1 0
Read Time:2 Minute, 38 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական
“Միայն կռուող ազգը կարողութիւն ունի պատասխանատուութիւն ստանձնելու ի խնդիր աշխարհի խաղաղութեան, եւ այդպիսի ժողովուրդ մը պէտք է իր նիւթական միջոցներն ու մարդուժը կազմակերպէ առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ»:
Թայուանի ղեկավար Չանկ Քայ Շէք (1887-1975)
Ահազանգային հնչեղութիւն ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս տարուան պատգամը, որ յանձին Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Վեհափառ Արամ Ա․ի՝ 2024 տարին հռչակած է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։
Պատգամին մէջ մանրամասնօրէն կը բացատրուի, կը տեղեկագրուի եւ կ՛եզրակացուի, թէ հեռու ենք, շա՜տ հեռու՝ այն իրավիճակէն, որ կ՛երազէինք կամ կ՛ենթադրէինք, թէ կրնայինք ունենալ։
Յստակ է, թէ շա՜տ բան ճիշդ ձեւով չ՛ընթանար։ Եկէ՛ք, իրատես ըլլանք եւ հարց տանք, թէ արդեօք ի՞նչ բան ճիշդ կ՛ընթանայ։ Բնագաւառ մը, ոլորտ մը կա՞յ, ուր կրնանք խղճի ամենայն հանգստութեամբ, աչքերնիս գոց հաստատել, թէ գործը հեզասահ կ՛ընթանայ։
Հոգեբանական խոր վերլուծումներու եւ նիչէական ու ֆրէօտեան հոգեբանական-հոգեբուժական ախտաճանաչումներու չերթանք։
Մեծով, պզտիկով ազգային լուրջ մտահոգութեան մէջ ինկած ենք։ Թմբի՞ր, մահաքո՞ւն, թէ՞ պարզապէս անտարբերութիւն։
Յստակ է. իւրաքանչիւր հայորդի, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, եւ ի շահ հայրենիքին, պէտք է ազգային ու թափանցիկ դաստիարակութեամբ կրթութիւն ստանայ, ճիշդ ուղղութեամբ յառաջ ընթանայ, լաւապէս թրծուի, հեռու մնալով ծայրայեղութիւններէ, ըլլան անոնք ազգային, թէ ապազգային, կրօնական թէ գաղափարական։ Իւրաքանչիւր նոր սերունդի ներարկուած աւիշով է, որ կը կերտուի հայորդիին էութիւնն ու ազգի ապագան։
Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահ եւ ապա նախագահ Լինտըն Ճոնսըն, այդ օրերուն, երբ ստանձնած էր երկրին ղեկը, թօթափելու համար նախագահ Քենետիի սպանութեան ստեղծած գահավէժ ու վտանգաւոր վիճակը, կոչ ուղղած էր կարեւորելու մարդուժը եւ շեշտած, թէ կարելի չէ յառաջ երթալ, բարգաւաճիլ եւ զարգացում իրականացնել առանց մարդուժի։ Ան շեշտած էր, թէ պէտք է պայքարիլ անտարբերութեան դէմ, եւ այդ պայքարի բանալին՝ նոյնինք պարզ քաղաքացին է, իրազեկ ու դաստիարակուած քաղաքացիներու ամբողջ բանակը:
Այս իրականութիւնը, պահա՛նջը, շատ աւելի խիզախ եւ տպաւորիչ ձեւով կ՛արտայայտուի Չանկ Քայ Շէքի վերոյիշեալ խօսքին մէջ: Ան վիթխարի Չինաստանին դէմ պայքարած է եւ հետեւողական եւ տաժանակիր աշխատանքով կրցած է մարդուժ կերտել: Անշուշտ հոս կարելի չէ անտեսել Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու տրամադրած օժանդակութիւնն ու ներդրումը (օժանդակութեանց յետին նպատակներն ալ՝ այլ պատմութիւն, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր)։
Վեհափառի պատգամին մէջ, յստակօրէն կը նշուի, թէ մարդուժ գոյութիւն ունի եւ հայորդին թրծուած է, կազմ ու պատրաստ, սակայն հարցը դժբախտաբար իրազեկութեան մէջ է, ու ներառման գործընթացն է, որ կը պակսի։
Հետեւաբար, հրամայական է, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ, բազուկները գործի լծուին եւ միաւորուին ազգային գերագոյն շահերու հետապնդման գործին մէջ, մէկդի դնելով ամէն տեսակի եւ մակարդակի կողմնակի եւ անգոյն հաշիւներ։
Այսօր, Հայաստանէն (դժբախտաբար կարելի չէ խօսիլ անոր այլապէս անբաժանելի մէկ մասնիկին՝ Արցախի մասին) մինչեւ սփիւռքահայ մեծ ու փոքր օճախներ՝ կը պակսի խորաթափանց մօտեցումը, օգտագործելու ճիշդ անձը՝ ճիշդ դիրքին վրայ, մէկ խօսքով՝ օգտուելու ՄԱՐԴՈՒԺէն: Պետական կառոյցներէն, սկսելով երկրի ղեկավարէն մինչեւ նախարարներ, դեսպաններ, սփիւռքի զանազան օճախներու պատասխանատու պաշտօնի վրայ գտնուող երեւելի անձնաւորութիւններ շատ աւելի ներդաշնակ եւ արդիւնաւոր կացութիւն պիտի ստեղծէին եւ Հայաստանը պիտի չգտնուէր կործանման սեմին։ Պէտք է հաստատենք, թէեւ, որ այլ կառոյցներու եւ կազմակերպութեանց մէջ, պատկերը համեմատաբար աւելի դրական է տեղ-տեղ:
Մանրամասնութիւն մը. մարդուժ՝ ինքնաբերաբար կը նշանակէ մտքի, խելքի՛ ուժ, որուն հանդէպ վանողականութիւն մը կը տիրէ մասնաւորաբար հայրենի իշխանաւորներու շրջանակին մէջ, եւ կարծէք թէ անով կը վարակուին ուրիշներ…
Հուսկ, երբ ճիշդ անձը ճիշդ պաշտօնին կոչուի, եւ այդ՝ ճիշդ պահուն, ինքնաբերաբար ՄԱՐԴՈՒԺն է, որ կը գերազանցէ «մարդուկ»-ը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles