ՁԵՒԱՒՈՐԵԼ ՊԵՏԱԿԱՆԱՄԷՏ ՍՓԻՒՌՔ. ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:12 Minute, 59 Second

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Գահիրէ

Հ.Հ. սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մշակած եւ շրջանառութեան դրած է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման 2023-2033 տասնամեակի ռազմավարութիւնը։

«Արմենփրէս»-ի հետ Յունուարի 29-ին հրապարակուած զրոյցի ընթացքին, Զարեհ Սինանեան նշած է, որ ռազմավարութեան հիմքին՝ պետականամէտ Սփիւռք ձեւաւորելու տեսլականն է։ Նպատակ դրուած է ունենալ պետականակեդրոն ռազմավարութիւն։

«Ակնկալում ենք Սփիւռքի հետ աշխատել յարգանքի սկզբունքների հիման վրայ, որի հիմքում պետականաշինութեան, պետականակենտրոնութեան գաղափարախօսութիւնն աւելի խորացնելու հարցերն են։ Դա այսօր շատ թոյլ է Սփիւռքում։

Հասկանալի պատճառներով, Սփիւռքը ձեւաւորուել է պետականութեան բացակայութեան պայմաններում։ Եթէ Հայաստանում բնակուող մեր հայրենակիցները կամայ թէ ակամայ պետականաշէն են, ապա Սփիւռքում դրա դրդող պատճառները բացակայ են եղել, նորմալ աշխատանք սփիւռքահայերի հետ չի տարուել։ Այն աշխատանքը, որ ցանկանում ենք Սփիւռքի ուղղութեամբ կատարել, դրա կենտրոնում բացառապէս պէտք է լինի պետութիւնը։ Ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք էգոիստ ենք, կենտրոնացած ենք մեզ վրայ, այլ որովհետեւ պետութիւնը տեսնում ենք ոչ միայն Հայաստանի հայութեան, այլեւ հայ ժողովրդի, Սփիւռքի յարատեւութեան գրաւական։ Չի լինի ուժեղ պետութիւն, ուրեմն ոչինչ չի լինի։ Եթէ Սփիւռքը կարող էր Միջին Արեւելքում գոյութիւն ունենալ երկար տարիներ, ապա այն Սփիւռքը, որը ձեւաւորուել է վերջին 50 տարիների ընթացքում, երկարատեւ չի կարող գոյութիւն ունենալ առանց խարսխի, իսկ այդ խարիսխը պետութիւնն է», ըսած է Զարեհ Սինանեան։

Ան յայտնած է, որ արդի ռազմավարութեան առնչութեամբ արդէն ահագին դիտողութիւններ, առաջարկներ, այլ կարծիքներ ստացած են կառավարութեան տարբեր օղակներէ։ Ատոնց հիման վրայ ռազմավարութիւնը կը լրամշակուի։ Զարեհ Սինանեան նկատած է, որ պէտք չէ աճապարել, նոր իրողութիւնները, զարգացումները կը հարկադրեն խորքային մօտենալ այս ռազմավարութեան՝ դարձնելով զայն հեռանկարային։

Զարեհ Սինանեան հաւաստած է, որ ռազմավարութիւնը մշակելու ժամանակ աշխատանք կը տարուի նաեւ Սփիւռքի հետ։

Յանձնակատարի գրասենեակն այս ռազմավարութեան ձեւաւորման սկզբնակէտ կը համարէ Հայաստանի մէջ 2022-ին գումարուած «համաշխարհային հայկական առաջին գագաթնաժողովը» (չակերտումը խմբագրութեանս է)։ Անիկա օգտագործուած է որպէս հարթակ՝ որոշ թեզեր քննելու, անոնց շուրջ տրամադրութիւնները ստուգելու համար։

«Դրանից յետոյ շարունակաբար տարբեր խմբերի հետ աշխատել ենք՝ հասկանալու համար, թէ ինչպէս են դա ընկալում։ Շատ դժուար է աշխատել բոլորի հետ, որովհետեւ Սփիւռքը բազմազան է եւ գործ չունենք 10 անձի կամ 10 կազմակերպութեան հետ։ Կարող ես 20 կազմակերպութեան հետ աշխատել, բայց կը լինի 200-ը ու կ’ասի՝ մեզ հետ չէք աշխատել։ Մենք փորձում ենք իրատեսօրէն ներգրաւել Սփիւռքի մեծ քանակի ներկայացուցիչների», աւելցուցած է Սինանեան։

Յառաջիկայ Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն կը ծրագրուի Հայաստանի մէջ հրաւիրել համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթնաժողովը։ Մինչ այդ ռազմավարութիւնը հաստատուած կ’ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ, միեւնոյնն է՝ անիկա գագաթնաժողովի առանցքին պիտի ըլլայ։

«Մենք հիմա նախապատրաստւում ենք գագաթնաժողովի աշխատանքներին։ Կարելի է ասել, որ դեռ անցած տարուայ Նոյեմբերից ենք սկսել աշխատել այդ ուղղութեամբ։ Այն նախատեսւում է անցկացնել Սեպտեմբերի 2-րդ կէսին եւ զուգակցել Հայաստանի անկախութեան տօնին։ Օրակարգը դեռ յստակեցւում է, սակայն ասեմ, որ անվտանգային հարցերը լինելու են անխուսափելի։ Դա ամբողջ հայութեան համար մնում է ամենակարեւոր խնդիրը։ Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ տնտեսական, մշակութային հարցերին։ Այս երեք ուղղութիւնների վրայ ենք հիմնականում կենտրոնանալու», աւելցուցած է յանձնակատարը։

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման 2023-2033 տասնամեակի ռազմավարութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ներկայացուին ՀՀ կառավարութեան քննութեան։

Պետականամէ՞տ, թէ՞ իշխանամէտ. Սփիւռքը միաւորող առանցքն ո՞րն է

Կարդալով կողքի տեղեկատւութիւնը, մարդուս քթին մէջ քերուըտուք կը սկսի, փռշտալով գրգռիչ տարրերը դուրս վանելու բնական մղում կը յառաջացնէ։
Այս մարդիկ եւ իրենց գլխադասները չենք կարծեր, որ յիմար են կամ կոյր, չհասկցող, չըմբռնող։ Անոնք շատ լաւ կը հասկնան իրենց արտաբերած իւրաքանչիւր խօսքին իմաստն ու արժէքը, հետեւաբար կը նախատեսեն արդիւնքը։

***
…Ամիսներ տեւած լռութենէ ետք, երբ Գահիրէի մէջ գրիչը վերստին ձեռք կ’առնեմ, ո՛չ հայհոյելու, ո՛չ փնովելու, ո՛չ ալ այպանելու սիրտ ունիմ։ Ամէն ինչ արդէն աւելիով ըսուած է։

Զիս խօսելու մղողը տարբեր պատ-ճառ ունի, աւելի ստոյգ՝ մտահոգութիւն, էութիւն լլկող յաճախանք։

Արցախի յանձնումէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29․800 քառ. քլմ․ով զմռսելու եւ անկախութեան տենչէն ըստ էութեան զրկելէ ետք, վերջնականապէս խեղդելու համար Հայ դատը եւ հզօր պետականութեան ազգային իղձը՝ արտասահմանը աւելի ամբողջական կերպով ձեռք առնելու պահը հասած կը նկատուի։

Պետականամէտը եւ իշխանամէտը դիտմամբ իրարու խառնելով եւ շփոթ ստեղծելով, յանձնակատարը կամ իր գործատուն պարզապէս կը կրկնեն հին՝ խորհրդայիններու չար աւանդոյթը – բաժնէ՛ որ տիրես։ Այս բառախաղին տակ ծածկուած չէ միայն սեփական իշխանութիւնը երկարաձգելու, Սփիւռ- քի աջակցութիւնն ապահովելու, ընդդիմախօսներուն քաղաքական պարտութեան մատնելու (դաւադի՜ր) դիտաւորութիւնը։ Աւելի հեռահար է թիրախը եւ անմիջական կապ ունի ինչպէս թուրք-ատրպեճանական զոյգի ծանօթ ձգտումներուն, այնպէս ալ ռուս-ամերիկա-արեւմտեան ծրագիրներու ուրուագիծերուն հետ։
Սակայն ամէն ինչ սկիզբ մը ունի. փորձենք մեր մտածումը հասու դարձնել ընթերցողին։

Հայ հասարակութիւնները՝ երկրէն ներս թէ անկէ դուրս, արդէն պառակտուած վիճակ կը պարզեն։ Սակայն անձնապէս, համոզուած եմ որ պառակտումի պատճառները կեղծ են եւ շինծու։

Փաշինեան եւ իր խմբակը «թաւիշով» եկան, ժողովրդական ընդվզումի ալիքի վրայ, որուն առանցքը «աւազակապետութեան տապալում»ն էր, մասամբ՝ «Ղարաբաղեան կլանը», նաեւ՝ դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահութիւնը։ Փոքրաթիւ մարդիկ այս պատճառներուն վերագրեցին Նիկոլի երեւումը 2018-ին, ապա՝ պատերազմին պարտութիւնը, պարտութեան յաջորդած ընտրական յաղթանակը 2021-ին։

Մինչ այդ ալ կար խորքային պատճառը, որ դաշնակցականներու եւ ազգային մտածելակերպի տէրերու՝ այսօրուան դրութեամբ 33-ամեայ յարատեւ քննադատութեան առարկան էր։
Պետութեան ուղղութիւնը։

Եկող-գացող իշխանութիւնները, այն պատրանքը ստեղծեցին թէ անկախ քաղաքականութիւն կը վարեն։ Պատերազմ էր՝ նախ յաղթեցինք։ Յստակ էր նպատակը։ Ազգային կամքը Արցախը հայկական պահելն էր անկախացման արեւածագին, եւ յաղթեցինք։

Հետեւեցաւ պետութեան զարգացման ընթացքը, որ ոչ մէկ կերպով համընկաւ ազգային կամքին հետ։

Ազգային կարողականութեան եւ պատրաստակամութեան յարաբերաբար՝ թերի եւ անհամապատասխան եղաւ պետութեան զարգացման տրամաբանութիւնը եւ կշռոյթը։ Ընկերային կարգուսարքը դաւաճանեց անհաւասար կռուի մէջ նետուած հայկազուններու թռիչքին եւ զանոնք՝ նոյնիսկ նահատակները կրկի՛ն անգամ նահատակեց։

Մեր կուսակցական բառամթերքին մէջ այս ընթացքը կ’որակուի ապաքաղաքականացում, քաղքենիացում, ապազգայնացում եւ այլասերում։
Նիկոլը կամ նմանը ահա այս միջավայրի հարազատ ծնունդն էր, որ եկաւ եւ մահացու հարուած հասցուց անկախութեան արշալոյսին ցցուած, ծառացած եւ անպարտ մնացած ազգային կամքին։ Կամքը չջլատուեցաւ, ուղղակի մորթուեցաւ, ողջակիզուեցաւ։

Եւ ահա կը մօտենանք առաջին կանգառին՝ որ անուն ունի եւ կենսագրութիւն. Հայաստանի Հանրապետութիւն, ժառանգորդը խորհրդայինին, 29․800 քառ. քլմ․ տարածքով, որուն ազատագրուած Արցախը միաւորելու խոյանքին զինուորուած էին Հայաստան թէ Սփիւռք՝ 1987-88 թուականներէն եւէթ։ Այս ներքին գուպարը, որուն բեւեռները մէկ կողմէ՝ Տէր Պետրոսեան Լեւոն նախագահն ու միւսը՝ Ազգային գաղափարախօսութիւնն էին, պիտի կոչենք ՀՀ +/- ԱՀ․ այսինքն Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ առաւել կամ նուազ Արցախի Հանրապետութիւն։

Հոսկէ արդէն կը խորհիմ կրնամ անցնիլ բուն խնդիրին։

***
Ինչպէս ծանօթ է, 29․800 քառ քլմ․ տարածութեամբ Հայաստանը երկնած էին խորհրդայինները, կարմիրներու կայսերապաշտութիւնը, Ստալինը, եւ այլն։ 1920-ի Սեպտեմբերին՝ քեմալական արշաւանքը Կրեմլի բոլորանուէր աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մայիսեան խռովութիւններէն ետք չդադրեցան հակապետական քարոզչութիւնն ու զայն ջլատելու գործողութիւնները, ընդհուպ մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացում։ Քիչ մը աւելի ուշ՝ Սիւնիքը Ատրպէյճանի յանձնելու ջանքերը ի թերեւ հանեց Գարեգին Նժդեհի գլխաւորած դիմադրական շարժումը, իսկ Արցախին աւելի ուշ պարտադրուեցաւ Ատրպէյճանին մաս դառնալ, որուն երբեք չհաշտուեցաւ բնիկ հայ ազգաբնակչութիւնը։

Երբ յետադարձ ակնարկ կը նետենք, կը տեսնենք խորհրդային «տրամաբանութեան» ժառանգ թողած անխախտ սահմանը. 29․800 քառ քլմ․նոց կղզիացած Հայաստան։ Ամբողջ եօթանասուն տարի այս սահմանները պահպանուեցան. ապարդիւն մնացին Հայաստանին միաւորուելու Արցախի հայութեան պարբերական դիմումները՝ Կրեմլին։ Հայանուն համայնավար ջոջեր ոչի՛նչ ըրին, իսկ ազերիները խլուրդի պէս բանեցան…

Չենք խօսիր Նախիջեւանի եւ խորհրդայնացած այլ հողերու մասին, որոնք ներքին կարգով բաշխուեցան աջ ու ահեակ։

Հիմա, Նիկոլը հայրենիք ու պետութիւն հասկացութիւնները իրարու կը խառնէ, պետութիւնը միակ հայրենիք կը դաւանի, անոր սահմանները նախանձախնդրաբար կը պահէ խորհրդայիններուն «աւանդ» թողած սահմաններուն մէջ՝ 29․800 քառ․ քլմ․։ Եւ իր ըսածը համահունչ է թէ՛ Կրեմլին եւ թէ պէսպիսուն Արեւմուտքին՝ Իսթամպուլէն մինչեւ Լոնտոն եւ Ուաշինկթըն։

Ամէն ոք իր դիտակէտը եւ տեսակէտը՝ շահը ունի, բացի պաշտօնական Երեւանէն, որ կ’ըսէ, թէ անդառնալի ապախորհրդային՝ անկախ Հայաստան կը կառուցէ։ (Այլ հարց, թէ ի՞նչ կը հասկնան անկախութիւն ըսելով):

Անհասկնալի է կղզիացումին եւ փոքրացումին այս կառչածութիւնը, եթէ նկատի ունենանք Ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերը, թէեւ շատ հասկնալի կը դառնայ ան՝ եթէ խորհինք խորհրդային կամ այլ միութեան մը մաս կազմելու հեռանկարով։ Այլ-ին մաս կրնան կազմել մեր շուրջ բոլորի պետութիւնները՝ «բարեկամ» կամ «թշնամի»։ Կը չակերտեմ, որովհետեւ այս հասկացութիւնները յարաբերական են սեփական շահերուն եւ նպատակներուն… Մենք միայն գիտենք նիկոլական 29․800 քառ. քլմ., որուն՝ ցաւ ի սիրտ կողմ կը թուին ըլլալ նաեւ թունդ… ընդդիմախօսներ։ Այս թիւը սկսած է ամրագրուիլ քիչ մը ամէն տեղ:

Ասիկա կատակ չէ։ Այսօր կը կերտուի պատմութիւն եւ իրաւունք։ Իրաւունքը տէր կը պահանջէ եւ այդ տէրը՝ կը յուսայինք որ ըլլար պետութիւնը, բայց յուսախաբ եղանք…

Իսկ հայոց իրաւունքը ծնունդով նախախորհրդային է. այդ իրաւունքին մահացու թշնամի եղան խորհրդայիններն ու ժառանգը ստացողները։ Այսօրուան բաժանարար գիծը՝ Հանրապետութեան եւ Ազգային գաղափարախօսութեան միջեւ, ճի՛շդ հոս է։ Իրաւունք։ Երբ հանրապետութիւն կ’ըսենք, արդի իրողութիւններուն (եւ իշխանականներուն տարածած տրամաբանութեան) բերումով, անիկա կը նոյնանայ իշխանութիւններուն հետ, որոնք ըստ կամս, առանց աջ կամ ձախ նայելու, վայրկեանի շահերու թելադրանքով կ’ուրանան իրաւունքը։

Խորհրդային մտածողութեան ժառանգութիւն է՝ պետութիւնը նոյնացնել իշխանաւորին հետ։ Ամբողջատիրական, այլամերժ գաղափար է սա։ Նիկոլը, ինչպէս Տէր Պետրոսեան Լեւոն նախագահը, անոնց հարազատ ժառանգորդներն են, իսկ պետութիւնը՝ իշխանութեան նման, իրենց ագարակը. անոնց միջեւ ինկած երկուքին՝ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի հարազատութիւնը՝ խորհրդային այդ տրամաբանութեան՝ փոքր բայց էական տարբերութիւն մը ունէր. Արցախը, որ այսօր կրկին պէտք է ազատագրուի։

***
Այժմ։ Երբ Փաշինեան կամ իր քաղաքական սայլին լծուածները կը խօսին Սփիւռքը պետականամէտ դարձնելու մասին, մարդս չի կրնար չմտածել, որ ահա՛՝ խորհրդային մտածողութեան դրսեւորում մը եւս հրապարակ կու գայ, հակադրուելու Ազգային գաղափարախօսութեան։

Իսկ ի՞նչ է Ազգային գաղափարախօսութիւնը, եթէ ոչ՝ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանը – հիմք, մեկնակէտ եւ նպատակակէտ։ Հակադրութիւնը, հետեւողաբար ներկայ վարչակարգի բառամթերքին՝ Պետութեան եւ Պետութեան պատկերացումներուն միջեւ է։ Երկուքն ալ Հայաստանի հողին վրայ։ Երկուքն ալ նոյն ժողովուրդին համար։

Տարբերութիւնը՝ Հայաստանի տարածութեան եւ ժողովուրդի թիւին մէջ է։

Շատախօսութիւն էր 33 տարի առաջ հռչակուած Հանրապետութեան՝ ժողովրդավարութիւն վերագրելը, ընկերային արդար հասարակարգ հետապնդելը, զտարիւն ազգային, ապաֆաշիստական ազգայի՛ն ըլլալը։ Այսօր նոյն շատախօսութեան շարունակութիւնն է որ կը փորձեն հրամցնել, հրապարակ նետելով… պետականամէտ սփիւռք հասկացութիւնը։ Իրենք ալ լաւ գիտեն որ չեն յաջողիր։ Բայց իրենց հետապնդածը՝ սփիւռքը վերստին խառնելն է եւ սփիւռքի անունով խօսելու իրաւունք ձեռք բերելը… քանակ հաւաքելով եւ բուծանելով։

Անշուշտ չենք հարցներ իրենց, թէ ներկայ սփիւռքը ինչո՞վ պետականամէտ չէ, բայց իրենք՝ ծրագիրը մշակողները պէտք է բացատրեն արար աշխարհին, որ արդեօք իրենք պետականամէ՞տ են, եղա՞ծ են, պիտի ըլլա՞ն եւ ինչպէս չափենք այդ պետականամէտութիւնը։ Ասոր պատասխանը յստակ ու մեկին պէտք է տան՝ հետեւելով աստուածային իմաստութեան՝ ծանի՛ր զքեզ…

Մինչ այդ սակայն եկէք մենք ալ մեզ արժեւորենք։

***
Սփիւռք։ Սփիւռք ունեցած ենք միշտ։ Փոքր կամ մեծ։ 1915-էն առաջ Հայաստանը իր ողջ ծաւալով՝ Մեծ ու Փոքր Հայքերով, Կիլիկիայով կը պայքարէր հայօրէն շնչել կարենալու համար։ 1915-էն ետք ափ մը հող մնաց մեզի, թէպէտեւ հոս-հոն կռուեցանք, յաղթեցինք ալ, բայց արդիւնքը մեծաւ մասամբ եղաւ հայրենազրկումը։ Այսօրուան նման։ Արցախը մեզի օրինակ։ Վերջին ճակատումին՝ կռուեցաւ, թէկուզ մէկուկէս օր, բայց արի՛աբար, առիւծի՛ նման, սակայն ի վերջոյ գլխիկոր նահանջեց։

Մեր անցեալի պատմութիւնը շա՛տ աւելի լաւ պէտք էր սերտած ըլլային 1991-ին անկախութիւն հռչակած Հայաստանի հայրերը։ Հայը՝ օճախին, հողին, իր հայրենիքին կառչած մարդ է, պատրաստ այդ արժէքներուն համար անմռունչ զոհուելու։ Արի է, անվախ, կրակի մէջ նետուող։ Եւ ասիկա ապացուցած է նա՛եւ հայրենի հողէն հեռու ալ։

Վկայագրութիւնները անհամար են։ Առնենք Լիբանանը իր քաղաքացիական տասնհինգամեայ անդոհանքով։ Ելքը մարտի դաշտին վրայ արիութեամբ որոշուեցաւ այնքանով, որ այդ պահուն ֆիզիքական ապահովութիւն կու տար։ Իսկ յաղթանակը շատ աւելիին պէտք ունէր։ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆԵՐ ԾՈՒՆԿԻ ԿՈՒ ԳԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՅԴ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ։ Լիբանանի օրինակով առաջ երթալու համար ըսենք՝ հոն պառակտումը ահաւոր անջրպետներ ստեղծած է, ցեղային, կրօնա-դաւանական, քաղաքական-գաղափարական այլազանութիւն, որ ժամանակ մը իր կենսունակութեան աղբիւրն էր՝ շուռ եկաւ զանոնք կրող ժողովուրդին դէմ։ Անէացաւ զանոնք զօդող եւ միաւորող նպատակը եւ այդ նպատակին ծառայող ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ։ Այս վերջինին՝ համակարգի՛ն ուշադրութիւն դարձուցէք։

Համակարգը կ’արժեւորէ բոլոր հնարաւորութիւնները՝ աշխարհագրական, ժողովրդագրական, կրթական, տնտեսական, գիտական, ընդերքի հարստութիւն թէ արդար աշխատանքի քրտինք եւ թանկագին զաւակներու արիւն։ Առանց օրէնքի եւ բարոյականութեան վրայ բարձրացած համակարգի՝ ոչինչի կը վերածուի ամէն ինչ։ Իսկ անոր ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ՝ գաղափարն է, նպատակը։

Արդ, վերադառնալով Հայաստան աշխարհ, հազարամեակ մը առաջ, մեր թագաւորական վերջին տուները ինկան Մեծ Հայքի մէջ, երեք դար ալ ունեցանք Կիլիկեան թագաւորութիւն։ Ինչո՞ւ ինկան՝ շատ աւելի խոր հարց է, որ պէտք է բազմակողմանի ուսումնասիրուի նա՛եւ այսօրուան տուեալներուն լոյսին տակ։

Իսկ մենք ներկայի մէջ պարտաւոր ենք մենք մեզի նախ ըսել՝ մենք ունէինք ծովէ ծով հայրենիք, թէկուզ երկար ժամանակ պետականազուրկ, իսկ այսօր անոր մէկ մասով, կը խորհինք, որ պէտք է վերակերտենք զայն, վերատիրանանք մեր հայրենիքին եւ սեփական պետութիւնը հաստատենք անոր վրայ։

Սփիւռք։ Ամբողջ աշխարհն ընդգրկող այս հասկացութիւնը իր տարածուածութեամբ իսկ թուլութեան պատճառ է։ Այո՛, անկասկած։ Ո՜ւր կեդրոնացած բնակչութիւն ունեցող հայրենիքը կամ աճելավայրը, ո՜ւր անսահման տարածութեան վրայ փռուած մեծ ու փոքր կղզեակները։ Այնուամենայնիւ, մեր կարծիքով, ամէն անպատեհ իրողութիւն ունի առաւելութիւն, որ եթէ ի՛ր տրամաբանութեան մէջ օգտագործուի, թուլութիւն-տկարութիւն չի մնար տակը ու մէջտեղ կու գայ ուժ։ Հեռու չերթանք. հանապազօրեայ համացանցը։

Ասկէ ալ՝ կազմակերպական ապակեդրոնութեան եւ գաղափարական կեդրոնացուածութեան առաւելութիւնը, որուն քաջ ծանօթ ենք, բայց ազգովին չենք օգտագործեր։ Զի երկուքն ալ խորապէս մշակուելու կարիք ունին, մին՝ տեղւոյն պայմաններուն համապատասխանեցնելու համար, երկրորդը՝ կեդրոնաձիգ եւ տարտղնում չհանդուրժող մօտեցումով՝ կամքով, կորովով ու աշխատանքով։

Մենք որպէս սփիւռք՝ անմասն չենք պատասխանատւութենէն։ Պատասխանատու ենք ոչ միայն նպաստելու տրամաբանութեամբ, այլեւ բոլորանուէր մասնակցելու բոլոր նախաձեռնութիւններուն, խորհելո՛վ եւ երկնելո՛վ։

Ասիկա մակարդակ մը կ’ենթադրէ, որմէ շատ հեռու ենք այսօր իմացականօրէն։

Եկէք, սապէս մտածենք․ եթէ ըսենք ՀԱՐԿԸ ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԼՈՒԾԷ՝ օրէնքը ո՞ր կողմը պիտի իյնայ։ Այսօրուան դրուածքով՝ օրէնքը եթէ անտարբերութիւնը չէ, ապա կրաւորականութիւնն է, մատներու ծայրով գործ բռնելը։ Եւ երբ հարկ ըլլայ ամբողջ էութեամբ գործին փարելու, անվարժի վիճակ կը մատնենք, զի օրէնքը անվարժ ըլլալն էր, իսկ կեանքի ու պայքարի թելադրանքը տարբեր բան կը յուշեն՝ պատրաստ ըլլալ ամէն հաւանականութեան, որ կը նշանակէ, թէ օրէնքը պէտք է տեղափոխուի եւ իր նախկին տրամաբանութենէն դուրս գայ, հարկադրանքին առանց սպասելու։ Ասիկա բոլոր՝ խաղաղութեան թէ կռուի պարագաներուն։

Նուաճելու համար այս մակարդակը՝ գաղափարի համար եւ անոր ծառայող համակարգը կենսական է։ Ա՛յն է որ պիտի հրապուրէ, ներգրաւէ եւ գործի լծէ նորահասին կողքին աւագը, երէցը, երիցագոյնը, իւրաքանչիւրը իր դիրքին ու փորձառութեան համապատասխան, եւ բանեցնէ զանոնք՝ մեծ թէ փոքր, նպատակներ իրականացնելու։

Արդիւնաբերող մեքենայի գաղափարն է ասիկա։ Պետութիւնը մեքենայ մըն է, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ամէն օր կը նպաստէ անոր զարգացման։ Սփիւռքի մէջ այդ պետութիւնը չկայ, որ արդիւնաւորէ հայ մարդու հանապազօրեայ աշխատանքը։

Ուրեմն պէտք է հնարել զայն, թէկուզ ընդօրինակելով այլոց փորձը։ Եւ չկա՞ն նախընթաց փորձեր։ Շա՜տ։ Կը բաւէ կամենալ, ժամանակ յատկացնել, ամենէն կարեւորը՝ հաւատալ սեփական կարողութեան։

Մինչեւ երէկ հաւատացինք, որ հայրենիքը եւ պետութիւնը այդ դերը վերջապէս պիտի ստանձնեն։ Հիմա կոտրած տաշտակի առջեւ նստած ենք եւ ի զուր կը փորձենք այս կացութենէն դուրս գալ։ Մասնակի ելքեր չկան։ Ես համոզուած եմ։ Ամբողջ ճակատով պայքար կը մղուի մեզ դէմ. ամբողջ ճակատով հակայարձակման անցնելու կարիք կայ՝ յաղթահարելու համար երեւելի եւ աներեւոյթ վտանգները, բայց նախ պէտք է յաջող կերպով պաշտպանուիլ, արձանագրել փաստը եւ ապա միայն շարունակել։

Այսօր արդէն հարկը կը պահանջէ դուրս գալ այս վիճակէն։ Վաղը՝ եթէ դատարկութիւններ գտնուին սփիւռքի տարածքին, չզարմանաք, եթէ օտարի, մինչեւ իսկ թշնամիի՛ն սպասարկու գործակալները գան եւ բազմին այդ դատարկութիւններուն մէջ ու թելադրեն այն՝ ինչ որ այսօր հեռուն նստած՝ կը մերժենք՝ Արցախի յանձնումէն մինչեւ իրաւունքներէն զիջում, Հայ դատին վրայ նորոգուած եւ աւելի ծանր գերեզմանաքարի զետեղում։ Այսօր հայրենաբաղձութիւնը բարոյական հասկացութիւն է, երէկ՝ լիարիւն ապրում էր, իսկ վաղը պէտք է դարձնենք առարկայական ու հասանելի՛ պահանջ, որուն համար կը պայքարինք ամէն օր ու ամէն ժամ, իւրաքանչիւրս՝ իր դիրքին վրայ։

Թերեւս երեւակայական-երազային թուի ըսածս, սակայն կը հաւատամ որ հնարաւորութիւնն ունինք նոյնիսկ աւելին ընելու, միայն կամենանք կազմակերպուիլ եւ գաղափար-համակարգ զոյգով առաջ ընթանալ։ Ի վերջոյ, ամէն գործնապաշտ եւ իրականացող գործ՝ ճամբայ կ’ելլէ տեսիլքով մը, տեսլականով մը, երազո՛վ մը…

Սինանեանը սփիւռքի ատամները հաշուած է եւ կու գայ իր կեղծ ատամնաշարով բոլորովին սովի մատնելու հայոց ոգին։

Ասոր դէմն այսօ՛ր պէտք է առնել առանց խուճապի եւ անէծքի, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ։ Համայնավար- պոլշեւիկները 20-ականներուն յաջողեցան, հակասութիւններ աւելցուցին եղածներուն վրայ եւ երկար տասնամեակներ մեր ժամանակը եւ ջանքը վատնեցին անպտուղ պայքարներու մէջ։ Այսօր՝ 21-րդ դարուն, ամօթ է, որ անոնց իսկական ժառանգորդները մեզ նոյն ծուղակը ձգեն եւ շեղեն այն ճամբէն, որմէ պէտք է յառաջանանք դէպի Ազգային լիարժէք նպատակներու իրագործում։

Եզրակացնենք․ ներկայիս Հայաստան եւ սփիւռք բեմադրուող պառակտումը կեղծ է, Ռուսիա թէ արեւմուտք՝ ԱՄՆ եւ ընկերութիւն, կրնան զարգացման մոդելներ յուշել, սակայն ռազմավարական կամ այլ մեծ-մեծ բառերը աղ-պիպեռ, համեմունք են… համերը տեղը բերելու ծառայող։ Իսկ ո՞րն է իսկականը՝ այն ալ սկիզբը նշեցինք, որ հիմա կրնայ մոռցուած ըլլալ՝ կրկնենք. 29․800 +/- Արցա՞խ, թէ Միացեալ Հայաստան, Միացեալ Հայութեամբ։

Անոնցմէ իւրաքանչիւրն իր սկիզբը եւ ապագայի առաջնորդող ուղին ունի։ Հայաստան, յետանկախութեան, դժբախտաբար ամբողջականին տէր չկանգնեցաւ, այլ մասնակին ընտրեց ու կեանքը զարգացաւ այդ ուղղութեամբ։ Այսօր՝ պարտութենէն ետք թերեւս մտածե՞ն որ առանց ամբողջականի ազատ, անկախ Հայաստանը պատրանք է, ինչպէս պատրանք է արդի իմացական-կազմակերպական որակով ամբողջականը երազելը։

Կրկնենք՝ կամք, աշխատանք ու կորով, երեք ձիրքեր են որով, մարդ ցամաքի, ծովու թէ օդի մէջ միշտ կը յաջողի։

Երանելի մօրս խրատն էր ամէն անգամ որ անելանելի դժուարութեան հանդիպէին զաւակները։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles