Լրահոս

Բողոքի ցոյց Ուաշինկթընի Մէջ` Ի Յիշատակ Սումկայիթի Եւ Պաքուի Ջարդերուն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Կիրակի, Փետրուար 25-ին, Հայ Երիտասարդական Միութեան տեղւոյն «Անի» մասնաճիւղը բողոքի ցոյց կազմակերպեց` ի յիշատակ Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ կատարուած 1988-ի ջարդերուն։

Սումկայիթի հիւսիսային շրջանը, Կասպից ծովու ափին, Պաքուէն 30 քիլոմեթր հիւսիս, ունէր 224 հազար բնակչութիւն, որուն շուրջ 18 հազարը հայեր էին:

Հայերու դէմ ջարդերը սկսան Փետրուար 27-ի երեկոյեան եւ յաջորդ օր լայն ծաւալ ստացան:

Ջարդարարները, քանի մը տասնեակ հոգիէ բաղկացած խումբերու բաժնուած, ներխուժեցին նախապէս նշանառուած հայկական բնակարանները: Մարդիկ կը սպաննուէին իրենց տուներուն մէջ, կամ զանոնք դուրս` փողոց կամ բակ կը հանէին եւ հրապարակային ծաղր ու ծանակի ենթարկելէ իսկ կիներն ու աղջիկները բռնաբարելէ ետք կը սպաննէին:

Փետրուար 28-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումներ մտան Սումկայիթ, սակայն անոնք քաղաքը աստիճանաբար իրենց հսկողութեան տակ առին, քանի որ ուժ եւ զէնք գործադրելու հրաման չէին ստացած:

Հայերու սպանութիւնները կը շարունակուէին: Զօրքերու անտարբերութեան պատճառով ամբոխը յարձակեցաւ զինուորներուն վրայ, եւ 270 զինուորական տուժեց: Միայն Փետրուար 29-ի երեկոյեան բանակային ստորաբաժանումները վճռական գործողութիւններու դիմեցին եւ կասեցուցին հայերու դէմ ջարդերուն շարունակութիւնը:

Ուաշինկթընի Ցոյցը կատարուեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ։

Ցոյցին մասնակցողները կոչ յղեցին համայնքի բոլոր ներկայացուցիչներուն, քայլեր ձեռնարկել եւ աջակցիլ Ամերիկայի հայ դատի գրասենեակի կողմէ քաջալերուող ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի որոշումներուն։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button