ԳլխաւորՅօդուածներ

ՏԱՒՈՒՇԸ  ՅԱՆՈՒՆ  ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ

Վեհանոյշ  Թեքեան

Մայիս 19, 2024

 

Անհատնում կորուստներու եւ դաւերու մէջ թաթխուած՝ անձկառոյց կը սպասէինք հրաշքի մը։ Ելքի՛ մը, ուր ներկայ իշխանութեան՝ ժողովուրդը բաժնելու «սեւի ու ճերմակի», յուսալքելու, նսեմացնելու, տկարացելու բանակը, պարարտացնելու իրենց սեփական ստացուածքները, առանց խղճահարութեան ուրանալու մեր ցեղասպանութիւնը. ու տակաւին յոռեգոյնը՝ բանալու անցքեր մեր թշնամիին դիմաց, մեր պապենական հողերն ու գանձերը դիւրութեամբ յանձնելու «հարեւան»-ի արիւնարբու երախին, մենք պիտի կասեցնէի՛նք անոր յառաջխաղացքը։ Վիժեցնէի՛նք խաւարի մէջ խլրտացող իրենց ծրագիրները։

Եւ հասաւ աստուածառաք հոգեւորական մը, յանձինս Բագրատ Արք. Գալստանեանի, Տաւուշի հոգեւոր Առաջնորդ, «Տաւուշը յանուն Հայաստան»-ի ընտրած իբրեւ մեկնակէտ։  Տպաւորիչ,  երեք համալսարանական տիտղոսներու տիրացած,  հովուական, տեսչական, դաստիարակչական յանձնառութիւններով յագեցած կեանք մը։ Առաւելութիւն է, որ իբր Գանատայի թեմի տասնամեայ հոգեւոր Առաջնորդ Սփիւռքը ճանչցած է մասամբ։ Բագրատ Արք. Գալստանեան՝ առաջնորդի փոխանձելու ու ոգեւորելու կարողութիւններով օժտուած՝ Աստուծոյ օծեալը։

Ան իջաւ լեռներէն մատուցանելու Ամենակարողին պատգամը։ Ճշմարիտ առաքեալի անհատնում նուիրումով, գիտութեամբ ու ջերմագոյն մարդասիրութեամբ իւրաքանչիւր մտատանջ ու տառապող հայու նկատմամբ, ժողովուրդը կը նկատէ իբրեւ մէկ ամբողջական միաւոր։ Չի վարանիր անվախօրէն յանդիմանելու յանցագործները։  Կը դարմանէ, կը վերականգնէ մեր ժողովուրդին հաւատքն ու յոյսը, արժանապատուութիւնն ու պայքարելու զօրութիւնը, ցոյց կու տայ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ուղին։

Տասնութ օր առաջ իր սկսած երթի ու յստակ ծրագրումի իբրեւ հետեւանք, ահաւասիկ ամբողջ ժողովուրդ մը հրապարակ իջած է յոյսի ջահեր հոգիին մէջ «Հայ – Հայաստան – հայրենիք – ու Աստուած» բարձրաձայնելով։ «եւ այսպէս շարունակ», ինչպէս Սրբազանը կ՚եզրակացնէ յաճախ, «միասնական ոյժով» պիտի ջնջենք Չարիքը – սուտն ու բազմախաւ մեղքերը՝ մեր երկրէն։ Պիտի վերստեղծուի մեր նախահայրերուն հաւատացեա՛լ հայրենիքը։

Վերջապէ՜ս, ակներեւ է արդէն որ վերազարթնում կ՚ապրի հայ ժողովուրդը։ Հոգեւոր սնունդ եւ ապաստանարան պիտի ըլլայ մեր սուրբ ու վիրաւոր հայրենիքը։ Ու թերեւս այն ատեն հանգստանան հոգիները մեր ապարդիւն զոհուած հազարաւոր նահատակներուն։

Մենք՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ պէտք չէ սպասենք «տեսնենք ի՛նչ պիտի ըլլայ»ի ձեռնածալութեամբ։ Լինել-չլինելու վիճակին մատնուած ենք, ալ ինչի՛ կը սպասենք։

Աղօթենք որ կատարուի՛ ինչ որ անհրաժեշտ է , թող մութ ոյժեր չկարենան խանգարել արեգնառաք ճառագայթները, թող անճռկի՛ն  թաթերը յափշտակիցներու։

Պայքարինք Բարին ու յաւերժականը հաստատելու։

Առանց ծրագրուած պայքարի չկայ յաղթանակ։

Առանց յաղթանակի չկայ արդարութիւն։

Առանց արդարութեան չկայ ազատագրում։

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button