Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպեցաւ Հայաստանի Մէջ Քանատայի Դեսպանին

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

 


ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 9-ին, Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը հանդիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնտրիւ Թըրների հետ: Տէր Խաչատուրեան շնորհաւորեց Հոկտեմբեր 2023-ին Երեւանի մէջ քանատական դեսպանատան բացումը, շեշտելով, թէ Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները աւելի պիտի զարգանան:

Հանդիպումի ընթացքին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին կողմէ բարձրացուած հիմնական հարցերը կը վերաբերէին Քանատայէն առկայ ակնկալիքներուն` նկատի ունենալով Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու միջոցով Արցախի ցեղային զտումը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրի շուրջ ընթացող բանակցութիւնները, յատկապէս ազրպէյճանական սպառնալիքները, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք փաստացի ներխուժումն ու բռնագրաւումը եւ այլն: Մտահոգութիւններ հնչած են նաեւ Քանատայի կառավարութեան` Թուրքիա ռազմական արհեստագիտութեան արտահանման արգելքը վերացնելու մասին վերջին որոշման վերաբերեալ: 2020 թուականի հոկտեմբերի սկիզբին Օթթաուան կասեցուցած էր դէպի Թուրքիա ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման թոյլտուութիւնները` մասնաւորապէս այն սարքաւորումները, որոնք Թուրքիան կ՛օգտագործէր իր անօդաչու թռչող սարքերուն մեջ, որոնք ալ այնուհետեւ կ՛ուղարկուէին դէպի Ազրպէյճան եւ կ՛օգտագործուէին 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ հայերը թիրախաւորելու համար:

Դեսպան Թըրները վերահաստատած է իր կառավարութեան դիրքորոշումը առ այն, որ պէտք է յարգուի Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, եւ որ Քանատան վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչի վկայութիւնն է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասնակցելու իր որոշումը` ի պատասխան Հայաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնական խնդրանքին: Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը տեղակայուած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի հայկական կողմը 2022 թուականի հոկտեմբերէն` նպատակ ունենալով նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բնակչութեան եւ, կարելիութեան պարագային, անոնց իշխանութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման:

Քանատայի դեսպանը նաեւ վերահաստատած է, որ քանատացի արտահանողներուն ծանուցուած է առ այն, որ նոր պաշտպանական արտահանման համար դիմումները կը պահանջեն հաւաստիացումներ Թուրքիայէն, ուր կը նշուի, որ արդեօք տրամադրուած արհեստագիտութիւնը պիտի վերաարտահանուի երրորդ կամ ՆԱԹՕ-ի անդամ չհանդիսացող երկիրներ, եւ արդեօք անոնք պիտի ներառուի՞ն սպառազինութեան մէջ:

90 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումը աւարտեցաւ երկուստեք պատրաստակամութեամբ` շարունակելու նման հանդիպումները ապագային եւ կարելիութեան պարագային համագործակցելու փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններով` տարբեր ոլորտներու մէջ ամրապնդելու Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը եւ Քանատայի դեսպանատան քաղաքական խորհրդական Աարոն Քոուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles