ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԼՈՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

    Ա.Ա.

     Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով՝ կ՛արժէ  ուշադրութեան առարկայ դարձնել Արցախի իրավիճակը, ուր ներկայիս իրատեսական ոչինչ կ՛երեւի հորիզոնին վրայ, թէ Արցախ հայրենիքը մօտիկ ապագային պիտի թօթափէ ատրպէյճանական լուծը՝ արցախցիներուն բնօրրան վերադարձին համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելով։

    Ռուսիա, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կազմած են այն ճակատը, որ կը պայքարի արդարութեան դէմ՝ Արցախի բռնակցմամբ եւ արցախահայութեան բռնագաղթմամբ։Խորքին մէջ խնդիրը վերածուած է միջազգային խաղադաշտի մը, ուր Հայաստան տկար խաղաքարտ ունեցող կողմն է։ Երեւան կորսնցուցած է իր լծակները եւ ազդեցութեան տուեալները ու ենթակայ է միջազգային ուժերու խոստումներով լեցուն այնպիսի իրավիճակի մը, ուր Արցախեան երկրորդ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ատրպէյճան խաղը իր պայմաններով յառաջ կը տանի՝ միշտ ունենալով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ անվերապահ ու ամբողջական նեցուկը։

    Հայաստան կատարած է իր ընտրութիւնը։ Երեւանի համար ներկայիս Արեւմուտքն է այն ուժը, որ պիտի յաջողի զսպել Ատրպէյճանը։Ասիկա իրականացնելու համար՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն ունին պահանջներ Երեւանի իշխանութիւններէն, թէ յատկապէս կողքին չեն Ռուսիոյ՝ Ուքրայինայի պատերազմին պարագային։Ասիկա միայն մէկն է այն պահանջներէն, որոնց շարքին են Իրանի հետ յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ հետ խնդիրներու եւ տարակարծութիւններու վերացումը, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը՝ Արցախը գործնապէս Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելով եւ անկէ հրաժարելով։

    Արցախեան շարժման 36-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշեց պաշտօնական խօսք չհրապարակել եւ այս դիրքորոշումը առաւել յստակ կերպով ցոյց տուաւ, թէ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական խմբակին կեցուածքներն ու դիրքորոշումները ինչպիսի փոփոխութիւններ կրած են։ Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ լուսարձակի տակ բերենք Փաշինեանի իշխանութեան վեց տարիներուն ընթացքին Արցախեան շարժման նշման օրուան առիթով հրապարակուած խօսքերը եւ անոնց բովանդակութիւնը։ Քաղաքականութեան եւ արեւելումի փոփոխութիւնները այնքան յստակ են, որ զարմանալի չի թուիր այս տարուան որդեգրուած կեցուածքը՝ Արցախեան շարժման երեսուն վեց ամեակին առիթով պաշտօնական ուղերձ չհրապարակելու վերաբերեալ։

    2019-ին՝ իշխանութեան հասնելէ տարի մը ետք, Արցախեան շարժման օրուան առիթով Փաշինեան իր ուղերձը կը փակէր «Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Հայաստանը» նախադասութեամբ։ Ան կը հաւատար Արցախի ազատութեան կարելիութեան եւ կը շեշտէր, որ «ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը եւ ժողովրդավարական ազատութիւնները, ինչպէս 1988ին, այսօր եւս կը մնան նպատակակէտեր»։

    2021-ին՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմէն երեք ամիս ետք Փաշինեան իր խօսքին մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնէր յառաջ ընթանալու ազգային իղձերու եւ երազներու իրականացման ուղիէն։ Տարի մը ետք՝ 2022-ին, Փաշինեան նշեց Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ խօսեցաւ խաղաղութեան դարաշրջանի բացման մասին՝ զայն համարելով արցախցիներու իրաւունքներու միջազգային ճանաչման երաշխիքը։

    2023-ին վարչապետ Փաշինեան ղարաբաղեան շարժումը համարեց «մեր պետականութեան վերականգնման առաջին քայլը», մինչ քանի մը ամիս ետք ան սկսաւ ակնարկել ոչ թէ իղձերու եւ փափաքներու, այլ «փոշիացած աղբիւրներու մասին», թէ Հայաստանի աղբիւրները ծախսուած են Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն ստեղծելու համար, «խնդիր մը, որ սկիզբէն միջազգային ընտանիքին կողմէ կանխարգիլուած էր»։«Հայաստանի հանրապետութեան պետական շահերը մեզ պէտք է առաջնորդեն», կ՛ընդգծէր ան։

    Այս տարի Փաշինեան՝ առաջնորդուելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան պարտադրած իրավիճակէն, նախընտրեց եւ որոշեց պաշտօնական խօսք չհրապարակել Արցախեան շարժման երեսուն վեց ամեակին առիթով՝ ընթացք տալով շարժումը պետական մակարդակի վրայ մոռացութեան տալու ուղեգիծի մը, որուն դրսեւորումները չափազանց ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ Հայաստանի պետութեան եւ հայութեան համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles