Ահաբեկչութիւնը Միշտ Դատապարտելի Չէ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ահաբեկչութիւնը, երբ գործադրուեցաւ կուրօրէն կարգ մը խմբաւորումներու կողմէ ու խլեց անմեղ զոհերու պատկառելի թիւեր, սկսաւ ունենալ բացառաբար ժխտական իմաստ մը: 21 փետրուար 2024-ին, իր նահատակութենէն ութսուն տարի ետք Ֆրանսայի Պանթէոնը մուտք գործող Միսաք Մանուշեան ահաբեկիչ չէ՞ր: Անարդարութեան, ապօրինութեան, հալածանքի ու բռնատիրութեան դէմ պայքարը, ամբողջատիրական վարչակարգերու դէմ, ժողովրդավարական խաղաղ ու ընթացիկ միջոցներով չի կայանար: Գրաւման ենթակայ երկրի մը մէջ, գրաւող վարչակարգը կը գործադրէ բռնատիրական միջոցներ, կ՛արգիլէ ցոյցերն ու հաւաքները, կ՛արգիլէ բողոքի ամէն կարելիութիւն: Բռնութեան ենթարկուածներուն չի մնար ուրիշ միջոց իրենց օրինական բողոքը լսելի դարձնելու եւ անոնք կը դիմեն հակադարձ բռնութեան, այսինքն` ահաբեկչութեան: Նման պայմաններու տակ կիրարկուող ահաբեկչութիւնը կը դառնայ անհրաժեշտ ու օրինական: Անհրաժեշտ ու օրինական էր ուրեմն Միսաք Մանուշեանի կողմէ ղեկավարուող խումբին կիրարկած ահաբեկչութիւնը գերմանական գրաւման բանակին ու անկէ հովանաւորուած ֆրանսական վարչաձեւին դէմ:

Եթէ բռնի ամէն գործողութիւն, առանց զանազանութեան ժխտական ու դատապարտելի համարենք, մեր բոլոր ֆետայիները, բոլոր ահաբեկիչները, բոլոր ազատամարտիկները արգահատելի ու դատապարտելի հրէշներ պիտի համարուէին: Իր ազգի արդար իրաւունքին տիրացման համար պայքարող ամէն մարտիկ, ինքնազոհաբերումով պայքար մղող ամէն հերոս դատապարտանքի սիւնին պէտք է գամուէր:

Քաղաքական հակառակորդը, որ հարկադրուած է բռնի միջոցներով իր պայքարը տանիլ, համարել ահաբեկիչ ու այս անուանումին տալ դատապարտումի արժանի պիտակաւորում, ճշմարտութիւնը ծուռ հայելիի մէջ տեսնելու համազօր է:

22 եւ 23 յունուար 1982-ին, երբ Էքս-ան-Փրովանսի Արդարութեան պալատին մէջ կը կատարուէր Հայր Գլնճեանի դատավարութիւնը, վկաներու կարգին ներկայացաւ նաեւ Հանրի Նոկերը, Մարդու իրաւունքներու լիկայի նախագահը: Երբ նախագահող դատաւորը, ահաբեկչական գործողութիւններ յիշատակելէ ետք, հարց տուաւ, թէ Հանրի Նոկեր կը դատապարտէ՞ բռնութիւնը, վերջինս պատասխանեց. «Բռնութիւն ես անձամբ գործադրած եմ, իր ամէնէն ծայրայեղ ձեւով, կեանքիս որոշ շրջանի մը ընթացքին, եւ զիս, այս պատճառով, պատուած են շքանշաններով: Ես չեմ դատապարտեր բռնութիւնը իբրեւ բռնութիւն: Ես կը դատապարտեմ բռնութիւնը որոշ պարագաներու. ես հարկադրուեցայ Մարդու իրաւունքներու լիկայի Կեդրոնական վարչութեան ընդունիլ տալ որոշում մը, որ իրարմէ կը տարբերէ ժողովրդավարական կառոյցներով երկիրներու մէջ կիրարկուող բռնութիւնը, որ կրնայ ապակայունացնել այդ երկիրները, այն բռնութենէն, երբ անիկա օրինական հակազդեցութիւնն է մարդոց, որոնք, օրինակ` բռնատիրական կառոյցներով երկիրներու մէջ կ՛ուզեն պայքարիլ այդ երկիրներուն դէմ»:

Բռնութեան դէմ պաշտպանութիւնը, անարդարութեան դէմ ցասումը եւ օրինական պահանջատիրութիւնը երբ հարկադրաբար կ՛արտայայտուին ոչ խաղաղ միջոցներով, բնական հակազդեցութիւն են արդարութիւնն ու ճիշդը վերահաստատելու համար: Այդպէս եղաւ, վերջին ժամանակներուն, Արցախի ազատագրութեան համար պայքարի ելած ազատամարտիկներուն պարագային:

Երբ Ֆրանսայի ազատագրութեան համար զոհուած հայ հերոսը կը պանծացնենք, չմոռնանք Հայաստանի ու Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած մեր բիւրաւոր հերոսները:

Ֆրանսական պետութեան նախաձեռնած ու կազմակերպած հանդիսաւոր ու տպաւորիչ յարգանքը կը շոյէ մեր` հայերուս ինքնասիրութիւնը: Կրնան այս միջոցառման ետին պահուած քաղաքական կամ այլ հաշիւներ ըլլալ: Ատոնք չեն նսեմացներ միջոցառումը: Պէտք է գիտնանք սակայն, հանդիսաւորութենէն անդին, կատարուածը դարձնել Հայաստանին ու Արցախին գործնական ու իրաւ զօրակցութեան առիթ մը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles