ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔԱԹԱՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 12 Second

Երեքշաբթի, Յունուար 9-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)՝ պետութեան հրաւէրով: Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ պետական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի հայ գաղութին հետ:

Այս աայցելութեան ընթացքին, Նորին Սուրբ Օծութեան ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան, Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ ներկայացուցիչներ Քաթարի գաղութէն:

Պետական հրաւէրով կարճատեւ այցելութեամբ Տոհա (Քաթար) իր կեցութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դեսպանատուներուն կատարած աշխատանքներուն: Այս այցելութիւնները առիթ հանդիսացան անդրադարձ կատարելու տուեալ երկրին առնչուած հարցերուն:

Ապա, ընդառաջելով Անգլիոյ մօտ Քաթարի դեսպան Ֆահըտ Պըն Աթիէի հրաւէրին, Հայրապետը անոր ճաշի հիւրը եղաւ։

Նոյն օրը, Նորին Սուրբ Օծութիւնը անձնական այցելութիւն մը տուաւ Քաթարի քարիւղի նախկին նախարար Ապտալլահ Պըն Աթիէին, ընդառաջելով անոր հրաւէրին:

Արամ Ա․ վեհափառը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, նաեւ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի համայնքի ազգային վարչութեան հետ, որմէ ետք, Լիբանանի դեսպանատան մէջ, հանդիպեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ։ Նորին Արբութիւնը գնահատեց անոնց ամուր կապուածութիւնը հայ լեզուին, մշակոյթին ու աւանդութիւններուն եւ թելադրեց, որ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին առընթեր, թեմին ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, յաճախակի առիթներով ձեռնարկներ կազմակերպեն, որպէսզի համայնքի զաւակները առիթ ունենան միասին ըլլալու:

Յիշեալ հանդիպումներուն Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։ Նշենք, որ Լիբանանի դեսպանուհիին բացակայութեան, վերջերս հիւպատոս նշանակուած Շանթ Վարդանեան եւս ներկայ գտնուեցաւ Նորին Սրբութեան հանդիպումներուն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 10-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վարչապետարանին մէջ շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մուհամմէտ Պըն Ապտ Ալ-Ռահման Պըն Ճասէմ Ալ-Սանիի հետ, ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի, Քաթարի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Շանթ Վարդանեանի, Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեանի, Ս. Աթոռիս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի եւ Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի։

 Հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեք յաջորդական հանգրուաններով։ Առաջին հանգրուանը՝ պատուիրակութեան ներկայութեամբ. Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով 12 տարի առաջ Քաթարի էմիրին հետ ունեցած հանդիպումին՝ յիշեցուց, թէ երեք բառերով բնորոշած էր Քաթարի ընթացքը՝ զարգացում, չափաւորութիւն եւ երկխօսութիւն։ Այսօր ուրախ եմ հաստատելու, որ վերանորոգ կերպով Քաթարը կը շարունակէ իր ընթացքը՝ միջազգային համայնքին մէջ իր կարեւոր դերակատարութեամբ եւ Միջին Արեւելքէն ներս իր վճռորոշ դերով՝ կարգ մը բարդ խնդիրներու գծով, յատկապէս Իսրայէլի պատերազմը Կազայի դէմ ու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Ապա, Նորին ՍՈՒՐԲ Օծութիւնը խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ Սփիւռքի հայ գաղութներուն մասին։ Այս ծիրէն ներս, ան անդրադարձաւ Քաթարի հայ գաղութին։ Այս գծով Մեսրոպ սրբազան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց վարչապետին։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը վարչապետէն խնդրեց, որ պետութեան կողմէ հողաշերտ տրամադրուի մեր գաղութին՝ եկեղեցւոյ շինութեան համար։ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան եւ այդ գծով Քաթարի իւրայատուկ դերին։

Պատասխանելով Վեհափառ Հայրապետին՝ վարչապետը նախ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց Հայրապետին այցելութիւնը, որ կը կատարուէր ընդառաջելով իր իսկ կողմէ յղուած պաշտօնական հրաւէրին։ Վարչապետը յայտնեց, թէ Քաթարը կը շարունակէ այն ուղին, որ Նորին Սրբութիւնը տարիներ առաջ պարզած էր նախկին էմիրին։ Վարչապետը ըսաւ, որ հարցերու լուծման գծով մեր նպատակը միշտ եղած է արդարութիւն ու չէզոքութիւն։ Խօսելով հայ համայնքին մասին՝ ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եւ ընդգծեց, թէ ուր որ հայ ժողովուրդը բնակած է՝ հաւատարիմ մնացած է իր բնակած երկրին եւ պահած է իր մշակոյթը, լեզուն եւ ինքնութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի հողաշերտին, վարչապետը ըսաւ, որ ինք պիտի փորձէ օգտակար հանդիսանալ հայ համայնքին հող տրամադրելու համար։

 Հանդիպման երկրորդ հանգրուանին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին։ Լայնօրէն խօսուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն, նախաձեռնութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին։ Վարչապետը շեշտեց շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը՝ միաժամանակ յայտնելով, որ յառաջիկային Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցով մօտէն զբաղելու կոչուած յանձնախումբը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ Քաթար), իր նախագահութեամբ, պիտի լծուի աշխատանքի։

Հանդիպման երրորդ հանգրուանը կայացաւ Նորին Սրբութեան եւ վարչապետին միջեւ, ուր Հայրապետը անդրադարձաւ կարգ մը հարցերու։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles