ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ- ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿ ՉԷ  

1 0
Read Time:9 Minute, 23 Second

Յ. Պալեան

 

«Հայրենասիրութիւնը այլամերժութիւն չէ, ան նոյնն  ինչ որ է մարդկութիւնը: Հայրենասէր եմ քանի որ մարդ եմ եւ մարդկային»

 Մահաթմա Կանտի

 

 

            Հակառակ անոր որ հայկական սփիւռքը ծնունդն է քաղաքական բազմապատիկ դաւադրութիւններու եւ քաղաքական կապակցուած զոյգ ոճիրներու, ան քաղաքական ազդակ չէ: Համայնքային ինքնահաստատման իրարանցումները իրա՛ւ ազգային հեռանկարը աղօտած են: Չենք յաջողած հայրենահանուածի իրաւունքի հիման վրայ սփիւռքը քաղաքական ազդակ դարձնել: Մասնակիի ճահճացման մէջ մնացած ենք:

            Ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում միջազգային քաղաքական դաշտին մէջ իսկական օրակարգ չեն եղած:

            Մխիթարուած ենք անհետեւանք ցեղասպանութեան ճանաչումներով, որոնք մնացած են անորոշ ուրուագծումներով բարոյականի եւ բարեսիրականի քաղաքականի հետ չառնչուող    անհետեւանք ճառերու միգամածին մէջ:

            Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Սփիւռք(ներ)ը գաղթականութիւն է, տեսակ մը մխիթարութիւն է ըսել համայնք, որ բազմաթիւ է, բազմանկարագիր, որ ամէն օր կամայ-ակամայ կը հեռանայ ծագման ազգային արմատներէն շրջապատներու անհակակշռելի ազդեցութիւններու ենթակայ ըլալով, որքան ալ անոնց դէմ թումբ ուզէ կանգնել, համայնքը, ուզելով գործել որպէս ազգային: Համայնքը հոն ուր կը գտնուի, կրնայ քաղաքականալ, բայց այդ քաղաքականացումը համայնքային է, տեղական է, մասնակի՝ հայ ազգային հիմնականին յարաբերաբար: Տեղական օրակարգը կը փոխարինէ ազգային օրակարգը, հետեւելով ջոջական իշխանատենչական տեղայնական փառասիրութիւններու եւ կոտորակման առաջնորդող մրցակցութիւններու: Ինքնախաբէութիւն է խորհիլ եւ ենթադրել, որ սփիւռքներ)ի բնակավայրերը հայրենահանուածներու գաղթականութեան համար հայրենիքը կը փոխարինեն:

            Պատահա՞ծ է որ ցեղասպանութեան ճանաչումներուն մասին որպէս հիմնաւորում խօսուի ցեղասպանութեան քաղաքական իսկական պատճառի մասին: Ցեղասպանութեան ճանաչումները երբեք չհիմնուեցան հիմնական քաղաքական ազդակին վրայ: Մնացին բարոյական, բարեսիրական եւ այլազան պատճառներով «համայնքներ»-ու հանդէպ հաճոյակատարական անհասցէ աղմկարարութեան մէջ:

            «Ճանաչումներ»-ը ի՞նչ բերին ազգին եւ անոր Դատին:

            Ճանաչումները քաղաքականապէս իմաստաւորուած կ’ըլլային, եթէ որպէս նախադրեալ ընդունուած ըլլար պարզ հարցում մը. ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ: Պատասխանը պարզ է. Հողի համար: Մինչեւ այն ատեն որ հայերը կայսրութեան միլլէթներէն մէկն էին, հպատակ էին, առանց ինքնավարութեան, անկախութեան եւ սեփական հայրենիքի պահանջի, հանդուրժուած էին, կայսրութեան լաւ կը ծառայէին: Երբ ինքնավարութիւն պահանջեցին, ուզեցին ունենալ ազատ հայրենիք, որ կը նշանակէր Հայաստան տարածքը անջատել Օսմանի եւ թուրքի կայսրութենէն, թուրք ղեկավարութիւնը դիմեց արմատական լուծման. բնաջնջել տարածքի իրաւ տէրերը, պահելու համար հողը:   Ճանաչումները երբեք չխօսեցան ցեղասպանութեան  հիմնական այս պատճառի մասին: Այդ ճանաչումներու պահանջի նախադրեալներուն մէջ ՀՈՂԸ, ժողովուրդի մը բռնագրաւուած հայրենիքը բացակայեցաւ: Այսօր ալ ոչ ոք կ’ուզէ խօսիլ այս հիմնական պատճառի մասին: Միթէ՞ մենք պահանջեցինք որ խօսուի այդ մասին: Բայց մխիթարական պարգեւի նմանող ճանաչումները յաղթանակ համարեցինք, յուզուեցանք եւ կը յուզուինք: Յետո՞յ…

            Սփիւռքը, որուն վրայ գումարուեցաւ խորհրդային կամ ներկայ հանրապետութեան հայութիւնը, հանդէս չեկաւ Հայաստան-հողի պահանջով: Այդ պահանջով եթէ խօսէր Սփիւռքը, խօսած ըլլար,  իր նախաձեռնութիւնները կ’ունենային քաղաքական նկարագիր: Խորհրդային Հայաստանը այդ ընելու ազատութիւն չունէր, նոյնիսկ եթէ երբեմն կը յիշէր եւ կը յիշեցնէր, բայց այդ տեղ չունէր խորհրդային մեծպետական հետաքրքրութիւններուն մէջ: Վերանկախացումէն ետք է միայն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ հողային հարցին դիմաց, որ կ’ենթադրէր Հայաստան-հողի կորուստներու դարմանումը: Այդ Հողը  Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած էր: Եւ եղաւ կրկին պատերազմ, հողի համար եղած էր ցեղասպանութիւն, եւ եղաւ ցեղասպանութիւն, այս անգամ ըսին՝ փոկրոմներ, Չըսին, որ ինչպէս անցեալին, նոյն քաղաքական միտքով Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, հայ ժողովուրդին դէմ պատերազմեցան եւ կը պատերազմին:

            Սփիւռքը որպէս բռնագրաւուած հայենիքի տէր, քաղաքական ազդակ չեղաւ, եւ պիտի չըլլայ մինչեւ այն ատեն որ հանդէս չգայ որպէս իրաւատէր  եւ հայրենատէրչստեղծէ հայրենատէր ժողովուրդի անունով խօսող եւ հաւաքական կամք արտայայտող ժողովուրդ, յառաջացնելով ներկայացուցչութիւն, որ լիազօրուած կ’ըլլայ բռնագրաւուած հայրենիք ունեցող եւ հայրենահանուած ժողովուրդի անունով, քաղաքական խօսքով եւ պահանջով հրապարակ գալու: Այսպէս կ’ըլլայ հայրենահանուած եւ սփիւռքացած ժողովուրդի քաղաքականացումը, որ վերապրումի թափահարումներէն տարբեր որակ է: Այսինքն hայրենահանուածի ազգային դատը պէտք չէ բանտարկել գաղթականին հոգեկան բաւարարութիւն տուող հետեւանք եւ վաղորդայն չունեցող «յաջողութիւններով», որոնք կը ծառայեն ինքնամխիթարութիւններու:

            Պէտք է իրատես ըլլալ եւ համոզուիլ, որ ինչպէս Խորհրդային Հայաստանի, այնպէս ալ ներկայի հանրապետութեան կառավարութիւնները չեն եղած, չեն ուզած եւ լիազօրութիւն ալ չեն ունեցած ամենայն հայոց կառավարութիւն ըլլալու: Ազգայինքաղաքականութիւնը, Սփիւռք(ներ)ի պարագային, պէտք չէ շփոթել համայնքային կազմակերպութեան եւ ձուլման դէմ այլապէս կարեւոր պայքարին հետ: Ազգային քաղաքականութիւնը կ’ենթադրէ առաջադրանք եւ ծրագրում ինչ կը վերաբերի ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան, որ այսօր քաղաքական եւ միջազգային իրաւական դաշտի մէջ չկայ: Աւելի պարզ. ո՞ր քաղաքական ներկայացուցչութիւնը միջազգային բեմի վրայ կը հետապնդէ բռնագրաւուած Հայաստանի տարածքի վերադարձը անոր տէր ժողովուրդին եւ անոր հոն ապրելու իրաւունքը:

            Բնական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը եւ հոն ապրող ժողովուրդը պէտք է պահել եւ պահպանել, բայց այդ պէտք է ընել առանց մասնակիին մէջ թաղուելու: Հայրենահանուածներու իրաւունքը կարելի չէ լուծել ներկայի Հանրապետութեան սեղմուած ըմբռնումին մէջ: Պարզ քաղաքական իմաստութիւնը կը թելադրէ այն միտքը, որ ցեղասպանութենէ ետք հայրենահանուածներով կազմուած Սփիւռքը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, ինչպէս բոլոր գաղթականութիւնները, համայնքները ազգի ըմբռնումի տեսակէտէ սպասման սենեակ են, որմէ հայրենահանուած ազգին համար երկու կարելիութիւն կայ. իրենց հաստատուած աշխարհներուն մէջ համարկում եւ ի վերջոյ ձուլում, բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրում եւ հոն վերադարձ, շարունակութիւն ըլլալու համար: Չունենալ այս առաջադրանքը, անկարելի թուացող երազը, մեղսակցութիւն է հայ ժողովուրդին դէմ գործուած բոլոր չարիքներուն:

            Հայրենահանուածներու քաղաքականացումը այս ձեւով եթէ չըմբռնուի եւ ԳՈՐԾի չվերածուի, հետեւանքները իրատեսութեամբ չպատկերացնել յանցանք է: Այս գոյութենական պայքարը պէտք է սկսիլ, առանց կեղծ իրապաշտութեան խորհելու, որ արդէն ուշ է, անկարելի է, ներկայ հանրապետութեան աջակցութեամբ: Կամ առանց անոր:

            Առաջին քայլը Հայրենահանուածներու անունով խօսող եւ անոր օտարուած-օտարուող իրաւունքին տէր կանգնող ներկայացուցչութեան ստեղծումը պէտք է ըլլայ, երկարաշունչ պայքար ծաւալելու ազգային-քաղաքական ԻՐԱ՛Ւ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ, ՀԱՄՈԶՈՒՄՈՎ ԵՒ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՏԱՐԲԵՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ, գործելով արմաւենի տնկողի գիտակցութեամբ, որ իր տնկած ծառին պտուղներէն ինք պիտի չօգտուի:

            Հայ ժողուրդի հայրենիքը միշտ ալ գտնուած է ներխուժումներու եւ կայսրութիւններու մրցակցութիւններու ճամբուն վրայ եւ կոտորակուած-օտարուած:  Կայսրութիւնները գիշատիչի պէս միշտ ուզած են եւ յաճախ յաջողած են իւրացնել այլ ժովուրդներու բնակավայր-տարածքները, այդ ընելու համար չեն վարանած եւ բզքտած են այդ բնակավայրերու ժողովուրդները:    

         Քաղաքակակրթութիւնները եւ կրօնները արգելք չեն եղած այս անտառի օրէնքին, եթէ չեն ծառայած անգամ անոր արդարացման:

            Ուրիշ ժողովուրդներու համար պատերազմները յաճախ աւարտած են սահմանային սրբագրութիւններով, այդպէս ալ կը շարունակուի այսօր: Հայ ժողովուրդին համար, ներխուժումները եւ պատերազմները եղած են գոյութենական հարց, որպէս ինքնուրոյն ազգ տեւելու կամ անհետանալու խնդիր, ցարդ անվերականգնելի ձեւով ան հայրենիք կորսնցուցած է բեկոր առ բեկոր եւ այդ ազգի մը դէմ ոճիրը կը շարունակուի: Ազգի մը գոյութեան դէմ եղած նախայարձակումները եւ ոճիրները լայն տարողութեամբ մարդկութեան դէմ  գործուած ոճիրրներ են: Պատմութիւնը զանազան եղանակներով շպարած է պատերազմները, գրականացուցած, նախայարձակումները արդարացնելու համար մեծանուն ժողովներ գումարուած են, եւ եղած է այն, ինչպէս գրաբարով ասութիւնը կ’ըսէ՝ «Եւ լեռն ծնաւ մուկն չնչին»: Տրովադայի պատերազմը կը թուի եղած ըլլալ գեղեցիկ Հեղինէի համար, Խաչակիրները եւ արաբական արշաւանքները կրօնական-քաղաքակրթական տիրապետութեան կը ձգտէին: Նացիները իրենց յարձակապաշտութիւնը կ’արդարացնէին պարզագոյն եղանակով. կենսատարածքի ընդարձակում, ինչպէս համաթրքականութիւնը, փանթուրքիզմը: Եւ գումարուած մեծամեծներու մեծանուն ժողովներու, որոշումները արձանագրուած են սեւով ճերմակի վրայ: Բայց պատերազմներ եւ ջարդեր, շարունակուած են, անուն եւ տարողութիւն փոխելով: Յոռետեսութին չէ եզրակացնել, որ Հոպզի կոպիտ  բանաձեւումը մարդու մասին, ՀՈՄՕ ՀՈՄԻՆԻ ԼԻՒԲԻՒՍը, HOMO HOMINI LUPUS, միշտ մնացած է այժմէական, հակառակ քաղաքակրթական շպարի:

            Ժողովուրդներու պատմութեան եւ կենդանական աշխարհի ուսումնասիրութինները ըմբռնումի հետաքրքրական հորիզոններ կը բանան անասունին, բնազդներու, մարդու, հաւաքականութիւններու, ազգերու, ընդհանրապէս մարդու հողին հետ յարաբերութիւններու մեկնաբանութեան գծով: Կայ կենսական կապ կեանքին եւ հողին միջեւ, որ ժամանակի ընթացքին, մարդ էակի պարագային կը զարգանայ եւ կը դառնայ լայն ըմբռնումով Մշակոյթ, որ յոգնակի է, ինչպէս կ’ըսեն, ծնունդ տալով մշակոյթներու, patterns of culture, բնութեան եւ ապրող էակի միջեւ անքակտելի կապի, բնութեան, միտքի, նոյն հունով սովորութիւններու զանազանեալ ամբողջ մը:

            Հողը կը ստեղծէ մշակոյթ, կենցաղ, բնազդներ, աշխարհայեացք, ժողովուրդի նկարագիր եւ ճակատագիր, որ ժամանակի գիծին վրայ կը դառնայ պատմութիւն: Հողը, որ հայրենիք է, այդ հողի վրայ ստեղծուած քաղաքակրթութիւնը եւ մշակոյթը ինքնութիւն են, կը գոյացնեն ազգը՝ որպէս ինքնատիպ մարդկային խմբաւորում:

            Առանց հողի, ազգը զգացական կամ անդիմագիծ ընկերային բնորոշում մըն է, անբովանդակ բացատրութիւն մը: Առանց հողի հետ  կենսական համալրման, ժամանակի ընթացքին սերունդները կ’այլանան, նոր ինքնութիւն կ’ունենան:

            Հայ ժողովուրդը որպէս ազգ տեւելու համար տէր պիտի ըլլայ իր հող-հայրենիքին, որ ազգին համար գոյութենական հրամայական է: Երբ հողէն զրկուած կ’ապրինք, որպէս գաղթական, ժամանակի ընթացքին կը մոռնանք որ գաղթական ենք, երբ կեանքի մէջ կը յաջողինք, կ’ունենանք տուն, կալուածներ, նաեւ՝ արտեր, ապարանք եւ տիտղոսներ, որոնք կը վերաբերին անհատին, ո՛չ ազգին, քանի որ այդ բոլորը նոր ինքնութեան մը մէջ համարկուելու ընթացք են, շարունակութիւն չեն:

            Առանց արմատ-հողի, ինքնութիւն եւ մշակոյթ կ’անհետանան, նոյնիսկ եթէ ժամանակ մը անհատներ եւ հաւաքականութիւններ ինքնահաստատման ինքնախաբէութեան ճապկումներ ընեն, ծագումով հայ կամ զգացումով հայ ըլլալու ինքնագոհութեամբ, վարագուրելու համար նահանջները, հոգեբարոյական սնանկացումը, ժամանակաւոր սփոփանք փնտռելով:

            Այս հիմնական ազգային-քաղաքական իմաստութիւն է, նոյնիսկ եթէ կը հակադրուի ընթացիկ ապահովութիւն հետապնդելու վարքագիծին:  Հայրենատիրութեան ամուր գիտակցութիւնը գաղափարական ամուր ենթահողը չէ  սփիւռքի հայ զանգուածներու մեծամասնութեան, որոնց պէտք է ներշնչել ազգային խորքային այն գիտակցութիւնը, որ աշխարհի ամենէն գրաւիչ եւ առինքնող քաղաքներն ու երկիրները, պայծառ եւ լուսաւոր գաղթակայաններ են: Ո՛չ Լոս Անճելըսը, ո՛չ Փարիզը, ո՛չ Շանկհայը, եւ այլ վայրեր հայու հայրենիք չեն: Այս իմաստութեամբ ճամբայ պէտք է ելլել, հայրենիքի ազատագրութեան, ամբողջացման եւ ազգի հայկական ինքնուրոյնութիւն պահպանման եւ շարունակութեան համար:

            Ինչպէ՞ս սկսիլ եւ շարունակել ապագայի մեծ պայքարը: Արշաւը: Ինչո՞ւ այս մասին չխօսիլ մեր ժողովուրդին, տարբերութիւնները եւ ազգը կրծած եւ կրծող եսերուն դէմ ապագայատես պայքար մղելով: Պիտի կարենա՞նք ստեղծել կեդրոնական առաջնորդող ուժը, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եւ դիրքի համար, այլ ամբողջական ըմբռնումով՝ ազգի իրաւունք հայրենիքի: Այլապէս պատմութիւնը պիտի արձանագրէ որ եղած է հայրենիք ունեցող ազգ մը, որ իր հայրենիքին հետ կուլ գացած է ժամանակի անորոշութեան մէջ, անկարող եղած ըլլալով ինքզինք պահել:

            Ինչպէ՞ս պիտի կոչուին անհայրենիք եւ անհող մնացած հայերը: Կուշտ ըլլալ անհատին կեանքին համար է: Ինչպէ՞ս հայը հայը հայ պիտի մնայ առանց իր հողին, ուր ինք նախնիներու եւ անոնց ստեղծած մշակոյթին շարունակողը պէտք   է ըլլար, որպէսզի ինք ինք ըլլար:

            Ինչո՞ւ չստեղծել հայապատկան հայաշխարհի ազատագրութեան շարժում, ոչ թէ այսօրուան համար, այլ՝ գալիքի եւ սերունդներու:

            Այսօր Սփիւռքը քաղաքական ազդակ չէ:

            Հայրենահանուած եւ բռնագրաւուած հայրենիք ունեցող ազգին համար, որպէսզի չանհետանայ, կենսական է ազգին հեռանակարի իրակականացման նպատակով, Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի քաղաքականացումը:

            Օրինակ, եթէ սկսէինք մեր անմիջական հասողութեան տակ եղող հայերէնի հարազատութեան վերականգնումով հայախօսութեան եւ հայերէնագրութեան տարածումով, որպէս միացման շաղախ եւ երկարաշունչ պայքարի համար անհրաժեշտ ինքնութեան կերտող: Ինչո՞ւ հանրապետութեան մէջ չստեղծել պայմանները սփիւռքի քաղաքական ներկայութեան եւ, դերին, չգոհանալով անկէ սպասուող կառքի հինգերորդ անիւի դերով:

            Այս քաղաքականացումը դասական դարձած ուժերու եւ անոնց մրցակցութեան կամ գործակցութեան դաշտը պէտք չէ ըլլայ:

            Անհրաժեշտ է ստեղծել ազգի իմացական ուժերու հիման վրայ իսկական հարազատ առաջնորդութիւն, առանց սպասելու դիպուածը կամ հրաշքը: Մտաւորականութիւնը կարող պիտի ըլլայ պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան գիտակցութիւնը հասցնելու իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ՝ վասն հայրենիքի եւ ազգի:

            Իւրաքանչիւր հայու՝ Հանրապետութեան, բռնագրաւուած տարածքներու եւ սփիւռքի:

            Այս մտորումները զանազան ամեակներու առիթով ըսուած հոգեշահ խօսքեր չեն:

            Կը միտին ազգի այսօրուան եւ վաղուան վերականգնումին, որպէսզի տոկանք, տեւենք, չանհետանանք:

            Զանոնք ընդունիլ որպէս չանհետանալու առաջադրանք, հետեւելով Արթիւր Շոփէնհաուէրի այն իմաստութեան, որ «Ամէն ճշմարտութին կ’անցնի երեք հանգրուաններէ, նախ  ծիծաղելի կը համարուի, ապա ենթակայ կ’ըլլայ բուռն ընդդիմութեան, եւ վերջապէս կը համարուի ակներեւ:»

            Պէ՛տք է յաջողինք:

            Կը յաջողի՞նք, ձերբազատուիլ, բուժուիլ ջոջական, տեղայնական եւ թաղային քաղքենիացած հեղինկութիւններու անհեռանկար եւ շահախնդրուած երեւելիապաշտական ապազգայնացման ամլացման ախտէն, ընդգրկուելու համար ճշմարիտ ազատագրական պայքարին մէջ, հրաժարելով կիսամիջոցներու առթած ինքնագոհութենէն։

            Մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

            Գործելով եւ նախաձեռնելով այն պայծառատեսութեամբ՝ որ վաղը միշտ ուշ է:

            Այս քաղաքական միտքով առաջնորդուող ղեկավարումի կարիք ունինք, ոչ թէ  յարաճուն թիւով գետին թոփող եւ մոլորակը չափող-չափչփող ինքնագոհ բազմերանգ փողկապաւորներու: Այս՝ Հանրապետութիւն, Եւրոպաներ, Ամերիկաներ Արեւելք:

            Եթէ հետեւինք Անգլիոյ մեծ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի իմաստութեան, որ «ամէնքն ալ գիտէին որ այդ անկարելի է, ապա եկաւ մէկը որ այդ չէր գիտեր, եւ այդ ըրաւ…» եւ մենք ալ այդպէս  եւ այսօր կը սկսինք մտնել նահանջը վերականգնումով փոխարինելու, ընթացքին մէջ, կեղծ ամուլ-ամլացնող իմաստուններէ հեռանալով…

            1915-ի Թալէաթական նախճիրի կրկնութեան նախօրեակին կը գտնուինք եւ Իլհամ Ալիեւ, օրհնութեամբը իր երէց եղբօր Էրտողանի, կը սպառնայ վերջնական հաշուեյարդար ընել: Մեծ պետութիւները, ՄԱԿ-ը, Ռուսիան եւ Մարդկային Իրաւունքէ բոլոր ճառողները կը գտնուին առաջին կարգի իրենց օթեակներուն մէջ, գոհանալով հանդիսատեսի դերով եւ չեղածի համար մեր երախտագիտական շողոմ խօսքերով: Իսկ մենք սիրողականի (amateur) հայելիին առջեւ կանգնած թաղային կռիւներով եւ ներքին սպառման բազմալեզու լուրերով զուարճանանք, ի հարկէ մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

Աղմուկով, աղմկարարութեամբ եւ գինեձօններով ինքնապաշտպանութեան դիրքերը չեն ամրանար: Այդ դիրքերը կառուցող եւամրացնող ամրացնող իսկական ճարտարապետներ պէտք են:

            Նաեւ զանգուաւծի գիտակցութիւն, որ ճիշդ ընտրէ ճարտարապետը եւ անոր հետեւի:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles