Արուեստ Եւ ՄշակոյթԼրահոս

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑ ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ

«Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը օրերս մենահամերգով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ` ներկայացնելով Սայաթ-Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններն ու մշակումները: Համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ծիրին մէջ:
 «Մէկ ժամէ աւելի տեւած համերգին կը փափաքէի, որ միայն հայկական երաժշտութիւն հնչէ, սակայն, երբ այնտեղ էինք, կարծեցի, որ ճիշդ պիտի ըլլայ` մէկ հնդկական գործ ներկայացուի, որն ալ հնդիկ երաժիշտներուն նուագակցութեամμ կատարեց երգչուհի Ամռիթա Ռաճան: Կընուագակցէին թապլա նուագող Մահեշ Մանին, դաշնակահար Ռոհիտ Քրիշնան, Ճինշու Վարման, որ կը տիրապետէր եօթը նուագարանի` տարբեր ազգերու տարպուք, քահոն, ասալաթօ, ռէինստիք, չիմես, շաքերս, սփլեշ: Բոլորն ալ բարձրակարգ ու տաղանդաւոր երաժիշտներ էին: Ինծի հաճելի էր համագործակցիլ անոնց հետ: Չհասկնալով միմեանց լեզուն` մենք խօսեցանք հոգու եւ երաժշտութեան տիեզերական լեզուով», կը պատմէ քանոնահարուհին:
Մարիաննայի խօսքով`  նպատակն էր երաժշտութիւնը հասցնել հանդիսատեսին եւ անմոռանալի ներուժ փոխանցել: «Կրցանք գերազանցել մենք մեզ»,նշեց քանոնահարուհին եւ աւելցուց, որ մարդիկ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էին, սիրած են զինք եւ իր արուեստը, Հայաստանը: Նոյնիսկ փորձած են հաղորդակցիլ հայերէնով: Համերգի աւարտին միջոցառման կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին երախտագիտութեան նամակ, շնորհակալագիր եւ մրցանակ յանձեցին: Քանոնը հետաքրքրած է ոչ միայն հնդիկները, այլեւ՝ անգլիացիները: «Պանդոկին մէջ իմ հարեւաններս անգլիացի զոյգեր էին: Երբ ծանօթացանք, անոնց շատ հետաքրքրեց քանոն նուագարանը, անոնք նոյնիսկ համերգին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն յայտնեցին, մինչդեռ տոմսերը արդէն սպառած էին: Ըսի` կուգաք եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է, կ’ըսէք որ Մարիաննա Գէորգեանի հիւրերն ենք եւ առաջին շարքը տեղեր ունիք: Այդպէս ալ ըրած էին: Շատ ուրախացայ, երբ համերգի ընթացքին նկատեցի զիրենք», յայտնեց քանոնահարուհին:
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button