ԱՐՑԱԽԻ ՎԱՐԱԳՈՅՐԻՆ ԵՏԵՒ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔ ԱՆԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

 

 

Վեհանոյշ  Թեքեան

Ո՛չ թէ արմատը, արմատին փոշին մնաց

Կանաչը անհետացաւ, կարմիր հողը մնաց

Ծանրակիր պարիսպները՝ քարացած յաղթանդամ պահակներ

Այլեւս շարժում չդիմագրաւեցին,

Նժոյգներու եւ նետերու թափը հեռուն կասեցաւ

Եւ Արեւը դարձուց էջը կոթողական մայրաքաղաքին։

 

Ո՛չ թէ պատարագը, եկեղեցի՛ն մնաց

Միւսները փլան, Մայր Տաճարը մնաց,

Իսկ անանուն հովիւին նուիրուած մատուռին

Սիրտը կէսէն ճեղքուեցաւ

Երբ կը գոռգոռար երկրաշարժը երկիրասպան

Գալարաթափ գետը ուժաթափուեցաւ։

 

«Անի քաղաք նստեր կու լայ

Չկայ ըսող   մի լար մի լար»

Հողէն երկինք լարեր լարած

Իշխաններու, հողագործներու,

Նախարարներու, ճարտարապետներու

Ճոխ ու հնչեղ կեանքերուն կորուստը մեղմ նուագեց։

 

Դարե՜ր անցան

Կայտռուն արեւը իր տարիքը առաւ.

Հայերը գիտէին որ Անի քաղաքը

Որուն առասպելը երբեք չսահեցաւ

միայնակ մնաց թշնամիին դիմաց,

Հողը գլուխը ծռած էր, բայց ոչ՝ խոնարհած

Քամիներով ոււ հրկիզուն ճառագայթներով շաղախուած

Պառկած էր։

Սակայն ամէն գիշեր վերէն աստղերը

Լոյս կուտային ու ջերմութիւն, յոյս կուտային, յուշապատում,

Բրդագանգուր գառնուկներրը հալած էին

Առաւօտները կարաւանի պէս դանդաղ դանդաղ կ՚երթային։

 

Բայց Արեւր մնաց

Բացաւ մատեանը եւ էջը դարձուց։

Շարան շարան հասան ժառանգորդները

Եղերնալուր քաղաքին,

Թագերն ու ոսկիները խառնուած էին հողի գիրկին,

Վիհեր կային բաց աչքերով

Ջուրեր կային անձայն երգով.

Հոգի՛ դարձած մարդիկ եկան

Չոր լացի լաթերու մէջ փաթթուած,

Բազմաթիւ խորածածկ տուներ կային

արգանդը դատարկուած

կոպերը  քակուած։

 

Հոգետարածք էր ու հոգետուն էր,

Հետզհետէ եղանակը եղանակներուն՝ կեանքի նշան էր

Մայր տաճարը՝ ուխտաւորին սեղմեց կուրծքին,

Գմբեթը վիրաւոր էր

Բայց թեւերուն՝ ամուր բռնած հայու հոգին

Վեր բարձրացուց ու ցոյց տուաւ տիեզերքի արարիչին

Թէ ի՛նչ աղետ ալ պատահի,

Ի՛նչ Ճակատագիր ալ հարուածէ

Ըլլայ կեանքի խզում թէ այրիութիւն երկրի

Ամայութիւն բռնի թէ կործանում ներկայի՝

Իր զաւակները իր արիւնէն սերած

Իր կարօտով սնած

Պատմութեան խորհուրդը սրտացուցած

Ահա պիտի գան իր մօտ

Շարականներ խնկեն ու ակնածանք սփռեն։

Սպասելէ պարտասուն պառկած էր ան գետնին

Թեւերը պահեց բարձր ու ցոյց տուաւ Աստուծոյ

Թէ սերունդներ եկան օր մը երանաբաղձ

Համբուրեցին զինք ու խոկացին անձայն։

 

Գետը փռնգտաց

Վիհը աչքերը շփեց

Պարիսպը դռները բացաւ

Վերադարձաւ հայը իր պապերուն տունը

Մօրենական գիրկը։

 

Չփակուեցաւ գիրքը։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles