Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան Առաջին Լիագումար

0 0
Read Time:1 Minute, 57 Second

2023-2025 տարեշրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան առաջին Լիագումարը տեղի ունեցաւ Յունուար 27-28, 2024-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գրասենեակին մէջ, Ուոթըրթաուն (Մասաչուսէց): Հետեւելով 46-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովի բանաձեւերուն եւ որոշումներուն, Շրջանային Վարչութիւնը մշակեց իր գործունէութեան տեսլականը:

Օրակարգը կ’ընդգրկէր շրջանի 12 Մասնաճիւղերուն եւ Միաւորներուն ներկայ կացութիւնը, յատկապէս անոնց մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւնները:

Ժողովը կեդրոնացաւ Շրջանիս 32-րդ Նաւասարդեան Խաղերուն վրայ, որ տեղի պիտի ունենան Փրովիտենս, յառաջիկայ Յուլիս 2024-ին: Վարչութիւնը վերաքննեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ամիսներու աշխատանքի մանրամասնութիւնները, յուսալով որ շուտով տեղեկութիւնները տեղադրեն հանրային հարթակներու եւ Նաւասարդեան Խաղերու կայքէջին (www.navasartianeusa.com) վրայ: Այս տարի, մարզիկներու արձանագրութիւնը պիտի ընդգրկէ նաեւ դաստիարակչական ծրագիր մը, ամրապնդելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան ընբռնումը մասնակցող մարզիչներուն եւ մարզիկներուն մօտ:

Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ 12-րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խաղերու մասնակցութիւնը։ Մրցումները տեղի պիտի ունենան 2025-ի ամրան, Հայաստանի մէջ եւ առ այդ նկատի առնուեցաւ մարզական փորձարկութիւնները եւ ճամբորդութիւնը կազմակերպելու ժամանակամիջոցը: Շրջանային Վարչութիւնը կ’աշխատի Շրջանային Մարզական Յանձնախումբին հետ, յառաջիկայ քանի մը տարիներու մարզական ծրագրի յաջողութեան համար:

Սկաուտական ծրագրի վերաբերեալ, Շրջանային Վարչութիւնը վերաքննեց Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի համար առաջարկուած թեկնածուներուն անունները, եւ վաւերացուց այն անդամները որոնք պատասխանատու պիտի ըլլան մեր շրջանի յաջորդ սերունդի սկաուտներու առաջնորդներուն: Այս շրջանի ծրագիրները կ’ընդգրկեն Շրջանային Բանակումները եւ սկաուտներու վերապահուած տարբեր բաժիններու սեմինարներ:  Խորհուրդը պատասխանատու է նաեւ 13-րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ճամպորիի նախնական պատրաստութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ 2026-ին Հայաստան: Շրջանային Վարչութիւնը որոշեց նաեւ յանձնախումբ մը կազմել, ուսումնասիրէ Շրջանային բանակավայր գտնելու կարելիութիւնը:

Շրջանային հանրային յարաբերութեան եւ արհեստագիտական տեղեկատուութեան յանձնախումբերը պատասխանատու են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծրագիրներն ու աշխատանքները հաղորդելու շրջանի մասնաճիւղերուն եւ հանրութեան: Ժողովի ընթացքին, Շրջանային Վարչութիւնը քննեց իւրաքանչիւր յանձնախումբի նպատակները, ինչպէս հանրային հարթակներու ուղեցոյցերը եւ թուայնացման ամբողջացումը:

Շրջանային Վարչութեան անդամները Պոսթըն մասնաճիւղի երդման արարողութեան ընթացքին

Շաբաթ օր, Շրջանային Վարչութեան անդամները ներկայ գտնուեցան Պոսթընի մասնաճիւղի սկաուտական երդման արարողութեան, որուն ընթացքին շատ մը գայլիկներ եւ արծուիկներ բարձրացան արի եւ արենոյշներու խումբերը, իսկ տարիքով մեծ սկաուտները ստացան նոր աստիճաններ եւ պատասխանատուութիւններ, ինչպէս նաեւ ամէն տարիքի սկաուտները երդում տուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական օրէնքները յարգելու եւ իրենք իրենց նուիրելու հայ ժողովուրդին:

Առաջին Լիագումարին նպատակը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յաջողութիւնն ու յաւելեալ գործունէութիւնը յառաջիկայ շրջանին: Շրջանային Վարչութեան փափաքն է այս յաջողութիւնը բաժնեկցելու Արեւելեան Շրջանի ներկայ եւ ապագայ անդամներուն հետ:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles