Գէորգ Պետիկեան
bedig43@aol.com
Չեմ փորձեր չքմեղանքի սովորական մարզանքներով բանալ տողերս: Գիտեմ: Արդէն ըսելիքներս ու գրելիքներս ուշ ալ են: Արդէն նոյնիսկ ուշացած ալ եմ: Միտքս պարզեմ:
Անցեալ Յունուար 27-ին, 85 տարեկան դարձաւ մեր մեծանուն երաժշտագէտ՝ Տիգրան Մանսուրեանը: Հաւատացէ՛ք, ազգովին եւ անհատապէս՝ չենք մոռցած զինք: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ նման հանճար մը:
Իմ կարգիս, ինծի համար յարգելի պայմաններ, արգելք հանդիսացած էին, որ օրին չկարողանայի կրկին անգամ հրապարակել եւ արժանավայել կերպով արտայայտել յարգանքս, զգացումներս, գնահատականներս ու մանաւանդ հիացմունքս՝ այս ՄԵԾ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ:
Բայց… ինչպէս որ կ’ըսեն,- «Աւել լաւ է ուշ՝ քան երբե՛ք»:
Նախ յիշեցնենք, որ արուեստներու մէջ երաժշտութիւնը, ժողովուրդներու եւ ազգերու քաղաքակրթութեան, հասունութեան եւ մակարդակի ցուցանիշն ու չափանիշը ըլլալով հանդերձ, նաեւ յատկանշական է իր ունեցած տպաւորիչ ազդեցութեամբ՝ մարդոց սրտերուն վրայ։
Աւելին, երգն ու երաժշտութիւնը, երկուքն ալ անմասն բաժիններն եղած են ստեղծագործող ժողովուրդի մը մշակոյթին։
Իսկ գալով մեզի, մեր հայ երգին ու երաժշտութեան, ըսենք որ եթէ «ասոնք» մեր ժողովուրդին համար նախապէս մէկական «ապաստաններ» էին, նաեւ էին մեր ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութիւնը շաղկապող լծակներ ալ:
Ազգային առումով, եթէ հայ երաժշտութիւնը մեր ժողովուրդի ինքնատիպ արտայայտութիւններէն մէկն էր եղած, բայց եւ այնպէս ան նաեւ դարձած էր անոր գեղարուեստական մտածողութեան յստակ հայելին։
Ուստի, մեզի համար հայ երաժշտութիւնը, մեր ազգային հպարտութեան եւ հարստութեան ամէնէն ամուր կռուաններէն մէկն է։ Հոն է, որ մենք կը հանդիպինք մեր դարաւոր ապրումներուն, տագնապներուն, իտէալներուն, երազներուն եւ յոյսերուն: Մէկ խօսքով, մեր գոյատեւման հաճելի ու դրական միջոց- դպրոցն ու դարբնոցը՝ եթէ կ՚ուզէք։ Մեր լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ կրօնի կողքին, նաեւ մեր ազգային ամէնէն հիմնական եւ հաստատուն հիմնաքարերէն մէկը։
Սակայն՝ինչո՞ւ այս նախաբանը եւ մանաւանդ՝ ո՞վ է այս հայ հանճարը։ Ներկայացնեմ։ Տիգրան Մանսուրեան.- Պէյրութ (Լիբանան) ծնած (1939) հայրենադարձերէն է, սակայն իր մանկութիւնը սնանած է հայրենի Շիրակի դաշտին մէջ, Մանդաշէ ձորի եզրին։ Իր մեծ հայրն ալ եղած էր երաժիշտ։
Ինք, շատ յաճախ խօսելով երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին, հետեւեալը կը յիշեցնէ, թէ.-
«Երաժշտութիւնը զուարճանք չէ եւ ոչ ալ բեմ հանելու եւ գրաւիչ դառնալու արդիական դրսեւերում մը, այլ՝ մի ուրիշ կերպ։ Իսկ մշակոյթը գեղեցիկ միջոց՝ որուն շնորհիւ ժողովուրդը իրար կը կապուի։ Եւ մի մոռացէ՛ք, հայ երաժշտութեան մէջ միշտ գտնում ես հայկական զգացում»։
Մանսուրեան, ամբողջ իր կեանքի ընթացքին, իր բոլոր ստեղծագործութիւններով, միշտ աշխատած է հայ երաժշտութիւնը, յատկապէս օտարներուն դիմաց, պահել իր արժանի պատուանդանին վրայ։
Ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ վկայութիւն, եւ առ ի գնահատանք հպարտօրէն կրնանք նշել նաեւ հետեւեալ ճշմարտութիւնները.-
-Եթէ անմահն Կոմիտաս, մեր այս հանճար վարդապետը, մեր մշակոյթէն ներս դարձակէտ մը եղաւ.
-Եթէ Արամ Խաչատուրեան, մեր երաժշտութեան «անապատին» մէջ, ինչպէս մեծերը ըսած են, հայկական նոր դպրոց մը ստեղծեց.
-Ապա եւ հաստատօրէն Տիգրան Մանսուրեան, իր բազմազան ստեղծագործութիւն-ներով, հայ երաժշտութեան բերաւ նոր ճաշակ, իմաստ եւ նոյնքան ալ որակ։
Իսկ այժմ՝ ամէն առիթով եւ բարձրաձայն կրկնած ենք, թէ երախտագիտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող ազնիւ տարրերէն մէկն է, իսկ արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը՝ յատուկ եւ օրինակելի բարեմասնութիւններ։
Անկասկած` զանազան եւ բազմազան հայ եւ օտար տիտղոսներու, պարգեւներու եւ շքանշաններու տիրացած եւ արժանացած այս հայ մեծանուն անժխտելի երաժշտագէտ՝ Տիգրան Մանսուրեանը, արդի հայ երաժշտութեան մէջ դարձած է եզակի դէմք մը, համաշխարհային դէմք մը ըլլալով հանդերձ:
Համբուրելի է նման հայուն ճակատը, որ կ՚ապրի, կը շնչէ եւ նաեւ կ’երազէ միայն ու միայն իր ժողովուրդի դարաւոր երաժշտութիւնը մաքուր եւ անբիծ պահելու, բար-գաւաճ դարձնելու եւ յաւերժ ու բարձր պահելու ձգտումով։
Ու կրկնելու գինով յիշեցնեմ, որ ան ազգային եւ մշակութային գետնի վրայ, երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ մեծ արուեստագէտ մըն է եւ իր ծննդեան 85-ամեակին՝ մենք ալ մեր կարգին կու գանք ձայնակցիլ հազարաւոր հայ թէ օտար մշակութասէր, երաժշտասէր եւ երաժշտագէտ գնահատողներու հետ եւ կողքին, մաղթելով առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ ստեղծագործ աշխատանք։
Արդ, յարգելի մեծանուն՝ Տիգրան Մանսուրեան (թէեւ քիչ մը ուշ).-
Դո՛ւք, եւ անկասկած, համայն աշխարհի տարածքին, հայ երաժշտութեան մեծ, փայլուն ե՛ւ պատուաւոր այցեքարտն էք։
Պատիւ ձեզի։
Դո՛ւք, արժանի էք մեր բոլորի անկեղծ, անհուն եւ անսահման յարգանքին։
Ձեր վարձքը կատար։ Ողջ ու առողջ մնաք:
Ծնունդդ շնորհաւոր, Յարգելի՛ս։