ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ՔԱՄԻՇԼԻԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ 30 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 48 Second

 

Կիրակի, Մարտ 10-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-դրամահաւաք մը Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ, աւելի քան 100 հոգի ներկայութեամբ։ Մայր Եկեղեցին եւ Քամիշլիի (Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջան) հայրենակիցներու յանձնախումբը կը հովանաւորէին ձեռնարկը, որուն նպատակն էր նիւթապէս աջակցիլ Քամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան։

Քամիշլիի հայութիւնը երբեք սեփական եկեղեցական շէնք ունեցած չէ, եւ ներկայ շէնքի շինարարութեան ծրագիրները ընդհատուած էին պատերազմի, բնական աղէտի եւ համավարակի պատճառով։ Այժմ, շինարարական ծրագիրներու վերսկսումը ապագան լաւատեսութեամբ եւ յոյսով դիմագրաւելու խորհրդանիշ մը կը հանդիսանայ Քամիշլիի հայ համայնքին համար, որուն մէկ քառորդը մանուկներ ու պատանիներ են։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի բարի գալուստի, եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն՝ Սեւան Պասմաճեանի բացման խօսքէն ետք, Մայր Եկեղեցւոյ դպրապետ՝ Անահիտ Զաքարեան, իրեն յատուկ արուեստի զգայնութեամբ «Բարի արագիլ» եւ «Կիլիկիա» երգերը մեկնաբանեց։

Այնուհետեւ, Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեան, նախապէս տեսագրուած խօսքով, իր ողջոյնն ու երախտապարտութիւնը յայտնեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ այս նախաձեռնութեան համար։

Խօսք առնելով, Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս Քամիշլիի համայնքի քրիստոնէական նուիրումն ու հայրենասիրութիւնը զինք մղած էին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ շինարարութեան օժանդակութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի առիթով բարեգործական ձեռնարկներուն մաս դարձնելու։ Ան կոչ ուղղեց Մայր Եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն իրենց բաժինը բերելու։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Քամիշլիի յանձնախումբին եւ կազմակերպիչներուն իրենց աշխատանքին համար։

Առաջնորդ Սրբազան Անուաշաւան Արք․ Դանիէլեան յիշեց Քամիշլի իր առաջին այցելութիւնը 55 տարի առաջ եւ շեշտեց, թէ քրիստոնէական մէկ համայնքին օժանդակութիւնը կարիքաւոր մէկ ուրիշին աստուածաշնչական ոգիի ամենէն հարազատ արտայայտութիւնն է։ Իր ձեռքը երկարելով Քամիշլիի համայնքին եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին ո՛չ միայն հետեւած է Պօղոս Առաքեալի հաստատած աւանդութեան՝ աշխարհի այլ կողմեր կարիքաւոր քրիստոնեաներու օգնութեան հասնելու, այլեւ հաւատարիմ մնացած է իր կոչումին իբրեւ «մայր» եկեղեցի, իր մայրական սէրը ո՛չ միայն հաղորդելով իր սեփական համայնքին, այլեւ կարիքաւոր այլ համայնքներու, ուր որ կը գտնուին անոնք հայաշխարհի մէջ։

Այս առիթով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Տէր Մեսրոպ յատուկ նուէր մը յանձնեցին Նուպար եւ Սեւան Պասմաճեաններուն, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն դրամահաւաքի իրագործման բերած իրենց անսակարկ աշխատանքին համար։

Դրամահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան եւ աճուրդ, որոնք եկամուտի յաւելեալ աղբիւր հանդիսացան, հանգանակութեան ընդհանուր արդիւնքը հասցնելով 30 հազար տոլարի։

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles