«Հալէպի Ողբերգութիւն» ․․․․ Սփիւռքահայութեան Գոյատեւութիւնը (sustainability) (Ա․ Մաս )

4 0
Read Time:10 Minute, 41 Second

 Փրոֆ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

 

«Հալէպի ողբերգութիւն»-ը մեծ չափով գունազարդ լուսանկարներու, որակաւոր տպագրութեամբ հատորի մը խորագիրն է, 2017 թուին լեհերէնով հրատարակուած, 206 էջ ծաւալով։

Անդրանիկ տղաս՝ Գէորգը այս գիրքը գնած էր, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հալէպի հետ առնչուած նիւթի մասին աւարտական իր թեզի պատրաստութեան համար։

Գէորգ, Սուրիոյ ահարկու պատերազմի ցաւալի մրմուրը համտեսած էր՝ տեսնելով իր ընտանիքի, ծնողներու եւ նախնիներու բնակած շէնքին ամբողջութեամբ փուլ գալը, պետական զօրքերու ընդդէմ ահաբեկչական եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու առճակատումներուն եւ պայթումներուն պատճառով։ Գէորգ 12 տարեկան դերատի պատանի մըն էր, երբ Հալէպէն հեռացաւ միլիոնաւոր տնանկ մնացած սուրիացիներու նման։

Հոգետանջ ողբերգութիւն մըն է՝ տխրութեան կեղեքիչ զգացում, երբ ապրած շէնքիդ փլատակներուն տակ անդարձ թաղուեցան տոհմական Սասունէն, Խարբերդէն, Այնթապէն  բերուած՝ կալուածներու, ինչքերու սեփականատիրութեան վկայագիրներ, կրթութեան վկայականներ, տասնիններորդ դարու պատկանող Աստուածաշունչեր: Նուազագոյն երեք սերունդներէ  ժառանգուած հայ մշակոյթի պատկանող նիւթեղէն մասունքներ, բազմալեզու, բազմահազար գիրքեր, պատմական տարբեր սրբութիւններ, հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ երկար տարիներով խնամքով պահուած փշրանքներ, օրհնաբեր պատառիկներ, ինչե՜ր կարելի է յիշել ու վերյիշել։

Ճիշդ է որ յիշողութիւնը, վերյիշումը երբեմն տանջող է, բայց միշտ ալ սփիւռքահայուն համար հաւաքական վերյիշումը ընկալուած է որպէս անցեալի վերակառուցումը։  Հայու յիշողութեան մշակոյթը, մշակութաբանութիւնը (Cultural anthopology), ընդունուած է ո՛չ միայն ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին, այլեւ ինքնութիւնը ինքնին։

Պարտադրուած բռնի տեղահանութեան նման, նախնիներու ճակատագրի կրկնութիւնն էր՝ բռնագաղթի անորոշ խաչմերուկին դիմաց կանգնողի հրամայական որոշում մը։ Հարազատ ծննդավայրէն, ենթահողէն հեռանալու անբեկանելի ընտրանքին դէմ յանդիման ընտանեօք պարտադրաբար 2012 թուի Հոկտեմբերին հեռացած էինք ծննդավայր Հալէպէն։ Մէկ կողմէ համտեսելով առեւանգումի եւ սպանութեան սպառնալիքի անողորմ ազդարարութիւնը՝ «Դուք հայերդ պետական իշխանութեան թիկունքին էք, պետութեան կողմնակից էք» մեղադրանքով։ Հայերը միշտ ալ կը մեղադրուին ոչ միայն իշխանամէտ ըլլալու, այլ նոյնիսկ՝ չէզոքութեան համար։ Իսկ դաժանագոյնը՝ ետին թողելով քարուքանդ մեր բնակարանի, շէնքին քարակոյտը եւ սեփական այլ կալուածներ՝ որոնք դժբախտաբար մինչեւ այսօր սուրիական պետական գերիշխանութեան սահմաններէն հեռու են՝ չեն վայելեր Սուրիական պետական ինքնիշխանութեան ներկայութիւնը։ Հոգիս կ’ալեկոծի, երբ վերյիշեմ ետիս թողած հիմնովին տապալուած մեր ապրած շէնքին աւերակները։

Մենք, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հալէպահայեր, սուրիահայեր տարանցիկ կանգառներով երամ-երամ դէպի վերջնական կանգառներ անվերադարձ հեռացանք, իմա՝ արտագաղթեցինք, ընդլայնելով հայ սփիւռք կոչուած թնճուկին տարածքն ու խորութիւնը։ Ինքնայօժար հեռացում մը չէր, բայց երազային Հալէպի տպաւորութիւնները, մեր ծնողներուն, նախնիներուն հոն ապրուած անջնջելի յիշատակները՝ վստահաբար քանդակուած ու առկայծ կը մնան իբրեւ խորտակուած երազներ մեր յիշողութեան կայծկլտուքին մէջ, եւ  իբրեւ սեփականը կորսնցուցած մեր  հոգեխոց (trauma) մորմոքի ենթագիտակցութեան մէջ:

Ճակատագրի դաժան ընկճախտը (depression), հարկադրիչ այս անկիւնադարձը մեր հոգիներուն մէջ պիտի մնայ, ծննդավայրի հանդէպ իբրեւ ճնշող կարօտախտ մը, քօղարկուած մշտայուշ վիշտ մը։

Գէորգ ծննդավայրի իր կարօտն ու գուրգուրոտ հոգատարութիւնը խտացուցած էր վերոյիշեալ գիրքի ինքնախօս լուսանկարներու յարակցութեան մէջ, երբ գնած գիրքը ներկայացուց ըսելով՝ «Հայրիկ տե՛ս մեր սիրելի Հալէպին առընչուող վաւերագրական լուսանկարներու ինչպիսի գիրք մը հրատարակուած է»։

Ծանօթագրութեան կարգով կարելի է յայտնել, որ գիրքին լեհ համահեղինակը՝ Ատամ Պուեաքը, արհեստավարժ եւ հանրածանօթ ռազմական, ճակատամարտերու խիզախ միջազգային լուսանկարիչ մըն է, արկածախնդրութիւնը յանձն առած, տագնապի ու աղէտալի պայմաններու մէջ, մանաւանդ Հալէպի ամէնէն բռնկուն եւ դժոխային տարիներու սարսափելի իրավիճակները իր ոսպնեակով վաւերագրելու՝ տագնապի անողորմ գոյավիճակը լուսանկարներով ամրագրելու ծրագիրով Սուրիա եկած էր, երբ բազմահազար տեղացիներ երկնառաք մոգական փրկութեան հնարքներ կը փնտռէին, երկրին մէջ աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուելու եւ անվտանգ ապրելու նպատակով հեռաւոր խաղաղ երկիրներ արտագաղթելով, նոյնիսկ իբրեւ գաղթականներ, տեղահանուածներ, փախստականներ կամ այլ որակումներով։

Տագնապի առաջին օրերուն Սուրիոյ հայ համայնքի մէջ, այն հաստատ համոզումը կար, որ օրերու, շաբաթներու, առաւելագոյն մէկ երկու ամսուայ մէջ կ՛աւարտի ընդդիմութիւններու, պոռթկումներու, պատերազմական ահ ու թողի իրավիճակը։ Սակայն մեր սփիւռքի պատմութեան բովերու պճեղ մը ծանօթութիւնը, տեղւոյն եւ շրջանի հետ աշխարհաքաղաքական առողջ վերլուծումը, վտանգին եւ սպառնալիքներուն չափի սահմանները ընկալելու սրատեսութիւնը, յետպատերազմեան տնտեսական հետեւանքներու ողջամիտ եւ հեռատես արժեւորումը բաւարար էին հասկնալու եւ արդարացնելու արտագաղթողներու պատճառաբանութիւնը։

Վերոնշեալ գիրքին խմբագիրն է հոգեւորական՝ Փրոֆ․ հայր Վալտեմար Չիսլոն։ Քանիցս Սուրիա այցելած այս լեհ հոգեւորականի կենսագրականը կարելի է խտացնել, որ օգնութեան հասնելու՝ «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օգնութիւն» ծրագրի այս ղեկավարը, իր ներգործութեամբ պահ մը մեզ կը յիշեցնէ, կամ զայն կարելի է նմանցնել քսաներորդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին յաւէտ յիշատակութեան արժանի մարդասէր հրեշտակներուն, անմոռանալի դանիացի ու սքանտինաւեացի միսիոնարուհիներուն, որոնք հասած էին աղէտեալ վայրեր եւ իրենց մարդասիրական օժանդակութիւնն ու նիւթական կարելիութիւնները ի սպաս դրած էին հայութեան, իրենց նմաններուն հանդէպ անգնահատելի բարեգործութիւններով ու գործնական երախտարժան մասնակցութեամբ։

Վերոյիշեալ լեհ հոգեւորականը, ծանօթ է միջին արեւելքի մէջ՝ Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր։ Կենաց եւ մահու տագնապներու, անհրաժեշտ կարիքի մէջ գտնուող քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու հանդէպ իր մարդասիրական անխոնջ պատրաստակամութեամբ, անսահման իր օգնութիւնները հասցուցած է վերոյիշեալ երկիրներու տառապեալներուն։ Կարելի է վկայել նաեւ, որ Լեհաստանի տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող եկեղեցիներու մէջ, համալսարաններու, հանրային կեդրոններու, կայարաններու եւ պետական զանազան հաստատութիւններու, կառոյցներու մէջ յատուկ տուփիկներով, գանձանակներով «Հալէպի համար» խորագրեալ նիւթական հանգանակութիւններ կազմակերպելու արշաւին լծուած այս հոգեւորականի ընթացքը։ Հաւաքուած գումարները օգնութեան շիթեր էին պատերազմի տարիներուն ու տակաւին կը շարունակուին այսօր ալ տեղացի տառապեալներուն համար։ Իր քարոզչական աշխատանքով, հանգանակութիւններով, նուիրատուութիւններու հաւաքներով, հարցազրոյցներով օրինակելի բարեսէր մըն է կարիքաւորներուն, իր նուիրուածութեամբ, օգնութեամբ եւ ծառայութեամբ։ Ի վերջոյ ո՞վ չի վկայեր կամ չի հաստատեր  հանրածանօթ «Լեհաստանի Գարիթաս»-ի բարեսիրական ու հոգատար բարեգործութիւնները, ծառայութիւնները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարներէն մին է յիշեալ հոգեւորականը։ Խորապէս ըմբռնելի ու համոզիչ է, նման հայրենասէր լեհ հոգեւորականի մը կողմէ քրիստոնէավայել մարդասիրական օժանդակութեան մղիչ խանդը, օգնութեան կամքը։

Հասկնալի է նաեւ, Լեհաստանի դէմ գերմանական եւ Խորհրդային Սովետական Միութեան զօրքերու կողմէ բարբարոսութիւնները, անմարդկային եւ գարշելի բռնագրաւումները, չարչարանքները համտեսող լեհ ազգի զաւկի մը  համար։

Միւս կողմէ, 2010 թուականէն սկսեալ, ժողովրդավարութեան կեղծ ու խաբուսիկ լոզունգի պատրանքներով, եւ միջազգային շահերու բախումները եւ փոխադարձաբար զիրար վերացնելու նպատակով,  միջին արեւելքի մէջ նոյն միջազգային սադրիչ որոմնացաններու նենգաբարոյ դաւադրութեամբ բոցավառող «Արաբական գարուն» անուանեալ հրեշային պատուհասը, իր քանդիչ ու թունաւոր ծիլերը կը փորձէր ծաղկեցնել, հասնելով Սուրիա Մարտ 2011-ին, այդ պատճառով մեծ թիւով  գաղթականներու հսկայ ալիք մը կ՛աշխուժանար դէպի Եւրոպա, անոնց մէջ ըլլալով ստուար թիւով քրիստոնեաներ, հայեր։

2015 թուականէն սկսեալ, Լեհաստանի պետութեան այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական իշխանութեան յստակ դիրքորոշումն ու հաստատակամ որոշումն էր՝ 1) մենք գաղթականներ չենք ընդունիր, բայց երբեք պիտի չզլանանք մեր նիւթաբարոյական օգնութիւնները հասցնել այդ երկիրներուն մէջ բոլոր տառապեալներուն, 2) Օժանդակել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները՝ չհեռացնելու իրենց հաստատուած բնակավայրերէն ու արմատացած բնօրրանէն, պահելու համար անոնց դարաւոր քրիստոնէական դիմագիծը, 3) Օժանդակել՝  չլքելու քրիստոնէական բազմադարեայ մշակութային եւ կրօնաբարոյական ստեղծագործութիւններու ժառանգութիւնը, եկեղեցիները, վանքերը, հաստատութիւնները։

Բնականաբար հոս կարելի չէ մոռնալ եւ բարձր պէտք է գնահատել թէ՛ հայ սփիւռքի զանազան միաւորներու եւ թէ՛ Հայրենիքի վիթխարի օժանդակութիւնները, որոնք միջոց ու դարման հանդիսացան ազգակից սուրիահայութեան։

1- Յիշատակարժան Հրատարակութիւններու յամառօտ ակնարկ

Հալէպահայ արժանաւոր գրագէտներ, քաջածանօթ  մտաւորականներ, հայ մամուլի յանձնառու հրապարակագիրներ ինչպէ՞ս պիտի չարտայայտուէին ու չարձագանգէին Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի տագնապին մասին ականատեսի իրենց վկայութիւնները, փորձառութիւնը։ Հրատարակուած գիրքերը,  գեղարուեստական՝ արձակ թէ չափածոյ գրականաշունչ յատկութեամբ ո՛չ միայն գրող անհատին զգացումները, այլեւ միտքն ու հոգին ջրդեղող սրտազեղ պարունակութեամբ հրատարակութիւններ են, աղէտահար Հալէպահայ հաւաքականութեան խոցահար ալեկոծութիւնները:

Կարելի է հրատարակուած հայերէն գիրքերու հրապարակումի ժամանակագրական յաջորդականութեամբ համեստ ծաղկաքաղ մը վերյիշել՝

Ա) Հալէպահայ գրող, հրապարակախօս, արձակագիր, հասարակական գործիչ,  այժմ ողբացեալ բժիշկ՝ Թորոս Թորանեանի «Խառնակ օրեր Հալէպի մէջ» գիրքը, որ գրուած է երբ տագնապը դադրած չէր, գոյամարտի այս օրագրութիւնը հրատարակուած է 2013 թուին։ Գիրքը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կցուած կապի վրայ [1]։

 

Բ) Անթիլիասի մէջ 2016 թուականին, Գէորգ Մելիտինեցի գրական թիւ 83-րդ մրցանակի հրատարակութեամբ եւ 373 էջ ծաւալով, լոյս կը տեսնէ գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, խմբագիր, դասախօս եւ դալար գրիչ՝ Լալա Միսկարեան – Մինասեանի հեղինակութեամբ «Սուրիական Օրագրութիւն»-ը, խմբագիր՝ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի։ Հասանելիութեան նպատակով վերջերս հեղինակը օգտաբեր եւ օրինակելի տեղադրում մը կատարած է իր գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը տեղադրելով իր դիմատետրի էջին վրայ։

Հեղինակի մը համար հոգեթով խանդաղատանք է, երբ իր գիրքը, յօդուածը հասանելի է մեծ թիւով ընթերցողներու։ Այս տեղադրումով կը խթանէ անոնց հետաքրքրութիւնը,  զանոնք կը խրախուսէ ընթերցանութեան։

Գ) 2016 թուականին, լոյս կը տեսնէ հալէպահայ գրող, բանասէր Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած «Բողբոջող Անմոռուկներ» գիրքը, որ արժանացած է «Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեան» մրցանակին։ Գիրքը կը ներկայացնէ տագնապի տարիներուն հեղինակի անձնական ապրումներու լոյսին տակ գրի առնուած սուրիահայ գաղութի ապրած հոգեկան վերիվայրումները, ուր տեղ-տեղ ալ՝ յուշագրութիւն մը: Հեղինակը քաջարի համարձակութեամբ մը Սուրիոյ դէպքերը դիտարկած է որպէս շարունակուող ցեղասպանութիւն։

Դ) Առանձնայատուկ է հալէպահայ հանրածանօթ մտաւորական, գիրքերու վաստակաշատ հեղինակ կրթական մշակ Յակոբ Միքայէլեանի հրատարակած երկու վերնագիրները։ 1) Սուրիական պատերազմի հէնքին վրայ հիմնուած պատմուածքներու, ակնարկներու եւ նշմարներու հաւաքածոյ՝ «Գարուն էր․․․» վերնագիր գիրքը, որ արժանացած է «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 24 հրատարակութեան, Անթիլիաս – Լիբանան,  2018 թուին,  223 էջ ծաւալով։ 2) Սուրիական տագնապի հետ առնչուած եւ ապրուած կեանքէ առնուած «Ճակատագրի սեւ կատուն» վերնագիր գիրքը, որ 121 էջերու մէջ պարփակուած հետաքրքրական վիպակ մըն է, հրատարակուած Երեւան՝ 2020 թուականին։ Վիպակին գլխաւոր մասը հեղինակին հինգօրեայ առեւանգումն է՝ իր մղձաւանջերով եւ յուսատու երազներով։ Հեղինակը այնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ իր ոդիսականը, որ ընթերցողը կամայ-ակամայ՝ կ՛ապրի անոր ներքին ցաւերն ու յուսահատութեան հասնող տուայտանքը։ Հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներքին տագնապալի անցուդարձը։

Ե) Իմաստալից է հանրածանօթ գրող, Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ Պերճուհի Աւետեանի 2021 թուականին հրատարակուած “Մատնահետքեր” գիրքը, որ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան, Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ: Հեղինակը իր գիրքին մէջ յուշագրութեան բաժին մը յատկացուցած է Սուրիոյ պատերազմի մասին:

Զ) Յատկապէս ուշագրաւ է հալէպահայ գործարար, տնտեսագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Լեւոն Զաքի Ետալեանի արաբերէն լեզուով Պէյրութի մէջ հրատարակած երկու գիրքերը՝  «Սուրիական հունձքը Տնտեսական եւ քաղաքական քաղուածքներ 2011-2018» լոյս տեսած Յուլիս 2018-ին, 400 էջ ծաւալով։ Լ․ Զաքի Ետալեան, այն քիչերէն է, որ ծաւալուն այս գիրքին մէջ իր տնտեսական իւրայատուկ քննարկումով, հրապուրիչ  արաբերէն ոճով, անվերապահ նշմարներով արձագանգած է Սուրիոյ տագնապի տնտեսական հետեւանքներուն, ճգնաժամային իրավիճակներուն եւ ակնարկած է տեղական ու միջազգային քաղաքական կացութեան։ Իսկ իր երկրորդ գիրքը՝ «Գոյութեան Մարտահրաւէր. Սուրիոյ Հայութիւնը 2011-2018» լոյս տեսած է Սեպտեմբեր 2018-ին, 211 էջ ծաւալով: Հեղինակ՝ Լ․ Զ․ Ետալեան իր ուրոյն ճկունութեամբ արծարծած է սուրիահայ արմատացած համայնքի եւ տեղւոյն քրիստոնեաներու գոյատեւութեան մարտահրաւէրները, արժանավայել նկատողութեան յանձնած է նաեւ պատերազմի ճակատագրական տարիներուն Սուրիական հայրենիքի մէջ անոնց գոյութենական հիմնահարցերը, մտահոգութիւնները եւ երազանքները։

 

Վերոյիշեալ գիրքերու կողքին, տիրական եւ թելադրիչ խորհուրդով կը յատկանշուին հալէպահայ մտաւորականներու Սուրիոյ աննախադէպ տագնապի իրադարձութիւններուն նուիրուած եւ հայ մամուլի մէջ ստուար թիւով լոյս տեսած յօդուածները, խորհրդածութիւնները, որոնք առատօրէն կ՛օժանդակեն եւ կ՛ամբողջացնեն Սուրիոյ տագնապի իրողութիւնը, Սուրիահայութեան  կենսագոյութեան շրջապատկերը, պատումը (narrative)։

Վերնագիրներու շատ համառօտ ծանօթագրական ակնարկ մը մէջբերելու համար կարելի է յիշել բանաստեղծուհի, արձակագիր եւ կրթական մշակ Մարուշ Երամեանի «Հալէպ․․․Հալէպ» խորազգաց, թախցոտ եւ աղերսահայց բանաստեղծութիւնը, ուր կը յիշէ «ծակ-ծակ էր երկինքը»։

Ուշագրաւ է հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, բազմահորիզոն բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի քնարական շունչով, Հալէպի հայ գաղութին կենսունակութիւնը փայփայող իր հիւթեղ ոճով՝ «Ինչի՞ մէջ կը կայանայ Հալէպահայ գաղութին արժէքը» յօդուածը եւ Հալէպահայութեան նուիրուած այլ խորագիրներ։ Թթխմոր Հալէպի վերելքին եւ ձեռնհաս հայ մարդուժին խնկարկումի հասնող փառաւոր գովերգ մը ըլլայ կարծէք յօդուածին բովանդակութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ հեղինակի թելադրանքն է պահպանել հալէպահայ համայնքի փառաւոր ընթացքը, կառոյցը եւ թրծուած մարդուժը, մանաւանդ բազմաբեղուն ժառանգութեան  իրաւատիրութիւնը։ Հետեւաբար Շառոյեան մտավախութիւն կը յայտնէ, տագնապէն ետք հալէպահայ տերեւախիտ գաղութին հաւանական քայքայումին, նօսրացումին։ Լեւոն Շառոյեանի հնչեցուցած ահազանգերը՝ տեղի՛ն են ու արդար:

Սուրիոյ տագնապի քաղաքական վկայակոչում մը կարելի է կարդալ հալէպահայ բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանի յօդուածին՝ «Սուրիոյ Միջազգային Տագնապը Եւ Սուրիահայութեան Հերոսական Պայքարը», Սուրիոյ պատերազմին նուիրուած վերլուծական սեղմ տեղեկատուութիւն մըն է, սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեանց սատարող  աշխատանքներուն։

Հանրածանօթ մտաւորական, գրող, վաստակաշատ կրթական մշակ, Հալէպի նուիրուած հատորներու հեղինակ՝ Գէորգ Պետիկեան պաշտելի իր Հալէպին հետ տագնապող,  գրողի անկիւնին մէջ, հոգեշունչ բովանդակութեամբ իր գրածը անուանած է՝ «Հալէպ` Մեր Հեքիաթային Քաղաքը», ուր անզուսպ մտահոգութեամբ, աղերսաւոր ու գորովազեղ բարեխառնութեամբ հեղինակը գրած է՝ «Խօսիլ Հալէպի մասին` կը նշանակէ խօսիլ Արեւելքի մասին: Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն»։

Յիշատակութեան արժանի է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Զարմիկ ՉիլԱբօշեան – Պօղիկեանի Սուրիոյ իրավիճակի մասին գրած խմբագրականները, հարցազրոյցները, տեղեկատուուական եւ երբեմն ալ հայ նահատակներու, վիրաւորներու շատ սեղմ թուային վիճակը, լուսաբանութիւնները, մանաւանդ Սուրիոյ տագնապի կոտտացող վէրքը, դառն բաժակը հեռացնելու հաստատակամ լաւատեսութեամբ գրուած խորագիրները։

Ինչպէ՞ս չյիշել վաղամեռիկ մտաւորական, կրթական մշակ, բեմադրիչ Մանուէլ Քէշիշեանի հրատարակած բազմատասնեակ  յօդուածները, պատկերացումները եւ երբեմն ալ հայ կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու մասին իր գրառումները, տագնապի շրջանին Հալէպեան իր համայնապատկերները, ցաւատանջ տագնապի իրականութեան հետ դէմ-դիմաց իր մտասեւերումները, որոնք վստահաբար գիրք մը կամ գիրքեր կրնան կազմել։

Վերոյիշեալ գրական արտադրութեան մէջ, ամէն մէկ մտաւորական իր սրտէն ու մտքէն տոհմիկ շող մը կաթեցուցած է, անկորնչելի բան մը ծրարած է իր հոգիէն։

Մարդաբանութիւն է (Anthropology), բազում դիւտանկիւններէ գնահատելով վերոյիշեալ աղբիւրները, որոնք կը յաւակնին ուրուագծելու եւ արտացոլացնելու սուրիահայ փոքրամասնութեան դիմագրաւող տագնապը: Ինչու չէ նաեւ սերունդներու համար ականատեսի վկայութիւններու ու հաւաստումներու ատաղձ մը կրնան հանդիսանալ սփիւռքագիտութեան:

Անհնար է սեղմ սիւնակներու այս յօդուածին մէջ անդրադառնալ Սուրիոյ տագնապին հետ առնչուած բոլոր հայ մտաւորականներէն, գրողներէն ծաղկած մտքի շիթերուն եւ հրապարակուած յիշատակելի խորագիրներուն։

Կը յուսանք, շատեր իրենց յուշագրութիւնները պիտի չզլանան յիշատակելու, վերարտադրելու հայ մարդուժի եւ մտաւորականութեան մեղուափեթակ՝ Հալէպի մէջ ապրուած տագնապի փորձառութիւնը, վկայութիւնները, յուշերը, յուշելով նաեւ իրենց մտորումները։

Պարտք է յիշեցնել, որ հայ մամուլը ընդհանրապէս առատ մելան հոսեցուց Սուրիոյ ներքին տագնապի մասին, բազմազան տեղեկատուական երկարաշունջ սիւնակներ յատկացուց, հաղորդագրութիւններ, հարցազրոյցներ, երկխօսութիւններ, անհատական տպաւորութիւններ տեղադրեց։

Նախատեսելով, որ այդ բոլոր գիրքերու հրատարակութիւնները, իրենց թուայնացած տարբերակներով եւ յօդուածներու առատ բերքը մէկտեղուած հասանելի կրնան դառնալ համացանցային կայքէջի մը վրայ, օգտաշատ եւ համապատասխան ուսումնասիրուած հարթակի մը ստեղծումով, մատչելի պիտի դառնան հետաքրքրուողներուն, մանաւանդ այդ բոլոր աղբիւրներէն դաստիարակչական դասեր քաղելու եւ ուղենշային դիտարկումներով յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու, սփիւռքի մեր շարունակականութիւնը, գոյատեւութիւնը (sustainability) եւ կենսագոյութիւնը հոգատարելու, պահպանելու եւ ամրապնդելու ի խնդիր։

[1] https://hy.wikisource.org/wiki/%D4%BB%D5%B6%D5%A4%D5%A5%D6%84%D5%BD:%D4%BD%D5%A1%D5%BC%D5%B6%D5%A1%D5%AF_%D6%85%D6%80%D5%A5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%AC%D5%A7%D5%BA%D5%AB_%D5%B4%D5%A7%D5%BB,_%D4%B9%D5%B8%D6%80%D5%B8%D5%BD_%D4%B9%D5%B8%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%A5%D5%A1%D5%B6.djvu

 

(Շարունակելի Ա․)

 

Happy
Happy
67 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
33 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles