջ կորսուած: Այսպէս․․․ կարելի է ըսել, որ թարգմանածս կ՛ապրէի: Ինծի համար շատ դժուար էր, յատկապէս` Հայաստանի մէջ ըլլալու այս ժամանակաշրջանը: Ճիշդ է, որ թարգմանութեան աշխատանքը կը շարունակէի, սակայն օրին աշխատանքս Լոռիի մէջ էր, եւ անոր կողքին կը կատարէինք մարդասիրական օժանդակութիւններ` Արցախէն Հայաստան հաստատուող ընտանիքներուն: Եւ դեռ աւելին, Շուշին ալ ինկած էր», ըսաւ ան։

Թարգմանութեան ընթացքին Տեմիրճեան պարզած է Թեհլիրեանի անցած լայն ու հարուստ ուղին, որուն ընթացքին արձանագրուած են դէպքեր, եւ դերակատարութիւն ունեցած են դէմքեր։ Այս պատճառաւ, ան ծանօթագրութիւններ աւելցուցած , որպէսզի պատմութիւնը չիմացողին համար աւելի դիւրին ըլլայ։

Տեմիրճեան տեղեկացուց, թէ Պերլինի մէջ, երբ Թեհլիրեան դէմ առ դէմ եկած է, կանչած է «Հէյ Թալաաթ» եւ ապա ահաբեկած։ Թալաաթ կեղծ անունով կը շրջէր։

«Այս գործով կը ներկայացնենք Թեհլիրեանի կողմէ պատմուած յուշերը, որոնք կ՛երկարին մինչեւ Թալաաթի ահաբեկումը: Ընթերցողին համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները կը ներառեն Թալէաթի ահաբեկումին նախորդող ժամանակաշրջանը` հասնելով մինչեւ անոր ահաբեկումը, եւ Թեհլիրեանի անձնական կեանքին, հետաքրքրութիւններուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին մասնաւոր տեղեկութիւններ չկան», յայտնեց ան, աւելցնելով, թէ «Նեմեսիս» գործողութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Հ․Յ․Դ․ բարձրագոյն ժողովին կողմէ, 1919-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ եւ կազմակերպուեցաւ ու իրագործուեցաւ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան բարձրագոյն մարմինին կողմէ, յանձին Արմէն Գարոյի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանը եղած է:  Թեհլիրեան իր յուշագրութիւններուն մէջ ջերմօրէն արտայայտուած է «Հայրենիք»-ին մասին: Գիրքը կ՛ընդգրկէ բաժին մը, որ ուղղակի «Հայրենիք»-ին կը վերաբերի։

Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը, ղեկավարութեամբ՝ Արա Սարաֆեանի, լոյս ընծայած է Սողոմոն Թէհլիրեանի այս գործի անգլերէն թարգմանութիւնը։ «Կոմիտաս» հիմնարկը Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր կը հրատարակէ, յուշագրութիւններ, պատմական իրադարձութիւններու, սպանդնելու, վկայութիւններու, նոյնիսկ Թալաաթի օրագրութիւնը հրատարակուած է այս հիմնարկին կողմէ: Նկատի ունենալով, որ «Կոմիտաս» հիմնարկը կը կատարէ Ցեղասպանութեան ընդհանուր շրջագիծին մաս կազմող տարբեր հրատարակութիւններ, ապա Արա Սարաֆեան նկատեց, որ այս նիւթը եւս կը պատկանէր այդ ոլորտին:

Աւարտին, ան մաղթեց, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշագրութիւններու անգլերէնի թարգմանութիւնը հայկական եւ ոչ հայկական գրադարաններուն մէջ ըլլային:

«Մեր նպատակն է բոլորը իմացնել այս մասին, եւ այս գիրքը հասցնել անոնց, որոնք հետաքրքրուած են պատմութեան ճշգրտութեամբ եւ կ՛ուզեն այս նիւթին մէջ աւելի խորանալ, ըլլան անոնք` երիտասարդներ, պատմագէտներ, ակադեմական եւ քաղաքական շրջանակներ, համալսարաններ, թանգարաններ եւ այլն», եզրակացուց ան։

Թէ՛ Փրովիտենսի եւ թէ՛ Ուաթըրթաունի մէջ տեղի ունեցան հարց-պատասխաններ, գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles