«ԳԱՅԻԱՆԷ» ՊԱԼԷՆ՝ 80 ՏԱՐԵԿԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 32 Second

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ութսուն տարի առաջ այս օրերուն, երբ տակաւին կ՚ընթանար Բ. Համաշխարհային պատերազմը, բեմադրուեցաւ հայկական առաջին ազգային պալէն: Մեծանուն հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեան վերամշակեց 1939 թուականին իր բեմադրած «Երջանկութիւն» պալէն եւ զայն իբրեւ հայկական ազգային առաջին պալէ, 1942 թուականին «Գայիանէ» խորագրով բեմադրուեցաւ ռուսական Պերմ քաղաքին մէջ՝ Լենինկրատի օփերայի եւ թատրոնի ուժերով: Թատրոնը Պերմ փոխադրուած էր պատերազմի պատճառով, դաժան մարտեր կ՚ընթանային բազմաթիւ քաղաքներու մէջ: Մարտեր էին նաեւ Պերմի մերձակայ շրջաններուն մէջ, սակայն արուեստի գործիչները կը ջանային ապացուցել, որ թէպէտ պատերազմ է, մշակութային կեանքը կը շարունակուի, կը ստեղծուին գեղարուեստական արժէքներ եւ ժողովուրդի ու զինուորներու ոգին ընկճուած չէ: «Գայիանէ» պալէի առաջնախաղին ներկայ էին զինուորական խումբեր, որոնք ներկայացումէն անմիջապէս յետոյ պէտք է ռազմաճակատ մեկնէին: Արամ Խաչատուրեանի անձնական արխիւին մէջ կը պահուին ռազմաճակատէն ստացուած նամակներ, որոնց մէջ զինուորները իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն հիանալի երաժշտութեան համար, շնորհիւ որու իրենք անգամ մը եւս ապրեցան կեանքի գեղեցկութիւնը եւ անգամ մը եւս հասկցան, թէ ինչի համար պէտք է պայքարին:

Այսպէս կը յիշէ Արամ Խաչատուրեան՝ հայկական առաջին պալէի բեմադրութեան նախորդող աշխատանքը.

«Երբ աշխատիլ սկսայ առաջին պալէի ստեղծագործութեան վրայ, ես ոչինչ գիտէի պալէի՝ որպէս երաժշտական ժանրի, իւրայատկութիւններուն մասին: Աշխատանքին ընթացքին իսկ սկսայ արագօրէն ըմբռնել եւ իւրացնել անոր բնորոշ առանձնայատկութիւնները: Հաւանաբար, հիմնականօրէն ինծի օգնեց այն հանգամանքը, որ ռուս արուեստաբան, երաժշտահան Մեասկովսքին կը նշէր, թէ Խաչատուրեանի երաժշտութիւնը համակցուած է պարի տարերքով…»:

Իսկ ազգային պալէ ունենալու նախապատմութիւնը եղած է այսպիսին. 1939 թուականին Խորհրդային Միութեան այդ ժամանակուան անուանի հայազգի քաղաքական գործիչ Անասթաս Միկոյեան Արամ Խաչատուրեանին հետ ունեցած իր մտերմիկ զրոյցին ընթացքին, հայ երաժշտութեան գալիք տասնօրեակին առթիւ, ցանկութիւն յայտնած է ստեղծելու պալէ մը, որ ըլլալու էր հայ երաժշտական թատրոնին առաջիններէն մէկը եւ առաջին ազգային պալէներէն, որ պիտի ներկայացուէր մշակութային տասնօրեակին ընթացքին: Մինչպատերազմական շրջանն էր, եւ այդ գաղափարն ալ լիովին կը համապատասխանէր Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործական ձգտումներուն: Պալէի թեման նոյնպէս ծնունդ առած է այդ զրոյցին ժամանակ, եւ Միկոյեան Խաչատուրեանին խորհուրդ տուած է հանդիպիլ խորհրդային սահմանապահներու եւ գիւղատնտեսներու կեանքին եւ աշխատանքին մասին պատմող «Երջանկութիւն» պալէի նիւթի հեղինակ՝ հայ յայտնի բեմադրիչ Գէորգ Յովհաննիսեանին:

Ժամանակը սուղ էր. 1939 թուականի գարունն ու ամառը՝ գրող Մաքսիմ Կորքիի խորհուրդով, Խաչատուրեանը անցուց Հայաստանի մէջ՝ զբաղելով բանահիւսական նիւթի հաւաքմամբ եւ ուսումնասիրմամբ:

«Երջանկութիւն» անունով պալէին նիւթը պատրաստ էր, կը մնար երաժշտութիւնը: Երաժշտահանը իր առջեւ խնդիր դրած էր՝ յօրինել պալէին պարային երաժշտութիւնը սիմֆոնիք ժանրով, հարստացնել զայն ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած երգերով ու պարային մեղեդիներով: «Երջանկութիւն» պալէին երաժշտութեան համար երաժշտահանը աշխատած է ընդամէնը կէս տարի:

Ամէն ինչ այնպէս կը կազմակերպէին, որ Խորհրդային Միութեան ամենաերիտասարդ երաժշտական թատրոնը՝ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնը (որ վեց տարեկան էր) այդ տասնօրեակին ծիրէն ներս կատարեալ յաջողութիւն ունենար: Հրաշալի նուագախումբ մը հաւաքուած էր:

24 հոկտեմբեր 1939 թուականին Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ բեմադրուեցաւ «Երջանկութիւն» պալէն, որ պարզապէս հիացուց ունկնդիրները: Մասնակիցներէն ոմանք կառավարական մրցանակներ ստացան, իսկ թերթերը ողողուեցան հիացական յօդուածներով:

«Երջանկութիւն»-ը այդպիսով լաւ հիմք մը հանդիսացաւ Արամ Խաչատուրեանի պալէի արուեստի զարգացման համար եւ շուտով Լենինկրատի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի ղեկավարութիւնը առաջարկեց «Երջանկութիւն»ը բեմադրել նոր թատերատետրով: Ռուս գրող, թատերագիր Քոնստանդին Տերժաւին կը գրէ նիւթը, իսկ Արամ Խաչատուրեան պէտք է աշխատէր երաժշտութեան վրայ:

Աշխատանքը աւարտեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն՝ «Գայիանէ» պալէի ստեղծմամբ: Արամ Խաչատուրեան այդ ժամանակաշրջանը այսպէս կը յիշէ.

«Ես կը բնակէի Պերմի «Ցենտրալնայա» պանդոկին հինգերորդ յարկը: Այդ ժամանակները յիշելով կրկին ու կրկին կը մտածեմ, թէ որքան դժուար էր մարդոց համար: Ռազմաճակատին անհրաժեշտ էր զէնք, հաց, ծխախոտ, իսկ հոգեւոր սնունդին՝ արուեստին կարիքը ունէր թէ՛ ճակատը եւ թէ՛ թիկունքը: Մենք՝ արուեստագէտներս ու երաժիշտներս, կը հասկնայինք այդ ամէն ինչը ու մեր ուժերը կը ներդնէինք անոր մէջ:

«Մօտ 700 էջէ կազմուած «Գայիանէ»ին երաժշտական մասը գրեցի կէս տարուան ընթացքին, պանդոկին պաղ ու փոքր սենեակին մէջ, ուր դաշնամուր մը, աթոռակ մը, սեղան մը ու մահճակալ մը կային: Ինծի համար մանաւանդ «Գայիանէ»ն թանկ է, քանի որ խորհրդային կեանքի թեմայով միակ պալէն էր, որ բեմէն չէր իջներ քառորդ դար շարունակ…»:

«Գայիանէ» պալէին երաժշտութեան համար Արամ Խաչատուրեան 1943 թուականին արժանացած է երկրի գլխաւոր պարգեւին՝ Սթալինեան առաջին կարգի մրցանակի, եւ ատոր համար ստացած պատուավճարը ղրկած է պատերազմական ծախսերուն:

Ատկէ ետք «Գայիանէ»ն վերաբեմադրուած է 1952 թուականին։ Ներկայիս զայն կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ «Սպենդիարեան» Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մշտական խաղացանկին մէջ: Չորս գործողութեամբ այս թատերապարը միշտ հետաքրքրած է պալէի սիրահարները, որոնք անոր մէջ միաժամանակ փնտռած են թէ՛ երաժշտութիւն, թէ՛ պար, թէ՛ բեմադրութիւն եւ թէ՛ զգեստներու հիանալի համադրութիւն:

 

ՍՈՒՍԵՐՈՎ ՊԱՐԸ

«Գայիանէ» պալէի անբաժան մասն է «Սուսերով պար»ը, որուն ստեղծման պատմութիւնը նոյնպէս հետաքրքրական է: 1942 թուականին պալէն արդէն պատրաստ էր եւ Արամ Խաչատուրեան զայն լիարժէք կը նկատէր, երբ թատրոնի տնօրէնը կանչեց Խաչատուրեանը եւ ըսաւ, թէ վերջին գործողութեան մէջ պարի անհրաժեշտութիւն կայ: Հայ երաժշտահանը դժկամօրէն համաձայնեցաւ, քանի որ աւարտուն կը նկատէր իր գործը: Պարը նախատեսուած չէր ո՛չ պարադիրին, ո՛չ երաժշտահանին, ո՛չ ալ պալէի բովանդակութիւնը շարադրողին կողմէ: Այնուամենայնիւ, այդ գաղափարը ստիպեց Արամ Խաչատուրեանը մտածել եւ անոր միտքը տարաւ դէպի մարտական պարի ուղղութեամբ: Ութ ժամուան ընթացքին ան գրեց երաժշտութիւնը: Այդպէս ստեղծուեցաւ նշանաւոր «Սուսերով պար»ը: «Գայիանէ» պալէին վերջին գործողութեան համար գրուած այդ աշխարհահռչակ երաժշտութիւնը դարձաւ Արամ Խաչատուրեանի ամենանշանաւոր եւ ճանչցուած ստեղծագործութիւններէն մէկը, ուր հայկական ժողովրդական երաժշտութեան կը զուգակցին ճազային տարրերը:

«Սուսերով պար»ը այսօր ալ աշխարհի մէջ ամենաշատ կատարուող ստեղծագործութիւններէն է: 1948 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ դարձաւ խաղալիք ինքնաձիգներուն մէջ դրուած ամենատարածուած երաժշտութիւնը: Այնքան հանրաճանաչ դարձաւ, որ «Newsweek»ը առաջարկեց 1948 թուականը կոչել «Արամ Խաչատուրեանի տարի՝ ԱՄՆ-ի մէջ»: Նոյն թուականին «Սուսերով պար»ի երեք տարբերակներ (Շիքակոյի սիմֆոնիք նուագախումբի, Նիւ Եորքի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի եւ Լեւանտի նուագախումբի կատարմամբ) գրաւեցին «Billboard» ամսագրի դասական երաժշտութեան հիթ-շքերթի առաջին հորիզոնականները եւ յայտնուեցան լաւագոյն վաճառքներուն ամէնամեայ ցուցակին մէջ: «Սուսերով պար» ը դարձաւ Շիքակոյի սիմֆոնիք նուագախումբի առաջին ձայնագրութիւնը, որուն վաճառքը գերազանցեց մէկ միլիոն օրինակը:

Այս երաժշտութիւնը նշանակալից ազդեցութիւն ունեցաւ 20-րդ դարու երաժշտութեան պատմութեան վրայ: ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ երաժիշտներուն կողմէ բազմաթիւ ձայնագրութիւններ կատարուեցան: Մինչ այժմ ալ այս ստեղծագործութիւնը եւ անոր նիւթը կը գործածուի շարժանկարներու, հեռատեսիլային շարքերու, փառատօներու, գեղասահորդներու ելոյթներուն ընթացքին։ «Billboard»ը «Սուսերով պար»ը կոչեց՝ «ստեղծագործութիւն մը, որ ծանօթ է ներկայիս գոյութիւն ունեցող բոլոր էսթրատային նուագախումբերուն»։

*

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

  • «Իմ երաժշտական ընտանիքին մէջ անհնազանդ ու աղմկոտ զաւակ մը կայ՝ «Սուսերով պար»ը՝ «Գայիանէ» պալէէն։ Ազնուութեամբ կ՚ըսեմ, թէ եթէ գիտնայի, որ այսպիսի հանրաճանաչութիւն ձեռք պիտի բերէ եւ արմունկներով պիտի հրէ իմ միւս ստեղծագործութիւններս, ապա երբեք զայն չէի գրեր: Արտասահմանի մէջ ինծի կը գովազդեն որպէս «պարոն Սեյպրտանս» (անգլերէն sabre՝ «սուսեր» եւ dance՝ «պար» բառերէն): Այդ մէկը, նոյնիսկ, կը բարկացնէ զիս: Ես ասիկա անարդարացի կը նկատեմ…»:
  • «Պալէն ես մեծ արուեստ մը կը նկատեմ: Անոր մէջ կարելի է արտայայտել մարդու կեանքին ողջ բազմազանութիւնը, անոր հոգեկան ապրումներուն հարստութիւնը: Պալէն սէր կը յառաջացնէ գեղեցիկի նկատմամբ եւ անոր երաժշտութիւնը պէտք է բարձրագոյն որակ ունենայ ու տեսանելիօրէն պատմէ բեմին վրայ կատարուող իրադարձութիւնները»:

*

«ԳԱՅԻԱՆԷ» ՊԱԼԷԻ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

 

Առաջին գործողութիւն

Բերքատու դաշտավայրին մէջ գիւղ մը կայ: Ժողովուրդը, հաւաքուած գիւղի կեդրոնը, կը զուարճանայ աշխատանքային օրուընէ յետոյ: Աղջիկներուն մէջ իր կենսուրախութեամբ եւ հմայքով աչքառու է Գայիանէն: Գեղեցիկ եւ թռվռուն, ինչպէս լեռնային եղնիկ, ան ուրախ պարելու կը սկսի: Գայիանէն իր մէջ կարծես կը մարմնաւորէ ողջ Հայաստանը՝ իր անմար գոյներով, անկրկնելի երանգներով եւ ան հրճուանքով կը նայի իր սիրեցեալին՝ Արմէնին: Տեսնելով Արմէնի եւ Գայիանէի փոխադարձ սէրը՝ անոնց միջեւ կը կենայ Գիքոն: Մեծ, սակայն անպատասխան սէրը կարող է մղել անոր ստորութեան եւ դաժանութեան:

Անվախ եւ կռուարար, Գիքոն ոչ մէկ խոչընդոտ կը տեսնէ իր ճանապարհին: Ան չ՚ուզեր զիջիլ Գայիանէին, Գայիանէն պէտք է միայն իրենը ըլլայ: Սակայն Գիքոյի ցանկութիւնը կը մնայ ապարդիւն: Ան յուսահատ եւ ընկճած կը դառնայ: Անոր բորբոքուած երեւակայութեան մէջ կը գոյանան մե՛րթ Գայիանէին, մե՛րթ զինք դատապարտող գիւղացիներուն, մե՛րթ ատելի Արմէնին պատկերները: Գիքոն կը լեցուի վրէժխնդրութեամբ:

Երկրորդ գործողութիւն

Առաւօտ է: Գայիանէն եւ Արմէնը լեռներու մէջ են. երիտասարդ զոյգը իր սէրը կը վայելէ: Հոն են նաեւ Արմէնի ընկերները՝ Նունէն, Կարէնը, նաեւ ողջ գիւղը ներկայ է երիտասարդներու սիրոյ վայելքներուն: Յանկարծ Գիքոն անսպասելի եւ ծայրայեղ որոշում կ՚ընդունի՝ փախցնել Գայիանէն: Ընկերները կ՚օգնեն անոր եւ կը փախցնեն: Գիւղը խուճապի մէջ կը յայտնուի: Արմէնի գլխաւորութեամբ կը կազմակերպուի հետապնդում եւ Գիքոն կը բռնեն: Շրջապատուած կշտամբանքով լի հայեացքներով, ան աջ ու ձախ կը նետուի: Գիքոյի արարքին ներում չկայ, ան այլեւս չի կրնար ապրիլ գիւղին մէջ:

Երրորդ գործողութիւն

Գիւղը տօնական զարդարանքի մէջ է: Գայիանէն եւ Արմէնը երջանիկ են: Ժողովուրդը հաւաքուած է հարսանեանց հանդէսին:

Չորրորդ գործողութիւն

Կը ներկայացուին հարուստ ժողովրդական պարեր, այդ կարգին՝ «Սուսերով պար»-ը:

 

 «Ժամանակ»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles