Անձնաքննութիւն (Մեծ Պահքի Առիթով)

0 0
Read Time:2 Minute, 49 Second

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

«Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս անոր անունը կը կրէք» (Բ. Կորնթ. 13.5):

Անձնաքննութիւնը անհրաժեշտ եւ օգտակար է կեանքի ամէն մարզի մէջ, քանի որ չքննուող կեանքը վստահութիւն չի ներշնչէր: Քննութեան ենթարկուող կեանքն է, որ ի յայտ կը բերէ մէկու մը ճշմարիտ ինքնութիւնը: Ինչպէս մետաղի մը որակը ստուգելու համար անհրաժեշտ է փորձաքարը (touchstone), այնպէս նաեւ քննութիւնն է որ կը ստուգէ քննուող մարդուն ներքին էութիւնը:

Անձնաքննութիւնը լուսարձակի ներքեւ կը դնէ անհատի մը կեանքը՝ իրեն ցոյց տալու անոր կեանքին մութ կամ լոյս եղող կողմերը, անոր առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, անոր առաքինութիւններն ու մոլութիւն-
ները, անոր վսեմ իտէալներն ու վատ փառատենչութիւն-ները:

Դարձեալ, քննութեան ենթարկուող կեանքը ատակ է աճելու, ուռճանալու եւ զարգանալու: Չաճող, չմեծցող եւ չզարգացող կեանք մը խղճալի եւ արգահատելի է: Երբ կը տեսնենք 40 տարեկան մարդ մը, որ 4 տարեկան մանուկի մը հասակը ունի՝ կը մեղքնանք անոր: Նոյնպէս երբ կը տեսնենք հուժկու մարդ մը, որ խելքով եւ դատողութեամբ գաճաճ եւ տխեղծ անձ մըն է, կը ցաւինք անոր վրայ: Իսկ երբ կը տեսնենք մէկը, որ մարմնով մեծցած է, մտքով զարգացած է, բայց հոգիով եւ նկարագրով յոռի եւ վատթար է կ’արգահատինք եւ կը խղճանք անոր վրայ:

Մարմինով, մտքով եւ հոգիով չաճող, չուռճացող եւ չզարգացող անձ մը կը նմանի ճահիճի մը: Բնութեան մէջ անշարժութեան մատնուած ջուրերը սահմանափակ ու լճացած մէկ վայրի մէջ, զրկուած ծովերուն ու ովկիանոսներուն յատուկ խոր յատակէն՝ ճակատագրօրէն դատապարտուած են ճահճանալու: Նոյնն է պարագան մարդկային իմացական, գաղափարական եւ հոգեւոր աշխարհի մէջ: Այստեղ ալ ճախճախուտ ու ճահիճ կը կազմուի, հոն ուր սահմանափակ են մարդկային միտքն ու հոգին, ուր անշարժութիւն կայ:

Արդարեւ, չքննուող կեանք մը՝ անշարժ կեանք մըն է, ճահճացած եւ չուռճացող կեանք մըն է: Բայց քննութեան ենթարկուող կեանքը միշտ մեծնալու ենթակայ է, որովհետեւ անձնաքննութիւնը առաջին սանդխամատն է փոփոխութ-
եան եւ վերելքի ճանապարհին:

Ինչպէս հանրայայտ իրողութիւն մըն է, որ մարմինի առողջութեան համար անհրաժեշտ է բժշկական քննութեան դիմել՝ մեր որպիսութիւնը գիտնալու համար, նոյնպէս ալ մեր հոգիներուն իսկական վիճակը հասկնալու համար անհրաժեշտ է անձնաքննութիւն կատարել՝ տեսնելու համար մեր մեղքերը, յանցանքները, թերութիւններն ու տկարութիւնները:

Այս պատճառով իսկ Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ կորընթացիներուն, «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ»: Անձնաքննու-
նութիւն… ա՛յդ է ուղիղ ճամբան իմաստուն կենցաղավար-
ութեան: Բայց ի՞նչպէս, ի՞նչ է ուղղիղ կերպը, ի՞նչ է չափանիշը լի-իրաւ անձնաքննութեան:

Պօղոս Առաքեալ կու տայ մեզի կանոնը այդ քննութիւնը կատարելու երբ կը յանձնարարէ. «Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս անունը կը կրէք»:

Արդ, անձնաքննութեան ուղիղ կանոնն ու չափանիշը կը կայանայ Քրիստոսի կենարար ներկայութիւնը մեր կեանքերուն ներսիդին զգալու իրողութեան մէջ: Եթէ ատիկա կը բացակայի, այն ատեն սոսկ անուանական քրիստոնեաներ ենք եւ ոչ թէ ճշմարիտ, յանձնառու եւ նուիրեալ քրիստոնեաներ:

Երբ Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգանք մեր մէջ այն ատեն կը զգանք մեր թերութիւններն ու զանցառութիւնները, մեր յանցանքներն ու մեղքերը: Այն ատեն մեր մէջէն կը փարատի ամէն պատրանք, ամէն ինքնախաբէութիւն եւ ինքնահաւանութիւն: Այն ատեն իրատես հոգեվիճակով կը զգանք, որ կատարելութեան մարմնացում եղող Քրիստոսի հետ բաղդատած՝ որչա՜փ անկատար եւ մեղանչական ենք: Այն ատեն կը զգանք որ Քրիստոսի սրբութեան կշիռքով կշռուած որչա՜փ «պակաս կը գտնուինք»: Այն ատեն Յոբի նման կը գոչենք, «Իմ անձս կ’արհամարեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ» (Յոբ 42.6):

Այն ատեն Անառակ Որդիին նման կ’անդրադառնանք մեր մեղաւոր եւ ողորմելի վիճակին եւ կ’ըսենք. «Հայր մեղանչեցի քեզի դէմ եւ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղուկաս 15.22):

Յայնժամ մեր երկնաւոր Հայրը տեսնելով մեր զղջումի, ապաշխարութեան հոգին՝ գրկաբաց պիտի ընդունի մեզ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles