Երեւանի Մէջ Նշուեցաւ  «Համազգային»-ի 95-Ամեակը

0 0
Read Time:1 Minute, 13 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 15-ին Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ Ազգային ժողովի Հ․Յ․Դ․ պատգամաւորներ, Համազգայինի` տարբեր երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերու, կրթական, հրատարակչական եւ մշակութային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, «Թէքէեան» միութեան ղեկավար Ռուբէն Միրզախանեան, բարերարներ, արուեստագէտներ եւ այլն:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան` կարեւոր նկատելով Համազգայինի անցած նուիրական ուղին ու առաքելութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց եւ արժեւորեց այն նուիրեալ մտաւորականները, ազգային գործիչները, որոնք ստեղծեցին այնպիսի կուռ կառոյց, որուն անցած ճանապարհը թէեւ դժուար, բայց նուիրական է ու վեհ: Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անունով ելոյթ ունեցաւ Կիրօ Մանոյեան:

«Համազգային» թատրոնի դերասան Արման Նաւասարդեան կարդաց Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» թատերախաղէն հատուած մը: Ցուցադրուեցաւ «Համազգային»-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի մասին պատմող տեսանիւթ, որուն մէջ ներկայացուած էին «Համազգային»-ի կատարած հայապահպանական աշխատանքները, գրասենեակներու որդեգրած ճանապարհը:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Հայ հոգին» տեսահոլովակը, որ համավարակի օրերուն կեանքի կոչուած է «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ` համախմբելով աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ապրող երգիչներ ու երաժիշտներ (խօսք` Մուշեղ Իշխանի, երաժշտութիւնը` Արմենուհի Կարապետեանի):

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Կադանս» համոյթը, «Կոմիտաս» քառեակը, Մաւր Մկրտչեանը, «Կիլիկիա» եռեակը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles