Արմենակ Եղիայեան
Ի մտի ունիմ… չարաշուք կարենալ բայը, որուն, անցնոշ երկու շաբաթներուն, յատկացուցի քանի մը յօդուած՝ կանխազգուշական ցանկերով, եւ որը, սակայն, անարգել կը շարունակէ իր «յաղթական» երթը. ամօթալի՜ երթը:
Ան է՛ր եւ կը մնա՛յ համազգային խարան մը արեւմտահայուն ճակատին:
Եւ միայն արեւմտահայը կրնար այսքան հպարտութեամբ ցուցադրել իր խարանը:
Կու տամ մեր ամբողջ պատմութիւնը աղարտող հարիւրաւոր օրինակներէն 40-ը ՝ իրենց սրբագրութեամբ:
* * *
- Գատըգիւղ չկրնալ երթալուն… համար (Արփիար Արփիարեան):
–երթալ չկրնալուն համար կամ երթալ չկարենալուն համար
- Կ’ուզէ զայն ջախջախել՝ կարենալ տօնելու համար… (Սիամանթօ, «Կովկաս»):
–տօնել կարենալու համար
- Մայրը մեռած է… առանց կարենալ սնուցանելու իր երախան (Երունդ Օտեան, «Ընկեր Բանջունի», նախաբան):
–սնուցանել կարենալու
- Ազատօրէն կարենալ խօսելու համար… (Ռուբէն Սեւակ):
–խօսիլ կարենալու համար
- Գիտե՞ս ցաւը որ կայ՝ գրել ուզածը չկարենալ գրելուն մէջ (Վահէ-Վահեան):
–գրել չկարենալուն
- Աղէտը չկարենալ կանխելուս համար զիս պիտի մեղադրէր (Արամ Հայկազ):
–կանխել չկարենալուս համար
- Ամբողջ ազգ մը կրնալ տեսնելու համար… (Յակոբ Օշական):
–տեսնել կրնալու կամ տեսնել կարենալու
- Պիտի տառապինք անոնց չկրնալ իջնալնուս (Յակոբ Օշական):
–իջնել չկրնալնուս կամ իջնել չկարենալնուս
- Մտիկ կ’ընէր՝ առանց կարենալ ձեռք մը երկարելու (Վահէ Օշական):
–ձեռք մը երկարել կարենալու
- Չունիմ բնագիրը՝ կարենալ լուծելու համար այս հանելուկը (Բենիամին Թաշեան):
–լուծել կարենալու
- Մարդոց մեծամասնութիւնը կը քնանայ կամ չկարենալ քնանալու տառապանքը կ’ապրի (Ռոպեր Հատտեճեան):
–քնանալ չկարենալու
- Ջուրերը, դիւրաւ անցք չկրնար գտնելուն, կը պտուտկին (Յակոբ Մնձուրի):
–գտնել չկրնալնուն կամ գտնել չկարենալնուն
- Փաստաբան չկրցող եղողները՝ վաճառական կ’ըլլան, նպարավաճառ չկրցող եղողները՝ մանրավաճառ կ’ըլլան, մանրավաճառ չկրցող եղողները քահանայ կ’ըլլան (Նշան Պեշիկթաշլեան):
–ըլլալ չկրցողները
- Իր ուսերուն վրայ առաւ՝ առանց թեւերուն մէջ կարենալ ամփոփելու (Գրիգոր Զոհրապ):
–ամփոփել կարենալու
15.Այդ գործը չկրցող հասկցող մէկ քանի հոգի հեղինակի համբաւ շինեցին (Գրիգոր Զոհրապ):
–հասկնալ չկրցող
16.Այնքան անարատօրէն չկարենալ ապրելուն կ’ափսոսար (Երուխան):
–ապրիլ չկարենալուն
- Համիտին այնչափ մեծ ճիգերով չկրցած փճացուցած հայ ազգը (Քասիմ):
–փճացնել չկրցած
- Ձեռքս ետ կը քաշեմ՝ առանց կարենալ ծածկելու զարմանքս (Անդրանիկ Ծառուկեան):
–ծածկել կարենալու
- Սրածուածներուն ցաւը չկարենալ մեր տրամաբանութեան հետ հաշտեցնելէ ետք… (Պօղոս Սնապեան):
–հաշտեցնել չկարենալէ ետք
- Ուրիշ մը չկարենալ սիրելու տառապանքը (Պօղոս Սնապեան):
–սիրել չկարենալու տառապանքը
- Իր պաշտելի հերոսները չկարենալ մեծարելու բռնութեան, ենթակայ մարդը չի կրնար (Պօղոս Սնապեան):
–մեծարել չկարենալու
- Ոտանաւոր չկարենալ հրատարակելու ցաւս ատով կը սփոփէի (Արշակ Չոպանեան):
–հրատարակել չկարենալու
- Յիշում է՝ առանց նշանակութիւնը կարողանալ որոշելու (Հրաչեայ Աճառեան):
–որոշել կարողանալու
- Ինք անձամբ չկարենալ մեկնելով՝ իր պատուիրակները նշանակած է (Յակոբ Սիրունի):
–մեկնիլ չկարենալով
- Չկարենալ ապրելու եւ չկարենալ մեռնելու պէս բան մը ուրեմն (Եդուարդ Պոյաճեան):
–ապրիլ չկարենալու եւ մեռնիլ չկարենալու
- Բանաստեղծը կը մնայ իր ցաւին հետ հաշտ ու իր չկարենալ հասնելու ճակատագրին գիտակ սիրահարը… Կեանքը չկարենալ ապրելու հրայրքին կը հակադրէ…» (Մինաս Թէօլէօլեան):
–հասնիլ չկարենալու… ապրիլ չկարենալու
27.Շատեր կը նայէին աւերածութեան վրայ՝ առանց կարենալ որոշելու… (Արամ Հայկազ):
–որոշել կարենալու
- Որչափ պիտի սպասենք նոր Զոհրապ մը կարենալ ողջունելու համար (Վազգէն Այգունի):
–ողջունել կարենալու համար
- Հետագային կարենալ ըմբռնելի կերպով ընդունելու համար՝ յաջորդական բոլոր ժայթքերը (Գրիգոր Շահինեան):
–ընդունիլ կարենալու համար
- Լայն պիտի բանալ կարկինը՝ կարենալ մօտենալու համար ճշմարտութեան (Երուանդ Քասունի):
–մօտենալ կարենալու համար
- Ամեն մարդ վազքի մէջ է… կարենալ ձեռք բերելու համար անթացուպ մը (Երուանդ Քասունի):
–ձեռք բերել կարենալու
32.Անթիքա… աղջիկը չկարենալ փրկելուն մեղքը կ’ողբայ (Գրիգոր Պըլտեան):
–փրկել չկարենալուն
- [Ն. Աղբալեան] կը խօսի… զայն չկարենալ իրագործելու վախէն (ԳրիգորՊըլտեան):
–իրագործել չկարենալու
- Վկայութիւնը կը տառապի հիմնական մեղքէն չկարենալ պարագրկելու… ամբողջութիւնը(Գրիգոր Պըլտեան):
–պարագրկել չկարենալու
- Վտանգը կը սպառնայ անգամ մը եւս չկարենալ գաղտնիքը պահելու (Գրիգոր Պըլտեան):
–պահել չկարենալու
- «Ամեն ինչ կարենալ բացատրելու համար» (Շահան Շահնուր):
–բացատրել կարենալու
- [Գրագիրը] ձախողանք մը կը նկատէր այս պարագային օգտակար չկրնար ըլլալը» (ԵՕ):
–ըլլալ չկարենալը
- Իրենց չկրցած հասկցուցածը հասկցնողը… (Կարո Սասունի):
–հասկցնել չկրցածը
- Այս չկարենալ ընելու համար, ազգը արտաքին թշնամիի պէտք չունի (Յակոբ Պալեան):
–ընել չկարենալու համար
- Մեր կեանքին մէջ կուտակուող խաւարը կարենալ փարատելու համար(«Ազդակ»):
— փարատել կարենալու համար
* * *
Այս տխուր, այլեւ ամօթաբեր կացութեան առաջքը առնել պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւրիս մտասեւեռումներէն մէկը: Առ այդ թելադրելի է, որ ներկայ ցուցակը մուտք գործէ ու տեսանելի տեղ մը գրաւէ մեր բոլոր խմբագրատուներուն, դպրոցներուն, գրասենեակներուն եւ տուներուն մէջ:
Իմ կողմէս՝ օրը-օրին պիտի ջանամ տեղեակ պահել ընթերցողներս իւրաքանչիւր օրինազանցութեան, որ կը գործուի յընթացս:
Եւ շնորհակալութիւն: