Ամէն Գիտակից Հայու Պէս 4516 Տարեկան…

1 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

Այսօր Փետրուարի 4-ն է։

Այսօրուան նման օր մը Ա.Մ.Ն. հասայ։ Այստեղ ստացայ գիտական եւ թատերական

բարձրագոյն ուսումս եւ կարողութեանս սահմաններուն մէջ ըրի եւ դեռ կ՛ընեմ այն ինչի

որ կը հաւատամ։ Պիտի շարունակեմ որքան որ պիտի դիմանամ։

Հին, շատ հին, ոչ-հայ բարեկամ մը հեռաձայնեց, յիշեր էր՝ Ա.Մ.Ն. հասնելուս օրը եւ

թուականը եւ հարցուց. “Հրանդ, քանի՞ տարեկան եղար”։

Շատ դիպուկ եւ շատ խորքով լեցուն հարցում էր։

Եւ զիս մտածմունքի խոր ճահճանուտի մէջ նետեց։

Իրաւ. ի՞նչ է տարիք կոչուածը… ֆիզիքական գոյութի՞ւն, թէ՝ …

Ինչպէ՞ս կ՛որոշենք քանի տարեկան ըլլալնիս։

Գիտականօրէն մարդ արարածը, homo sapiens – «խոհուն մարդ» կը թարգմանուի.

Կը ծնինք տեղ մը ֆիզիքապէս կ՛աճինք բայց որպէս «խոհուն մարդ»եր, կը կազմուինք,

մեր ապրած շրջանակներու, գիտակցութեան ազդեցութեան ներքեւ։

Այլ խօսքով, «մարդ» կը ԴԱՌԱ՛ՆՔ, «մարդ» չե՛նք ԾՆԻՐ։

Այսպէս, մեր ՄՏԱԳՈՅՈՒԹԻՒ՛Նն է, որ կորոշէ մեր քանի տարեկան ըլլալուն բուն էութիւնը։

Արտահայաստան ծնած հայը, գիտակցական կազմաւորման ազդեցութիւններու

դիտանկիւնէն դիտուած, երկու եւ աւելի տարիք ունի…

Մէկը՝ իր ծննդավայրի ազդուածութեան տարիներն են, միւս-ները իր որդեգրած

միջավայրերէն թելադրուածները։

Այս մտածումներով բեռնաւորուած, իմ սիրելի ընկերոջս ըսի…

Ես «62 տարեկան եմ որպէս Ամերիկացի,

23 տարեկան եմ որպէս Իրաքցի

եւ

ամէն գիտակից Հայու պէս,

4516 տարեկան եմ որպէս ՀԱՅ։»

Այս ալ ըսեմ, Հրանդ բառը հեթանոսական շրջաններէն մեզի հասած է… «հուր անդ»։

Իսկ ըստ մեր հայկական տոմարի, հեթանոսական մեր նախնիները ամսուան օրերուն

անուններ տուած են։ Այսպէս, ամսուան երկրորդ օրը ՀՐԱՆԴ կոչած են եւ չորրորդ օրը

ՄԱՐԳԱՐ…

Այսպէս ամէն գիտակից հայու պէս 4516 տարեկան…

 

Հրանդ Մարգարեան,

Նիւ Եորք

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles