Վեհանոյշ Թեքեան
Երբ ակամայ լքես տունդ՝ ան կանգուն կը մնայ,
Դո՛ւն է որ կը փլիս.
Ան թափուր կը մնայ
Քու ներաշխարհդ խճաքարերով կը խճողուի.
Շունչդ բռնած՝ ծիծեռնակի քանիերորդ բոյնդ կը շինես
Բայց ա՛լ բանի մը վստահ չես։
Կորուստներդ քալէտոսքոփի պէս կը շրջախմբեն յիշատակներդ
Սեւ ու ճերմակը, խայտաբղէտը իրար կ՚անցընեն։
Սակայն գլխաւոր հարցումը կը սառի։ Գոյութենական է։
Հեղուկ հեղուկ պատասխաններ կ՚անցնին վրայէն
Ան սար կը մնայ.
Իսկ դուն՝ գոյատեւելու համար կը կառչիս
գիտցած ձեւերուդ։
Խեցապատեաններ երբ դնես ականջիդ
ծովուն մրմուռը կը հասցնեն,
ժամերով երբ քշես յոգնած-խոնջած հասնիս նահանգդ
հին նեղլիկ թաղերուդ տարածութեան չես կրնար հասնիլ,
երբ լռութիւնը լարուի ու լարուի
երկար ճամբորդութեան ընդմէջէն
կը հասնի թախիծը։
Այն օրերուն ինչե՜ր կ՚ըլլային
Անկողինները գետինը կը փռուէին
երբ թռվռալով մեծմամային տունը գիշերէինք.
Լուացքը տանիքը կը փռուէր
Չիվիտով սեղմուած թօթուըւած սաւանները՝ էն ծայրը,
անոնց առջեւ՝ հագուստեղէն
իսկ շապիկ շապընկեր կրծկալ՝ ամենէն ներքեւ.
Օ՜հ, կենսալի բոյր էր երբ չորնային։
Կէսօրուան արեւը հաւկիթի ճերմկուց էր,
Տարբեր համ ու հոտ ունէին
լոյսին հացը եւ մութին գինին։
Կը նկարուէր կապոյտ ծիծերով աղջիկը
մտածկոտ ու տխուր,
Ե՞րբ կոշտացան կակուղ ալիքները։
Որո՛ւ հոգը
Հռովմէական բերդերու եւ նախապատմական քարայրներու
գոյատեւման վստահութիւնը։
Ժամանակի գիտակցութիւնը չէր մրճահարուեր
երբ դէմ դիմաց՝ ապագայի մասին կը խօսէինք.
փայլո՛ւն աչքերով։
Գիրքերը ոչ թէ այցելու
այլ՝ ընտանեկան անդամներ էին,
Վարժարանները՝ բարեկամական միտքի շտեմարան։
Հաւատացած էինք, եւ այն ալ ինչպէ՜ս
Հայաստանը լուսեղէն տեսիլք էր,
Հին Աստուածները մշտաշունչ ու լուռ՝ մեր փլատակ
Արեւմտահայաստանի մէջ
կը խօսակցէին անցեալին եւ ապագային մասին
ամրոցներու դէմ դաւադրութիւններու մասին,
Նորօրեայ ուխտաւորներու յուզումը
պատմուճան էր իրենց։
Մեղուները արեւ կը թխմէին փեթակներու մէջ
Որովհետեւ բիւրեղ մեղրը իր պանդուխտ որդիին կը սպասէր։
Օդապարիկի վերածուած թռչուններ
Լիբանանի երկինքին վրայ,
Թռչուններ առագաստ դարձած
Միջերկրականի վրայ։
Կիներ սեւ արցունքներով
պատանքի վերածուած պատրանքներ կը հաւաքէին,
Սպիտակ պատմուճանով կիներ
արցունք ու համբոյր կը հաւաքէին։
Եւ կենսահիւթը սուրբ ջրամանին մէջ
ճակատդ յաւերժութեամբ կը կնքէր.
Շարան շարան նուէրներու փոխարէն
Հրեշտակներու երգեցողութիւնը կը լսէինք։
Այս առտու երբ նորահաս թռչուններ կ՚երգեն
Պարտէզիս երկարածին ծառերուն վրայ
կը յիշեմ որ Հոն՝
թռչունները երբեք չգաղթեցին։
Բ.
Իսկ հոս՝ մայրամուտին
երբ հովը կը թրթռացնէ ոսկի տերեւները
կը յիշեմ որ քիչ առաջ, ոսկի աշունը հազիւ սկսած
ամբողջ ժողովուրդ մը տեղահան եղաւ դարձեալ
իր հայրենական հողէն.
Կը յիշեմ նաեւ…
կը յիշեմ անդադրում…
որբացած տուները, կարօտի կրակը, ածխացած ծուխը,
պապակած պարտէզը, ձայնազրկուած օրերը,
նահատակուած նահապետները, անշարժացած օրօրոցները,
համրացած փողոցներն ու աչազուրկ շէնքերը,
Ժողովուրդ մը որ ծիծեռնակ չէ այլեւս
իր տունը, դպրոցը, եկեղեցին, գերեզմանները թողած,
անօթի ու պարտասուն, արտասուաթոր ու շփոթահար
սահմանին միւս կողմը թխմուեցաւ անկիւն մը,
տամուկ լոյսով
թախիծն ու յոյսը իրար շաղախած՝ իր օրերը շինելու։
Արցախի երկինքը սառած աչք է հիմա,
իսկ Ոգին հզօր՝ կը սպասէ օրուան
երբ պիտի իջնէ, կրակ ու հուր տեղայ
պիտի կսկծացնէ, պիտի ոչնչացնէ
Հայոց աստուածատուր Արցախը փետրատողները բոլո՜ր-
Հայը, օտարը, քրիստոնեան, մահմետականը։
Որովհետեւ
Արծուեբոյնը ազգի մը հոգիին մէջ արարուած
չի՜ քանդուիր երբեք։
Չծախուիր, չգնուիր, ուրիշ բանի չվերածուիր։
Կ՚անհետին սեւ ու ճերմակ եւ խաղտաբղէտ նկարները ,
ցնծերգներն ու սգերգները կը նուազին օրէ օր,
թշնամին կը լկտիանայ, կը հեռանայ դաշնակիցը,
բայց հոգիին Արծուեբոյնը
կը մնայ ոյժ հիածորուն ու կենսածիր։
Օ՜, հայրենիք արեգնածին։