ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՍՊԱՐԷԶ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

Ա.Ա. 

Արցախի դէմ մշակուած եւ գործադրուող ատրպէյճանական պետական քաղաքականութեան ծալքերը առաւել բացայայտուեցան, երբ նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թալիշի մէջ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ունի պայման մը՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու համար։ Արցախը պէտք է ճանչցուի իբրեւ Ատրպէյճանի մէկ մասը։

Ալիեւի այս յայտարարութենէն երկու օր ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ, որ բառացիօրէն մերժեց Լաչինի անցքը վերաբանալու Պլինքընի կոչը՝ յամառօրէն շարունակելով ապատեղեկատուական արշաւը, թէ Լաչինի անցքին վրայ ատրպէյճանական անցակէտ մը անխուսափելի է, որովհետեւ հայկական կողմը զէնք եւ զինամթերք կը շարունակէ փոխադրել Արցախ։

Արցախի բնիկ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին գործադրութեան դէմ ցցուած միակ խոչընդոտը Ատրպէյճանի պետական ծրագրուած հակահայ քաղաքականութիւնն է, որ յատկապէս Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստացած է այնպիսի բնոյթ մը, ուր Արցախը կը ներկայացուի իբրեւ կեղեքող եւ գրաւող կողմը, իսկ Ատրպէյճանը՝ զոհ մը, որ կարիքը ունի միջազգային հանրութեան աջակցութեան, որպէսզի իրեն դէմ գործադրուած անիրաւութիւններուն վերջ տայ եւ իր «իրաւունք»ները վերստանայ։

Արցախի հարցը ներկայիս միջազգային ուժերու եւ որոշումներու մայրաքաղաքներու աշխարհաքաղաքական շահերու բախման մէջ վերածուած է շահարկումներու նիւթի մը։ Արեւմուտքը նախ ամէն ճիգ կը թափէ Ռուսիան դուրս մղել հարաւային կովկասեան տնտեսաքաղաքական մրցադաշտէն։ «Ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի նաեւ տարակարծութիւններ ծագին  հայկական եւ ռուսական կողմերուն միջեւ», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ իր տեսակցութենէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով արեւմտեան այն ճիգերուն, որոնց իսկական նպատակը հարաւային կովկասեան քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական թէ այլ բնագաւառներու մէջ ռուսական մեծ ազդեցութեան նուազեցումն է։ Բնականաբար Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած այս արշաւին մէջ Արցախը կը շահագործուի եւ ակնյայտ է, որ վերածուած է շահարկումներու նիւթի մը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Արցախի կապուած որոշումներ կը մնան թուղթի վրայ եւ ոչ ոք ոչինչ կ՛ընէ՝ անոնց գործադրութիւնը ապահովելու համար։ Այդ որոշումներէն նորագոյնը ամիս մը առաջ Միջազգային Ոճրադատ Ատեանին կողմէ տրուեցաւ՝ պահանջելով, որ Ատրպէյճան վերաբանայ Լաչինի անցքը։ Միջազգային ատեանին այս որոշումը սակայն մնաց թուղթի վրայ, որովհետեւ ինչպէս միշտ միջազգային կողմերու աշխարհագրաքաղաքական շահերը աւելի ծանր կշռեցին՝ Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ ընտրութիւնը դասականացած ձեւով անգամ մը եւս բացայայտելով, թէ միջազգային կողմերու համար քարիւղը, տնտեսական շահերն ու ծրագիրները շատ աւելի իմաստալից եւ կարեւոր են, քան արդարութիւնը եւ արցախցիներուն ապրած ծանր իրավիճակին վերջ տալու բարոյականութիւնը։

Միջազգային իւրաքանչիւր կողմ Հարաւային Կովկասի մէջ ունի իր շահերը, որոնց ապահովմամբ միայն հետաքրքրուած է։Երբ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրը կը համընկնի այդ շահերուն, հարցը կրնայ արծարծուիլ։ Ասիկա քաղաքական կեանքին մէջ բնական է եւ ատրպէյճանցիները վճռական են, որ նման բան չպատահի։ Միւս կողմէ, ամբողջ աշխարհին աչքին առջեւ Լաչինի փակմամբ Արցախի շրջափակումը անընդէջ կը շարունակուի եւ ամբողջ աշխարհը կը բաւականանայ կոչերով եւ յայտարարութիւններով, որոնք ոչինչ կ՛արժեն։Ասիկա ալ քաղաքական կեանքին մէջ բնական երեւոյթ մըն է եւ ատրպէյճանցիները ասոր ալ ծանօթ են եւ գիտեն, որ կոչերն ու յայտարարութիւնները գործնական քայլերու պիտի չփոխուին։

Հայկական կողմը նման իրավիճակի մէջ աշխատանք ունի կատարելիք։ Ճիշդ խուսանաւում, քարտերու եւ տուեալներու արդիւնաւէտ գործածութիւն, իսկ ամէնէն կարեւորը մէկ ու միացեալ ճակատի ստեղծում՝ Արցախի շուրջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles