Լրահոս
Նիւ Եորք․- ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԿԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը ընդունեց Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի այցելութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանը, որ հիւրաբար քաղաք կը գտնուի։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի վերաբերեալ տարբեր հարցեր։