ԴԱՐԵՐԸ Կ’ԱՆՑՆԻՆ, ՉԵՆՔ ԼՍԱԾ  ԵՒ ՉԵՆՔ ԼՍԵՐ ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 19 Second

Յ. Պալեան 

                        Եթէ լսած ըլլայինք Հայու Հոգին, ազգը հասած չէր ըլլար  այն փակուղին ուր ան կը գտնուի այսօր: Այդ Հոգին խօսած է եւ կը խօսի արդէն երեք դարեր: Իմաստունի լապտերը առէք եւ ման եկէք «Ամէն տեղ հայ կայ»ով առաջնորդուելով՝ լսող փնռելու համար: Ամէն տեղ իջեւանած հայերը խցուած ականջներով տիեզերական ճամբորդներ են, իւրաքանչիւրը առանձին կայք կը փնտռէ, որպէսզի իր վրանը զարնէ: Յաճախ կը մտածեմ, որ վաչկատունի ախտ ունինք: Հայրենիքէ հեռացած ենք, մեզ հեռացուցած անկէ: Բայց մեզի հետ ամէն տեղ տարած ենք Մեծատուն եւ Նախարար, , Կամսարական, Բագրատունի, կամ այդպէս բաներ ըլլալու յաւակնութիւնները: Պարոնեան ըսած էր Ջոջեր, հիմա ունինք, զանազան բնոյթի էսթէպլիշմընթներ, որոնք տեւաբար զիրար կը հրմշտկեն: Անհանդուրժողութիւն, կոտորակումներ եւ պայքար՝ փրկելու համար ազգը, որ չի փրկուիր:

             Բացականերով եւ պառակտումներով հայրենիք չի պահուիր: Բացականերու հայրենիք չկայ, անմիտ խօսք է ըսել՝ պատմական: Այսօր ՀայրենիքԱրցախը հայ բնակիչ չունի: Եթէ ներկայ կացութիւնը շարունակուի, օր մը պիտի ըսուի ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽ, ինչպէս որ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ հայաշխարհը կոչած ենք ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

            Պէտք է մտածել ՀՈՂԱԿՏՈՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ վաղուան մասին, առանց կարծիքներ բազմապատկելու, զիրար մերժելու՝ որպէսզի իրաւունքներ ինքնաշնորհենք:            Իրատեսը յոռեգոյնի գուշակ չէ:

            Ազգի կացութիւնը տարբեր կըլլար, եթէ լսած ըլլայինք ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ:

            ԵՍ, ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ, ՓԱՌԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ ցանցած են մեզ, երէկ, կը ցանցեն այսօր: Փոխանակ ուռկանէն դուրս թռելու, թփռտացող ձկնիկներու գոհունակութեամբ կը կարծենք որ կանք: Կը թփռտանք՝ շնչահատ ըլլալէ առաջ:

            Հանրապետութիւն եւ ինքզինք բազմապատկող սփիւռք,  լսա՞ծ ենք, կանսա՞նք, կիմանա՞նք, ինչ որ կայ գիրքերու դեղնած էջերուն վրայ: Հոն կայ  Ազգաշէն իմաստութիւն: Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ո՞ւր եւ քանի՞ հոգի կը տրոփեն Օսմանի տիրապետութեան տակ ապրած եւ կարօտներ ունեցող երեք դար առաջ ապրած բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի հետ: Ամէն անգամ որ կընթերցեմ կարապի երգի նմանող «Եղբայր ենք մեք»ը,  հասկնալ՝ «մենք»…, կարգահատիմ մեր վրայ:

            Ի խորոց սրտի, պարզ խօսքով ի՞նչ ըսած է բանաստեղծը.

Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք,
Որ մըրըրկաւ էինք զատուած.
Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ
Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն.
Քան զանձկալի Եղբայր անուն…

            Համեստ բանաստեղծը ո՛չ Սորպոնի եւ ո՛չ ալ Պըրքլիի քովէն անցած էր, «իզմ»ով եւ«իստ»ով խօսիլ չէր սորված: Բայց հասկցած էր՝որ մրրիկները մեզ հեռացուցած էին իրարմէ:

            Կ’ըսէ… ոխ, չարանենգ

          Օսմանի եւ այլոց ուղղակի եւ անուղղակի տիրապետութեան տակ, առանց միացումով տոկալու եւ տեւելու, անձնատուր եղած ենք, եւ ենք, պայքարներու: Երէկ  ան պատրիարքական ընտրութիւն էր, պատերազմ՝ իրարու դէմ, կաթողիկոսական աթոռ գրաւելու համար սկուտեղի վրայ ոսկի տուած ենք օտարին, «հակաթոռ» ստեղծած ենք, պառակտուած ենք եւ հեղինակազրկած ենք անոնք որոնք ազգ պիտի առաջնորդէին: Ախտ՝ որ կը շարունակուի: Բանաստեղծի «զանձկալի» եղբայրները չէինք եղած: Չենք այսօր: Ինչո՞ւ մեղադրել բացայայտ կամ քաղաքակիրթի դիմակով թշնամիները:

            Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերուն, «Կոմունիստ» թերթին մէջ հայը կը գրէր, որ «յեղափոխութիւնը» չէր յաջողեր, եթէ «հայ բուրժուայի արիւնը չհոսէր» : Ցեղասպանութենէ ճողոպրածներու գաղթականութիւն սփիւռքն ալ անմասն չմնաց,  «մըրըրկաւ» անհայրենիք» դարձածներ իրարու դէմ ճակատ յարդարեցին: Միամիտ բանաստեղծը միայն կրնար հաւատալ «եղբայր ենք մեք»ի, երազին: Ամբոխացածները չեն հաւատար երազի:

            Դար անցաւ, նոյն երակէն եկաւ ուրիշ պատգամախօս բանաստեղծ մը, որ յայտարարեց. «Ո՛վ հայ ողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», հաւաքական, ինչպէս՝«եղբայր ենք մեք»ը: Խօսքեր, խօսքեր: Ինչպէս Շէքսփիրի «բառեր, բառեր»ը, words, wordsԱնարձագանգ մնացող կանչեր:

            Կրկին դար անցաւ եւ եկաւ մեր անփառունակ իրականութեան անհաճոյակատար վկայ ուրիշ բանաստեղծ մը, որ աւելի առարկայական իմաստութեամբ քան մեծանուն գիտնականները, ախտաճանաչում ըրաւ, բայց դատապարտուած հիւանդները չեն հաւատար ճշմարտութեան: Ան ըսաւ.

«Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել,
Եւ… արքայ է ամեն մի հայ.
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպայ է ամէն մի հայ…» …

Այդպէս խօսեցաւ Գէորգ Էմին

                        Խօսեցան Պէշիկթաշլեան, Չարենց, Էմին, երեք դար

            Հայ ազգայինքաղաքական կեանքը օդէն կախուած բեմ է, ուր կը խաղցուի ամէնքը ամէնքի դէմ թատրոնը, զոր ֆրանսացի բարքերու մեծ կատակերգակ Մոլիէրն անգամ չէր կրնար երեւակայել: Եղած է Լուդովիկոս ԺԴ թագաւորը, որ ոսկիներով յատկացում ըրած է, որպէսզի Մոլիէր շարունակէ նշաւակել ընկերային ախտաւոր բարքերը:

            Ո՛չ թագաւոր ունինք, ո՛չ Մոլիէր: Ունեցած ենք քաղցած մեռած «Ազգային Ջոջեր»ը նշաւակող Պարոնեան:

            Եւ կը մնանք «սպայ է ամէն մի հայ»ի ժողովուրդ:

            Յառաջադէմ երկիրներու մէջ սովորութիւն է վիճակագրութիւններ կազմել:

 Ունի՞նք վիճակագրութիւն մը, գիտնալու համար թէ քանի՞ կուսակցութիւն(ներ) ունինք, ի՞նչ է անոնց անդամներու թիւը, անոնց հետեւորդներու ոչերեւակայական թիւը, Հայաստան եւ սփիւռք, առանձին եւ միասնաբար, կը պարզուի՞ թէ ի՞նչ ըրած են եւ կ’ընեն:

            Եւ միշտ հարց տալ, թէ՝ ինչո՞ւ չենք յաջողիր, ինչո՞ւ կը պարտուինք:

            Եթէ այս հարցնէր ՀԱՅը ինքնիրեն, հայերը հարցնէին իրարու, որպէս ազգ, պետութիւն, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, եկեղեցիներ, ամէն բնոյթի մեծ ու պզտիկ, նաեւ՝ մանր «ղեկավարներ,  միշտ յոգնակի, ողջախոհ կը դառնայինք, կրկներեւոյթները իրականութիւն չէինք համարեր, Շաւարշ Նարդունիի սիրած ֆրանսական խօսքին կը հետեւէինքկատուին կատու» կըսէինք եւ կը գիտնայինք՝ թէ ո՞ւր պէտք է երթալ, ո՞ւր կ’երթանք, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, առանձի՞ն, միասի՞ն…

            Գիտնալ սեղանը շրջել, tabula rasa ընել, եւ առանց հաճոյակատարութեան եւ կանխակալ միտքերու եւ եսերու ճապկումներու,  եւ հասկնալ, իմանալ: Ապա միայն՝ կողմնորոշուիլ եւ գործել, նախաձեռնել: Եւ աշխատանք պայծառամտութեամբ դատել՝ ըստ արդիւնքի:

            Նաեւ ինքնաճանաչման փորձ ընելինչ կը վերաբերի անհատական, հաւաքական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, գիտական, կազմակերպական եւ իմացական կեանքին: Այս ճիգը պէտք է ընել ինքզինք եւ հանրութիւնը ազատագրելու համար կեղծէն եւ ընկալեալ սովորութիւններու հեղձուցիչ ամլացումէն:

            Պարտուածի եւ գաղթականի ախտաւոր արմատացած հոգեբանութեան մէջ ենք: Եթէ բնական վիճակի մէջ ապրած եւ ապրող մարդ եւ ազգ  ըլլայինք, մեր մտածելու եւ զգալու ձեւերը, դատումները տարբեր կըլլային, զեղծուած չէին ըլլար: Պարտուածը յաղթանակ կերազէ, գաղթականը ապահովութիւն կերազէ, տիրապետուածը իշխանութիւն կերազէ, թշնամիին դէմ անզօրը՝ ճակատ կը յարդարէ ներքին թշնամիին դէմ, իւրայիններուն դէմ, անկարող ըլլալով ճակատելու արտաքին թշնամիին դէմ, եթէ չգոհանայ երեւակայական հողմաղացներու դէմ կռուող Տոն Քիշոթի դերով:

            Դոն Քիշոթներ, Գէորգ Էմինի «սպայ է ամէն մի հայ»երը, որոնք հնաւանդ սովորութեամբ, թշանմիի եւ  իրարու դէմ Անդրանիկ Ծառուկեանի «թղթէ կապարճներ» կը պարպեն: Եթէ իրատես եւ քաջ ըլլանք, հարց կու տանք, թէ մինչեւ ե՞րբ կրնանք շարունակել այդպէս զուարճանալ, լուռ համախոհութեամբ:

            Եւ անձնատուր կըլլանք ԵՍի հանդէսներու. խօսափող, բեմեր, չենք վարանիր ուրիշներու խօսքով եւ գրիչով աղմկելու, հիմա կըսեն՝ք «շաու» ընելու, show, ազգի հիմնական պահանջներու ծառայելու կոչուած յանդգնութիւնները դիմաւորելու բանգիտութեամբ վճիռ արձակելով, ըսելով որ անոնք «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած են»: Որ կը նշանակէ, թէ՝ պարտուած ենք եւ չարժեր մեր մանր քաղքենիի հանգիստը խանգարել:

            Եւ աղբիւսին վրայ կաճին ու կը բազմանան հանգամանաւորական ցանկութիւնները, աթոռական եւ առաջին կարգի:

            Ինչպէ՞ս առաջնորդ ըլլալ, երբ չենք գիտեր մենք մեզ, եւ ընդհանրապէս մարդը, ճիշդ գնահատել՝ ըստ նպատակի, ունենալ իմաստութիւն եւ համեստութիւն, լերան լեռ ըսելու, եւ բլրան՝ բլուր:

            Եթէ այս գիտնայինք, անթիւ, անհամար կուսակցութիւններ, զիրար յօշոտող ՄԵԾԵՐ չէինք ունենար, մեծ ըլլալու ախտաւոր ցանկութիւն չէինք ունենար:

            Ինչո՞ւ երէկ  չենք լսած, այսօր ալ չենք լսեր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, Չարենցը, Գէորգ Էմինը, որպէսզի «եղբայր ենք մեք»ը կենսագործուի, ըլլանք ազգի փրկութեան հաւաքական ուժ, չըլլանք «սպաներու ժողովուրդ», այլ ունենանք ԱՌԱՋՆՈՐԴ, մարգարէ, զօրավար, թագաւոր, ինչպէս՝ Մանտելա, Կանտի, Տը Կոլ: Այսօր ունինք Էմինի սպաները, եւ հոն կանգնած փրկչական դիպաշարներ կը խմբագրենք եւկը սպասենք… Ի՞նչ բան եւ մինչեւ ե՞րբ :

            Մեր օրերը սնուցող տարբերութիւնները ի՞նչ են Չարենցի Պատգամին դիմաց:

            Միշտ պէտք է կրկնել, ամենուրեք ուր հայ կայ, որ վաղը միշտ ուշ է: Այս հասկնալ իրաւ եւ առողջ  յանձնառութեան առաջին քայլն է:

            Եթէ սկսէինք հարցնելով, թէ՝ ի՞նչե՜ր ըսուած են, դարեր առաջ եւ երէկ, փորձել հասկնալ ներկան, ապա իրատես յանձնառութեամբ գործել, որպէսզի  դուրս գանք փակուղիէն, ուրկէ ոչ ոք մեզ հանած  է անցեալին, պիտի չհանէ վաղը:

            Ինչո՞ւ քիչ մը ամէն տեղ «լսումներ» չենք կազմակերպեր հարազատ ՀԱՅ Մկրտիչին, Եղիշէին եւ Գէորգին հետ

            Այսինքն զիրար լսենք ինչպէս որ ենք, որպէսզի ՄԻԱՑՈՒՄը չըլլայ շաբաթավերջին պատերու առջեւ հնչող զբօսնողներու խուլ աղմուկ:

            Կը վախնա՞նք, որ Ազգի Ոգին եթէ լսենք, երեւակայական Գահ, Թագ, եւ Սպայի ուսադիր կը կորսնցնենք,եւ  թաղէն անդին չտարածուող դատարկ հեղինակութիւնները մերկ կը մնան, ինչպէս Դանիացի գրողի «մերկ Թագաւոր»ը:

            Պէշիկթաշլեանի, Չարենցի, Էմինի իմաստութիւնը միթէ՞ «ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած» է, ինչպէս կ’ըսէ եւ կը մտածէ ներսի եւ դուրսի ուսադիրներով սոնքացող հայ քաղքենիացածը…

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
50 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
50 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles