ԳլխաւորՅօդուածներ

ԿՈՉԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ


Ա.Ա.
Արցախը Հայաստանի կապող միակ ուղիին՝ Բերփորի (Լաչին) միջանցքին փակման ամբողջ պատասխանատուութիւնը ռուսական կողմին ուսերուն բեռցնելու Երեւանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը շարունակութիւնն է Փրակայի մէջ ձեռքբերուած այն համաձայնութեան, թէ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու՝ հիմք ունենալով Մ.Ա.Կ.-ի կանոնագրութիւնը եւ քսանմէկ դեկտեմբեր 1991ին կնքուած Ալմա Աթայի հռչակագիրը, որուն հիմամբ, նախկին Խորհրդային Միութեան կանոնագրութեամբ հռչակուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանի կազմին մէջ կ՛իյնայ։ Այլ խօսքով, Արցախի հարցը փակուած է, որովհետեւ Արցախը անկախ պետութիւն չի կրնար հռչակուիլ, պարզ այն պատճառով,որ Հայաստանի իշխանութիւնները երբ կ՛ընդունին Ալմա Աթայի հռչակագիրը՝ իբրեւ հիմք խաղաղութեան համաձայնագրի մը, ինքնիշխան Արցախի տեսլականը յօդս կը ցնդի։
Խնդրին էութեան մէջ արդէն իսկ հիմնական տարանջատում կատարուած է։Այլեւս գոյութիւն չունի Արցախի ինքնիշխան հանրապետութիւն եզրը եւ զայն փոխարինած է «արցախցիներու մարդկային իրաւունքներու երաշխաւորման խնդիր» ձեւակերպումը, որուն կապակցաբար առաջին եւ վերջին պատասխանատուն, ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, ռուսական խաղաղապահ ուժերն են,որոնք ինը նոյեմբերի համաձայնութեամբ պիտի երաշխաւորեն,որ Բերձորի միջանցքը բաց մնայ եւ Արցախը Հայաստանի կապէ։
Մինչ այդ, Ազգային Ժողովին մէջ քննարկումները, որոնք կատարուեցան Լաչինի միջանցքին փակմամբ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ, վերածուեցան սուր բանավէճի՝ իշխանութիւններուն եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան միջեւ, որ կը պնդէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ընելիք եւ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին՝ ստեղծուած սուր իրավիճակին կապակցաբար։ Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, թէ Երեւանի իշխանութիւնները իրենց կարելիութիւններուն մէջ գտնուող բոլոր ազդակները եւ լծակները կը գործածեն՝ իրավիճակին մէջ բարեփոխում կատարելու համար, ապացոյցը եղաւ այն իրողութեան, որ Երեւանի ունեցած լծակները առաւելաբար դիւանագիտական են, որովհետեւ Ազգային Ժողովին մէջ կայացած քննարկումներէն ժամեր ետք Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդը քննարկեց միջանցքին փակման խնդիրը եւ Ատրպէյճանի կոչ կատարուեցաւ՝ վերաբանալու միջանցքը։ Անշուշտ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդի քննարկումներուն հետեւող քաղաքական մեկնաբաններուն ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն իրողութիւնը, թէ Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամ հինգ պետութիւններուն ներկայացուցիչները առաւել կամ նուազ չափով հասցէագրեցին խնդրին էութիւնը, սակայն առաւելաբար մնացին ընդհանուր մեկնաբանութիւններու ծիրին մէջ, կամ լաւագոյն պարագային իրենք զիրենք գովաբանեցին, թէ իրենք կը ջանան թնճուկային իրավիճակը քակել եւ կացութիւնը բարելաւել։Այս իմաստով ռուս ներկայացուցիչը խլեց առիւծի բաժինը։ Խնդիրը նաեւ այն է, թէ բանաձեւ կամ յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ՝ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդին անունով։ Այս իմաստով յստակ էր, թէ Հայաստան չէր յաջողած բանաձեւի նախագիծ մը ներկայացնել, որովհետեւ քննարկուած նիւթին կապակցաբար, ճիշդ է,թէ արցախանպաստ որոշ կեցուածքներ անջատաբար արտայայտուեցան, սակայն միջազգային ընտանիքը գէթ ներկայիս պատրաստ չէ ամբողջական ճակատումի մը երթալու Ատրպէյճանի հետ։
Մինչ Իրլանտայի դեսպանը առանց բառերը ծամծմելու Ատրպէյճանէն պահանջեց վերաբանալ Բերձորի միջանցքը, ռուս դեսպանին տեղակալ Աննա Եւստիկնեյեւա խօսեցաւ ատրպէյճանցի բնապահպաններու Արցախի Դրնբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրեր այցելութեան չափանիշերուն շուրջ համաձայնութեան մը հասնելու համար թափուած ճիգերու մասին։ Նման յայտարարութիւն, որ կատարուեցաւ Մ.Ա.Կ.-ի ամպիոնէն, կարելի չէ լուրջի չառնել, որովհետեւ միջանցքը փակած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներուն Արցախ մուտքի արտօնութեան մը կը վերաբերի։ Իսկ Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ խօսեցաւ ատրպէյճանցի մասնագէտներու Սարսանգի ջրամբար այցելութեան եւ Պաքուի իշխանութիւններուն եւ «Ղարաբաղի հայութեան միջեւ խօսակցութիւններու մասին»։ Թէ՛ Եւստիկնեյեւայի եւ թէ՛ Եաշար Ալիեւի յայտարարութիւններուն միտք բանին այն էր, թէ կա՛յ խօսակցութիւն,որպէսզի իբրեւ բնապահպան ներկայացած ատրպէյճանցիներ եւ ջրային հարցերու մասնագէտներ կամ արդէն իսկ Մարտակերտի մէջ գտնուող Սարսանգի ջրամբարը այցելած են, կամ ալ կը պատրաստուի անոնց Կաշէնի հանքավայր այցելութիւնը։ Այս տեղեկութիւնները կարելի չէ եղած հաստատել արցախեան պաշտօնական աղբիւրներէ։ Միայն վերջերս հայաստանցի պատգամաւորներ խօսած էին ատրպէյճանցի մասնագէտներու Սարսանգի ջրամբար այցելութեան մասին։
Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդի քննարկումներէն ետք, ներկայիս կը տիրէ սպասողական վիճակ, թէ Ատրպէյճան իսկապէս պիտի անսա՞յ միջազգային ընտանիքին կոչերուն եւ Լաչինի միջանցքը պիտի վերաբանայ։ Իսկ հայկական ճակատին վրայ միասնական եւ մէկ կեցուածքի կարեւորութիւնը աւելի քան կը շեշտուի, որպէսզի համատեղ ճիգերով կարելի ըլլայ դէմ դնել Ատրպէյճանի սադրանքներուն եւ կանխարգիլել Արցախի հայաթափումը։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button