Լրահոս

Հայագէտ Դոկտ. Տենիս Փափազեանի Մահը


Միշիկընի համալսարանի Տիրպորնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ կեանքէն հեռացած է կեդրոնի հիմնադիրը եւ առաջին վարիչը՝ դոկտ. Տենիս Փափազեան։ Անոր ջանքերով կարելի եղած էր 1985-ին հիմնադրել հայագիտական նշեալ կեդրոնը, «Եդուարդ եւ Հելէն Մարտիկեաններ»-ու եւ «Վարդանի Ասպետներ»-ու նիւթական աջակցութեամբ: Դոկտ. Փափազեան հանգստեան կոչուած էր 2006-ին։

Ան նաեւ երկար տարիներ եղած էր Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան (SAS) նախագահը եւ գանձապահը ու խմբագրած էր ընկերակցութեան պարբերաթերթին 6-11րդ թիւերը։

Դոկտ. Տենիս Փափազեան նաեւ հեղինակած է յուշագրական մը․-  «From My Life and Thought: Reflections on an Armenian-American Journey»։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button