Տիթրոյթի «Համազգային»-ի «Գիրք Եւ Գրող» Միջոցառումը

0 0
Read Time:1 Minute, 56 Second

 

«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Ապրիլ 6-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գիրք եւ գրող» մշակութային ձեռնարկը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Կեդրոնի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Ուրլեան , որ բարի գալուստ մաղթեց հիւր հեղինակներուն եւ ներկաներուն, ապա հրաւիրեց հոգեւոր հայրեր՝ Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանն ու արժանապատիւ տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեանը, որպէսզի օրհնեն սեղաններն ու ներկաները գինիի ընկերակցութեամբ  ճաշակեն մատուցուած հիւրասիրութիւնը։

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժնով Ռաֆֆի Ուրլեան փոխանցեց օրուան խօսքը, անդրադարձաւ «Համազգային»-ի տարած հայանուէր գործունէութեան, որուն ծիրին մէջ լուսարձակի տակ առաւ հայ գիրքի անփոխարինելի առաքելութիւնը եւ հայ գիր ու գրականութեան նեցուկ կանգնելու «Համազգային»-ի յանձնառութիւնը։ Հանգամանօրէն ներկայացուց  «Համազգային»-ի առաքելութեան նեցուկ կանգնած Ռիթա Տիլալեանի կենսագրականն ու ձեռքբերումները։ Արդարեւ՝ «Գիրք եւ գրող» նախաձեռնութեան մտայղացումն ու իրագործումը կը պատկանի Տիթրոյաբնակ այս հայուհիին, որ ոչինչ խնայեց այս տեսլականի մարմնաւորման շնորհաշատ աշխատանքին։ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ծնունդ առած այս պարտաւորեցնող նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի այսօր շնորհիւ Տիլալեանի նիւթական եւ բարոյական արքայավայել ներդրումին եւ «Համազգային»-ի հայրենանուէր եւ հայերէնանուէր տեսլականին։

Այնուհետեւ հանդիսավարը ներկայացուց  արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը, որու ««Արցախ. Անաւարտ Պատերազմ» եռալեզու (հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն) պատկերագիրքը լոյս տեսած է Համազգայինի 95-ամեակի առիթով, Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ։  Գիրքը կը պատկերէ արցախեան 44-օրեայ պատերազմը, վիրաւոր Արցախն ու շրջափակումը։ Տեսաուղերձով հանդէս եկաւ հեղինակն ու ներկայացուց պատկերագիրքի արարման պայմաններն ու հեռահար նպատակը, ընդգծելով թէ «Պատկերագիրքը կը նուիրուի բոլոր անոնց, որոնք զոհեցին իրենց կեանքը, որպէսզի նոր կեանքեր ծնին, որոնք իրենց մահը ապրելու պատգամ դարձուցին»։

Հանդիսութեան երկրորդ հիւր հեղինակն էր Պետօ Տեմիրճեան, որու թարգմանութեամբ 2022-ին լոյս կը տեսնէ Սողոմոն Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ» գործը։ Հեղինակը հանգամանօրէն անդրադարձաւ հատորի թարգմանութեան մտայղացումին, մարտահրաւէրներուն, աշխատանքի հանգրուաններուն եւ նիւթի այժմէականութեան։ Սահիկաշարով հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւններ եւ «մասնաւոր գործ»-էն դրուագներ բացայայտեց, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ նմանատիպ գործեր օտարախօս եւ օտար ընթերցողին ներկայացնելու հրամայականը։ Տեսակապով իր խօսքը փոխանցեց Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի ղեկավար Արա Սարաֆեան, որ  բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ շեշտեց նմանատիպ երկերու հրատարակութեան նեցուկ կանգնելու հիմնարկի առաքելութիւնը։

Միջոցառման երրորդ հիւր հեղինակն էր փաստավաւերագրական լուսանկարիչ Մաթիու Կարանեան, որ ցարդ հեղինակած է 7 հատորներ, որոնք կը պատկերեն պատմական Հայաստանի այլազան շրջաններ եւ կը փոխանցեն ականատեսի վկայութիւններ։ Հեղինակը սահիկաշարի օգնութեամբ շրջայց կատարեց հայկաշխարհի տարածքին, ներկաները փոխադրելով «կորուսեալ հայրենիք»։ Արդրադարձաւ հետզհետէ անէացող մեր պատմամշակութային կոթողներու ողբերգութեան եւ փոխանցեց իր «օտարերկրեայ զբօսաշրջիկի» յոյզերն ու մտորումները…

«Գիրք եւ գրող» միջոցառման աւարտին ներկաները առիթ ունեցան նաեւ հեղինակներուն կողմէ մակագրուած գիրքեր ձեռք բերելու։

Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles