Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻԼԻՆՈՅ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

Նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան այցելեց Իլինոյ։ Շաբաթ, Նոյեմբեր 5-ին, Ուոքիկընի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ համայնքը վայելեց զոյգ օրհնաբեր առիթներ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝, խարտաւիլակութեամբ Արժպ. Տ. Տարօն Ա․ Քհն․ Ստեփանեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ, դպիրի աստիճան շնորհեց Պրէթըն Պաուլզին, Քաթրին Ճեմեանին եւ Մարկրէթ Ճեմեանին։ Այնուհետեւ, համայնքը ուրախութեամբ դիմաւորեց նորոգ օրհնուած սրբալոյս Միւռոնը։ Սրբազան Հայրը, առընթերակայութեամբ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ․ Թինքճեանի՝ հոգեւոր հովիւ Կլենվիուի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ, եւ Տ. Տարօն Ա. Քահանայի, կատարեց Ջրօրհնէքը։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Համայնքի ցնծութեան միացած էր շրջանի քաղաքապետուհին՝ Էնն Թէյլըր։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհին՝ տիկ. Ալթա Միքայէլեան-Ճեմեան, օրհնաբեր այս օրուան առթիւ բարի գալուստ մաղթեց եկեղեցական հայրերուն, քաղաքապետուհիին եւ ծխականներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը միշտ հոգատար է բոլոր ծուխերուն հանդէպ, եւ ամփոփ պատկերը ներկայացուց գաղութի գործունէութեան։ Տ. Տարօն Ա․ Քահանան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Հայր Սուրբին, որ իրենց այցելութեամբ առաւել փայլ տուին օրուան հոգեպարար խորհուրդին։ Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խոր գոհունակութիւն յայտնեց ի տես գաղութի յարատեւ կամքին եւ բարձրօրէն գնահատեց անոր համագործակցութեան ոգին։

«Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ յիշատակելի այս օրը։

Կիրակի, Նոյեմբեր 6-ին, Կլենվիուի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին տօնախմբեց իր 79-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ պատարագեց ու քարոզեց Սրբազան Հայրը եւ կատարեց Ջրօրհնէք։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ 79-ամեակի տօնախմբութիւն եկեղեցւոյ շքեղազարդ սրահին մէջ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Ռաֆֆի Գրիգորեան, բարի գալուդտ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց տարեկան իրագործումներու ընդհանուր պատկերը, ապա հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ․ Պօղոս Ծ․ Վրդ․ իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեցամսեայ հովութեան շրջանին գաղութին ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերական օժանդակութեան համար։ Այս առթիւ, պարգեւատրուեցան եկեղեցւոյ բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները գաղութի յառաջդիմութեան ի խնդիր իրենց անսակարկ ներդրումին համար։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց Հայր Սուրբը, որ որպէս նորանշանակ հոգեւոր հովիւ, կարողացած էր իր ամբողջանուէր ծառայութեամբ սիրաշահիլ գաղութի բոլոր տարրերը եւ աշխուժացնել ծխական կեանքը։ Ան մաղթեց որ համայնքը առաւել խանդավառութեամբ կազմակերպուի տօնախմբելու յառաջիկայ տարի եկեղեցւոյ 80-ամեակը, Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առթիւ։

«Պահպանիչ» աղօթքով ու խանդավառութեամբ վարակուած ներկաներու ցնծագին սրտերէն բխած «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տօնակատարութիւնը։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles