ՎՃՌԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ` Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 25 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12-ին, ամերիկեան Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ՝ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէս պահանջեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու միջազգային համայնքը հակազդէ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն հաշիւ պահանջէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ցեղասպանական փորձի առնչութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց ազդու պատիժներ սահմանելու Ալիեւի եւ անոր մեղսակիցներուն դէմ՝ Եւրոպայի մէջ անոնց դիզած հարստութիւններուն արգելք դնելով։ Մենենտէս կոչ ուղղեց նախագահ Ճօ Պայտընին, որ արգիլէ Ամերիկայի ուղղակի օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին՝ ըստ ազատութեան աջակցութեան օրէնքի թիւ 907 բաժնին, որ վաւերացուած է 1992ին։

Վերջին երկու շաբաթներուն, օրէնսդիրներ եւ մասնագէտներ՝ Ուաշինկթընի մէջ կատարուած ունկնդրութիւններու ընթացքին, ազդարարութիւններ ուղղած են Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն մասին։

Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի համա-ատենապետ Քրիս Սմիթ, որ տասնամեակներ շարունակ իր ձայնը բարձրացուցած էր ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին Միացեալ Նահանգներու կողմէ, բառերը չծամծմեց Ատրպէյճանի կեցուածքը բնորոշելու համար. «Այս ահաւոր ոճիրը, ցեղասպանութեան այս ոճիրը, ծրագրուած, փորձուած եւ պարտադրուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, այսինքն՝ Ատրպէյճանը երկաթեայ բռունցքով՝ մենատիրոջ նման կառավարող նախագահ Ալիեւի կողմէ», յայտնեց Սմիթ ունկնդրութեան բացման իր խօսքին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6-ին, Միջազգային Ոճրային Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ քննադատեց Ամերիկայի անշարժութիւնը Արցախի բնակչութեան դէմ ատրպէյճանական ոճրային քաղաքականութեան հանդէպ, ուժեղ վկայութիւն մը տալով Քոնկրէսի մարդկային իրաւանց յանձնախումբին։ «Նախագահ Պայտըն կամ նախարար Պլինքըն կրնան պաշտօնապէտ ըսել պրն. Ալիեւին որ վաղը, առանց պայմաններու, վերջ դրէք Լաչինի միջանցքի շրջափակումին, կամ ձեզի ցեղասպանութեան պատասխանատու պիտի նկատենք… Եւ, անշուշտ, ատիկա բազմաթիւ հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Օքամփօ, որ Ատրպէյճանը ամբաստանած է «լուռ ցեղասպանութիւն» մը կատարելու յանցանքով։

Միւս կողմէն, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, Արցախի ճգնաժամի գնահատման վերաբերեալ լսումներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու նախարարի տեղակալ Եուրի Քիմ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտումներ կամ այլ վայրագութիւններ պիտի չհանդուրժեն:

«Մենք խորապէս մտահոգ ենք Լաչինի միջանցքի շարունակական փակումով եւ այն հետեւանքներով, զորս այդ փակումը կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վրայ: Այս հարցին մէջ հաստատուած իրավիճակը բացարձակապէս անընդունելի է մեզի համար, եւ մենք պիտի չդադրեցնենք մեր աշխատանքը, մինչեւ որ լուծումի մը հասնինք։ Արտաքին գործոց նախարարը, Հարաւային Կովկասկի հարցերու անոր աւագ խորհրդականը, ես եւ շարք մը այլ գործընկերներ անմիջականօրէն ներգրաւուած ենք, որպէսզի յառաջ մղենք Լաչինի միջանցքի եւ այլ ճամբաներու միաժամանակ բացումը: Նախագահ Ալիեւ, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայացուցիչները հրապարակաւ յայտնած են, որ համաձայն են այս պայմանաւորուածութեան: Այդ պայմանաւորուածութիւնը այլեւս պէտք չէ յետաձգուի։ Ատրպէյճան պէտք է միջազգայնօրէն հաստատուած երաշխիքներ տրամադրէ, որ կը յարգէ անոնց իրաւունքները, եւ որ անոնք կրնան իրենց տուներուն մէջ ապրիլ առանց վախի: Կ՛ուզեմ յստակ բան մը յայտարարել. Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր որեւէ գործողութիւն, ըլլա՛յ այդ կարճաժամկէտ, թէ երկարաժամկէտ, որ ցեղային զտումներ կամ այլ վայրագութիւններ կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ», ըսաւ ան:

Քիմ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները մնայուն կերպով պնդած է, որ Բերձորի միջանցքը պէտք է բաց ըլլայ մարդասիրական եւ մասնաւոր փոխադրութիւններու համար՝ աւելցնելով, որ այդ պատգամը հասցուցած են Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ թէ՛ հրապարակային յայտարարութիւններով եւ թէ առանձին զրոյցներու ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով:

Ան յայտարարեց նաեւ, որ բոլոր բանակցութիւններուն ընթացքին, մնայուն կերպով ընդգծած են, որ Արցախի բնիկ հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է պաշտպանուին, եւ որ որեւէ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի առանցքային բաղադրիչը պէտք է ըլլայ:

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles