ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐՀՆԷՔՆ ՈՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:45 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․-  Շաբաթ, Յունուար 6-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական Սուրբ Ծննդեան հիւրասիրութիւնն ու  տնօրհնէքը։

Բացման խօսքին մէջ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան յիշեցուց ներկաներուն, որ այս աւանդութիւնը սկսած էր հոգելոյս Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի առաջնորդութեան շրջանին։ Ան նաեւ անդրադրաձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան եւ վերանորոգութեան ու մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութեան, ինչպէս բանաձեւուած է Վեհափառ Հայրապետի 2024ի հռչակագրին մէջ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց զանացան հիւրերու՝ Առաջնորդարանին եւ ծուխերու հանդէպ ցոյց տուած աջակցութեան եւ նուիրումին համար։

Տնօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։ Ներկայ էր Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող տիար Շահան Գանտահարեան՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր։ Տնօրհնէքէն ետք, ներկաները վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւն մը։

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles