ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴԴԷՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ․ ՀԱՄՕ ԲԵԿ ՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՖԻԼՄԵՐԸ

0 0
Read Time:16 Minute, 4 Second
Լուսին Գասպարեան
Նիւ Ճըրզի
Փետրուար 1, 2024
Անգլերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան
Աղբիւր՝
keghart.org
Ներածական
     3 Փետրուարին Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանի (MoMA) մասին Գասպարեանի այս յօդուածին լոյս ընծայումէն ետք, 10 Փետրուարին, “Hyperallergic” արուեստի պլոկին վրայ ի յայտ եկաւ Ռէա Նաարի մէկ այլ յօդուածը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէր MoMA-ի հոգաբարձուներու իսրայէլեան ռազմական սպառազինութեան, դիտորդական ճարտարագիտութեան եւ անշարժ գոյքի շահերուն հետ ֆինանսական եւ ընկերակցական կասկածելի կապերը, ինչպէս նաեւ լաւապէս կազմակերպուած պաղեստինեան բողոքի ցոյցը, որ տեղի ունեցաւ նոյն օրը՝ թանգարանէն ներս: Այս ներածականը գրուելու պահուն MoMA-ն չէր անդրադարձած այս յօդուածին, ոչ ալ Պաղեստինի մասին բաց նամակին, որ ստորագրուած էր Նիւ Եորքի աւելի քան 100 մշակութային գործիչներու կողմէ եւ տարածուած պաղեստինեան բողոքի ցոյցին ընթացքին: Եթէ հաստատուին MoMA-ի ղեկավարութեան կապերը իսրայէլեան ֆաշիզմին հետ, Հայաստանի նկատմամբ MoMA-ի դիրքորոշումը պիտի չզարմացնէ իրազեկուած այն հայերը, որոնք տեղեակ են Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ տրամադրուած ռազմական, հետախուզական եւ լոպիիստական աջակցութենէն:
Լ․Գ․
«Սովետահայ գրողները  լաւապէս ըմբռնած էին որ Խորհրդային Միութեան տարածքին իրենց ասպարէզին մէջ հռչակաւոր դառնալու համար հարկ էր զոհել իրենց ազգային արժանապատուութիւնը։ Այդ էր հանրածանօթ դառնալու տուրքը»։
«Արուեստը այն չէ ինչ որ կը տեսնես, այլ այն՝ որ ուրիշներուն տեսնել կու տաս»
̶ Էտկար Տեկաս, ֆրանսացի տպաւորապաշտ արուեստագէտ
«Կեանքը շատ աւելի կը հետեւի արուեստին, քան արուեստը՝ կեանքին»
̶ Օսքար Ուայտ, իրլանտացի թատերագիր
«Ողջ Արուեստը քաղաքական է»
̶ Լին-Մանուէլ Միրանտա, փորթորիքական ծագումով ամերիկացի բեմադրիչ
Կարելի է ըսել  որ վերոյիշեալ երեք մէջբերումները կը վերաբերին այն երկու ֆիլմերուն, որոնք վերջին շաբաթներուն ցուցադրուեցան Նիւ Եորքի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանին՝ MoMA-ի մէջ։ Նշուած ֆիլմերն էին՝ «Տունը Հրաբուխի Վրայ» (1928) եւ «Երկիր Նայիրի» (1930) բեմադրուած Համօ Բեկ Նազարեանի կողմէ, որ գերազանցապէս կը համարուի «Սովետահայ Շարժանկարի Նախահայրը»։ Երկու ֆիլմերն ալ համր ժանրի կը պատկանէին՝ ռուսերէն, հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութեամբ եւ ընկերակցող երաժշտութեամբ։ Երկուքն ալ կը պարունակէին բեմադրուած, ինչպէս նաեւ փաստավաւերագրական նիւթեր եւ վայրերու նկարահանումներ՝ Պաքուի եւ Հայաստանի մէջ։  Վերջերս երկուքն ալ վերականգնուեցան 4k ձեւաչափով, Հայաստանի Ազգային Գրադարանի լուսանկարչութեան հիմնադիր համադրող Վիգէն Գալստեանի ջանքերով, ինչպէս նաեւ թուայնացուեցան Հայաստանի Ազգ․ Պատկերասրահին կողմէ։  Վերջերս վերականգնուած այս ֆիլմերը ցուցադրուեցան MoMA-ի «Փրկել եւ Նախագծել» ֆիլմերու պահպանման միջազգային փառատօնի շրջագիծէն ներս:
Համօ Բեկ Նազարեան (1891-1965)
Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանը՝ MoMA-ն, որոշած էր Բեկ Նազարեանի եւ հայ յառաջադէմ ֆիլմարտադրողներէն մէկուն՝ Արտաւազդ Փելէշեանի հեղինակած բազմաթիւ գործերէն ցուցադրել վերոյիշեալ երկու ֆիլմերը։ Հայաստանի Ազգ․ Շարժանկարի կեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեան, որ MoMA-ի կողմէ հրաւիրուած էր Հայաստանէն ներկայ գտնուելու, թարգմանիչի մը օգնութեամբ ֆիլմի հրաւիրեալներուն ուղղեց իր խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր եւ Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութեան անունով՝ Բեկ Նազարեանը Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի լայն լսարանի ծանօթացնելու կարելիութեան համար։  Ցաւօք, բացի Միրզախանեանի կարճ ներածականէն, վերոնշեալ երկու ֆիլմերուն մասին MoMA-ի հրաւիրեալներուն բացատրութիւն չտրուեցաւ, ոչ ալ ֆիլմերու աւարտէն ետք հարց-պատասխանի առիթ ընծայուեցաւ անոնց, հակառակ անոր, որ երկու ֆիլմերն ալ ե՛ւ տեսողական, ե՛ւ ֆիլմարուեստի տեսակէտէն գրաւիչ ըլլալով մէկտեղ արժանի էին սրահ ժամանած օտարազգի հրաւիրեալներուն ներկայացուելու իրենց պատմական եւ գաղափարական համաթեքստով։
«Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմի բեմադրիչն է Համօ Բեկ Նազարեան,
հեղինակներն են՝ Բեկ Նազարեան եւ Պաւել Ֆոլեան, շարժանկարիչը՝ Ալեքսանտր Կալբերին,
երաժշտութեան հեղինակը՝ անգլիացի երաժշտահան Ժիւլիէթ Մերչընտը, գլխաւոր դերակատարները՝
Հրաչեայ Ներսիսեանը, Տիգրան Աւագեանը, Թաթիանա Մախմուրեանը եւ այլք
Պատմողականութեան առումով, «Տունը Հրաբուխի Վրայ»-ն պատմական մելոտրամա (թատրերգ) մըն է, ուր կը հանդիպին պատմութիւնն ու աղէտը։ Ֆիլմը կը վաւերագրէ քարիւղի զտարաններու մէջ աշխատող հայ եւ թաթար բանուորներուն կեանքն ու պայքարը եւ անոնց հայ գործատէրերուն կողմէ ցուցաբերուած դաժան վերաբերմունքն ու  բիրտ ճնշումները նախասովետական Պաքուի մէջ (ներկայիս՝ Ատրպէյճան)։   Համայնավարներու յեղափոխութեան նախօրէին, Պաքուն կը համարուէր Կայսերական Ռուսիոյ տարածք, որ կռուախնձորը դարձած էր օսմանեան թուրքերուն, թաթարներուն, հրեաներուն, գերմանացիներուն, բրիտանացիներուն, ամերիկացիներուն, ռուս պոլշեւիկներուն եւ մենշեւիկներուն, ինչպէս նաեւ հայ ընկերվարականներուն, տակաւին հաշուի չառած քարիւղի թուրք, հրեայ եւ հայ ջոջերը, որոնք հետագային սովետներու կողմէ հալածուելով հեռացուեցան։ 7-րդ դարու հայ փիլիսոփայ, մաթեմաթիկոս, աշխարհագրագէտ, աստղագէտ եւ քիմիագէտ Անանիա Շիրակացի իր  «Աշխարհացոյց»   հանրածանօթ աշխատութեան մէջ Ալթի-Պաքաւանը (Պաքու) ներառած է Փայտակարան նահանգի (Պատմական Հայաստանի 15 նահանգներէն մէկը) 12 շրջաններէն մէկուն մէջ: Բրիտանացի զօրավար Լայոնէլ Տանսթերվիլի խօսքով՝ «Բոլորը լաւ գիտէին, թէ ան որ տիրէ Պաքուին, կը տիրէ Կասպից  ծովուն»:
«Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմին մէջ ներկայացուած քարիւղային ոլորտի հայ շահագործող ջոջի մը դիմանկարը
Ֆիլմին վերնագիրը կը վերաբերի արտահոսքին դիւրակէզ այն կազին, որ կը շրջէր քարիւղի հանքերուն ներքեւ։ Հանքավայրերուն մօտակայքը պատասխանատու մարմիններ մերթ ընդ մերթ, դիտումնաւոր կերպով բնակարաններ կը կառուցէին իրենց բանուորներուն եւ  անոնց ընտանիքներուն համար: Նկարահանուած մանրամասնութիւններու մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէ՛ս փոխարինման ենթակայ այս բանուորները կ’աշխատէին օրական 12 ժամուան հերթափոխութեամբ, խիստ վտանգաւոր պայմաններու մէջ։ Այդ ժամանակներու ռուս գրող Մաքսիմ Կորքի վկայած էր քարիւղի այդ դաշտերու տարածքին տիրող թշուառութեան եւ վտանգին մասին, երբ Պաքու այցելութենէն ետք գրած էր․ «Քարիւղի դաշտերը իմ յիշողութեան մէջ դրոշմուեցան որպէս դժոխքի օրինակելի  պատկերներ»։
Այսօր անգամ, բնապահպանական վտանգներու եւ աւերներու մակարդակը  քարիւղի այս հանքավայրերուն մէջ կը գտնուի բոլոր ժամանակներու ամենաբարձր աստիճանին վրայ, բայցեւայնպէս համաշխարհային վերնախաւի ներկայացուցիչներ անպատասխանատու կերպով կը պարգեւատրեն համաշխարհային առումով կենսոլորտի մեծագոյն ապականիչը, սպառնական ոճով արտայայտուող պետութիւնը՝ հող բռնագրաւող եւ մարդու իրաւունքներ ոտնահարող Ատրպէյճանը՝ զայն COP29 խորհրդաժողովին հրաւիրելով: Ֆիլմին կառոյցը, որ լեցուն է մաքիաւելլական դաւերով, կը ստեղծէ կուտակուող բանսարկումներու միջավայր մը, որ իր գագաթնակէտին կը հասնի ցնցիչ սասկտացումով եւ սահմռկեցուցիչ աւարտով:
Դիտողական առումով, «Տունը Հրաբուխի Վրայ»-ն գերազանց, համարձակ եւ հմայիչ գեղարուեստական ֆիլմ մըն է, որ դիտողին յիշողութեան մէջ երկար կը մնայ:  Այսօր՝ նոյնիսկ ֆիլմի արտադրութենէն շուրջ 100 տարի ետք, դէմքերու, վայրերու եւ մեքենաներու մօտէն նկարուած պատկերները կը շարունակեն գրաւիչ մնալ: Հնարամտօրէն ստեղծուած պատկերները՝ փոխանցուած սեւ ու սպիտակով, ճարտարօրէն կը գործածուին՝ շուքի եւ լոյսի խաղերու օգտագործումով յայտնաբերելու տեսարաններուն ներդաշնակութիւնը: Արդիւնաբերական քարակոփ գործիքներու եւ սեւ հողին մէջ խրուող իւղոտ քարիւղահաններու կրկնուող շարժումները հաւասարապէս կշռութաւոր են, թուլցնող եւ սարսափազդու: Բանուորներուն կենաց մահու կռիւի համազօր աշխատանքը սարսափելի եւ արտայայտիչ կերպով պատկերուած է: Ըստ վերականգնող Գալստեանի՝ ֆիլմի կարգ մը բեմանկարներ դիտումնաւոր ձեւով հրկիզուած են, որպէսզի դերասանները խուճապի մատնուին, վազվզեն, իսկ պատկերը ճիշդ այդ պահուն նկարահանուի: Դիտելով «Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմը վերջին հազարամեակին մէջ, կարելի է իրազեկ դառնալ յետարդիական շրջանի արտադրող բանուորներու եւ արհմիութիւններու աշխատելաոճի այնպիսի պատկերներու, որոնք հետագային ողջ աշխարհին կողմէ առաւելաբար առնչուեցան սովետականութեան:
Գաղափարական առումով, ֆիլմը Խորհրդային Միութեան ջատագովի մը երազանքն է. Բեկ Նազարեան կը կազմէ շարժանկարային յատակագիծ մը, ուր յատուկ պատկերով մը կը ջանայ ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս ցեղային եւ դասակարգային բաժանումները բոլոր չարիքներու հիմքը կը կազմեն: Դժբախտաբար, պատմութիւն ուսանողները շատ լաւ գիտեն, թէ ինչպէ՛ս տիրող կամ շահագործող խումբի մը,  դասակարգի կամ ցեղի մը տապալումը յաճախ  կը փոխարինուի ուրիշի մը երեւան գալով, ինչ որ եղաւ համայնավարական յեղափոխութեան օրերուն: Խորհրդային եղբայրութիւնը տիրող դարձնելու եւ զայն ցեղերու ազգային միասնութեամբ փոխարինելու համար ֆիլմին մէջ կը տեսնենք, թէ ճնշուած հայ եւ թաթար քարիւղագործներ ինչպէ՛ս կը ստիպուին շրջանցել իրենց ցեղային տարբերութիւնները եւ միաւորուիլ՝ յաղթահարելու իրենց չարամիտ հայ տիրակալներու ստրկացնող արարքները  ̶  նոյնիսկ եթէ հայ բանուորներ խրովարար ըլլալու յանցանքով ամբաստանուած ըլլային, անոնք պատրաստ էին ծառայելու իրենց շահագործող տէրերուն, որպէս ստրուկներ, պարզապէս թաթար-ազերիներուն նման աշխատանքի առիթ չտալու համար։ Պատկերին տողատակերը յստակ էին․ դերասանները բոլորն ալ ուշագրաւ էին (ոչ միայն գործադուլի դիմելու իրենց միտումներուն համար)  իրենց ընդգծուած ցեղային, ֆիզիքական յատկանիշներով, յաճախ անտաշ, կոպիտ կամ վայրենի տեսքով: Ֆիլմին լոյսի եւ մութի տեսողական փոխազդեցութիւնը յաճախ ստուէր կը նետէր դերասաններու դէմքերուն՝  անոնց տալով մութ երանգ, ինչ որ կը ծառայէր  հայերը ապագայ Սովետական Միութեան մէջ որպէս խափշիկներ ներկայացնելու ընդհանրացած մտքին։
Հետաքրքրականը այն է, որ 20-րդ դարասկիզբի Պաքուի քարիւղային տնտեսական բարգաւաճման օրերուն թուրք եւ հրեայ քարիւղային աւագ առեւտրականները աւելի շատ էին, քան հայերը: Այդուհանդերձ, Բեկ Նազարեան նախընտրեց «Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմին չարագործները դարձնել քարիւղի հայ մեծ վաճառականներն ու անոնց գործընկերները: Պատմականօրէն, Սուհա Պոլուքփաշինի նման հեղինակներ կը վկայեն որ իրականութեան մէջ Ռուսիոյ կայսերական եւ խորհրդային ղեկավարութիւնն էր, որ լարուածութիւն եւ անվստահութիւն կը ստեղծէր հայերու եւ ազերիներու միջեւ, որովհետեւ մտավախութիւն ունէր որ Խորհրդային Միութեան ոչ-ռուս տարրերը ազգայնական շարժումներ ստեղծելով իրենց վերահսկողութենէն դուրս կու գան։
Ակնյայտ է, որ Բեկ Նազարեանի խորհրդային յանձնարարութիւններու շրջագիծէն դուրս կը մնար պարզել, որ Պաքուի մեծ ու աշխոյժ հայկական համայնքը իրականութեան մէջ բաղկացած էր մտաւորականներէ, հմուտ մասնագէտներէ եւ արհեստաւորներէ ու այդ օրերու «Հարաւային Կովկասի Փարիզը» համարուող Պաքուի կառոյցներուն 90%-ը հայ ճարտարապետներու, ինչպէս՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ֆրեյտուն Աղալեանի, Վարդան Սարգիսովի, Գաբրիէլ Տէր Միքայելովի եւ այլոց ձեռքին գործն էր։
«Երկիր Նայիրի»
«Երկիր Նայիրի»-ի բեմադրիչն ու հեղինակը Համօ Բեկ Նազարեանն է։
Շարժանկարիչը՝  Գարուշ Բեկ Նազարեանը։ Երաժշտական նոր տարբերակը յօրինած է երաժշտահան Վահագն Հայրապետեան՝ Բրիտանական Քոլոմպիայի Հայկական Մշակութային Միութեան պատուէրով
«Երկիր Նաիրի»-ի առաջադրանքն էր ցոյց տալ այն խոչընդոտները, որոնց Հայաստան պիտի հանդիպէր, սակայն յաղթահարէր զանոնք անկախ հանրապետութենէն խորհրդային պետութեան վերածուելով: Բեկ Նազարեան օգտագործած է  ֆիլմերու ստեղծման այն արհեստագիտութիւնը, որ օգտագործած էր «Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմին մէջ։ Նայիրին Հայաստանի հնագոյն անուններէն մէկն էր, հետեւաբար ալ ֆիլմին գլխաւոր հերոսը նոյնինքն Հայաստանն էր։ Բեկ Նազարեան ստեղծած է շարք մը խակ, անմշակ պատկերներ՝ ցոյց տալու հայրենիքի վերակառուցման մարտահրաւէրները եւ ակնյայտօրէն հեռու մնացած է հայոց հայրենիքը բնութագրող բազմաթիւ պանծալի համայնապատկերներ նկարագրելէ: Բեկ Նազարեան Դրամատիրութեան բարոյապէս սնանկացած ըլլալու կերպարանքը ցոյց տալու համար օգտագործած է անհեթեթ գաղափարներ՝ պարզելու համար, թէ ինչպէ՛ս Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք հայերուն տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը ե՛ւ անհամապատասխան էր կարիքներուն, ե՛ւ մեծամտութիւն կը բուրէր: Երբ գիւղացիներու խումբեր արտերկրէն հասած օժանդակութեան կողովները կը բանային, անոնց մէջ կը գտնէին օգտագործուած շքեղ գլխարկներ, բաճկոններ եւ ուլունքներով զարդարուած հագուստներ, որոնք պիտանի չէին բանուորներուն, սակայն անոնք  հեգնանք յառաջացնող նման հագուստներով ստիպուած էին բարդ աշխատանք տանիլ ու խճախառն արտերը մշակել: Ֆիլմը ոչ մէկ բացատրութիւն կուտայ, թէ ինչո՛ւ ամերիկացիները պէտք է օգնեն Հայաստանին, թէեւ ողջ աշխարհը տեղեակ էր այն հսկայական օգնութենէն, որ ուղարկուած էր ցեղասպանութեան տարիներուն՝ «սովամահ դարձած հայութեան» օժանդակելու համար:
Նոյն սկզբունքով Բեկ Նազարեան կ’առաջարկէ բազմաթիւ տոնքիշոտական, բանաստեղծական տեսարաններ, որոնց մէջ մարդիկ կ’աշխատին նոյնանման կշռոյթով ̶ ցոյց տալով խորհրդային պետութեան ձեւաւորման սղագրութիւնը։ Անոնց ամրակուռ, կիսամերկ իրաններէն քրտինք կը ծորէր՝ ի նշան այն մկանային ուժին, որ իրագործեց Լենինականի (Կիւմրի) ջրանցքը եւ արդիւնաբերական այլ նուաճումներ. Բեկ Նազարեան այնուհետեւ դիտողին ցոյց կու տայ ընդհանուր ուրուագիծը յաջողակ գիւղապետութիւններու, համայնքներու եւ վերոնշեալ ջրանցքի առեղծուածային խափանարարներու,  ապա շռայլօրէն պատկերներ կը նուիրէ խեղճացած հայերու, որոնք, ըստ իրեն, միայն խորհրդային հնարամտութեան եւ ուսումնական բարձրամակարդակ հաստատութիւններու շնորհիւ կը դառնան բժիշկներ, իրաւաբաններ եւ երկրաչափներ:
«Երկիր Նայիրի»-ին մէջ արտերու մշակումը՝ շքեղ գլխարկով եւ բաճկոնով
«Երկիր Նայիրի»-ն  իրողութիւնները այնքան կ’աւաղաղէ, որ 1918-ին դժուարութեամբ նուաճուած, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը համարէ ֆաշիստական ձեռնարկութիւն մը, որ համատարած տիֆի, սովի եւ այլ ողբերգութիւններու հասցուց իր քաղաքացիները՝ մոռնալով «սենեակը պահուած փիղը»։ Մինչդեռ պաշարուած, հալածուած, ուժասպառ, համաճարակէ վարակուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը հրաշքով պայքարեցաւ թուրքերու եւ անոնց մեղսակից սովետներու կողմէ համադրուած բնաջնջման ծրագիրներուն դէմ․ անոնք երկուքն ալ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը հաշտ աչքով չդիտեցին: Այս ամէնը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցած էր բնականաբար այդ օրերու հայ մարդու առողջութեան վրայ։ Սովետները չէին, որոնք 1918-ին հայերը փրկեցին լիակատար բնաջնջումէ, ընդհակառակն․ հայերն էին, որոնք ունենալով գաղթականներ, որբեր եւ անբուժելի հիւանդներ, ազգովին պայքարեցան ու վանեցին թրքական հորդաները՝ փրկելու այն ինչ որ մնացած էր Հայաստանէն, մինչդեռ ռուսական բանակը քաշուեցաւ Կարսէն եւ նահանջեց դէպի բլուրները։ Սովետները ժամանակ չկորսնցուցին տապալելու անկախ, փխրուն Հայաստանը։ Սակայն «Երկիր Նայիրի»-ն դիտողը այս իրականութեան իրազեկ չի դառնար։ Ականատեսը ըլլալով հայ գործատէրերուն տրուած դերերուն եւ անոնց բնութագրերուն՝ այս ֆիլմը դիտողը կը հասկնայ, որ անոր ռազմավարական նպատակն է ներկայացնել այնպիսի նիւթեր, որոնք չեն քաջալերեր հայերը ընկալելու իրենց աշխարհը ազգային, հայրենասիրական, ազատ մտածողի կամ  ձեռնարկատէրի դիտանկիւններէ:
Վերոյիշեալ երկու ֆիլմերը յատկապէս կը յիշեցնեն Նացիստական Գերմանիոյ ջատագով Լենի Ռիֆենշթալը եւ Խորհրդային Միութեան ջատագով Սերկէյ Էյզենշթատը թէ՛ իրենց խիստ գրաւիչ, արդիական, սեւ ու սպիտակ տեսողական արուեստով, եւ թէ՛ քարոզչական արժէքներով: Բեկ Նազարեանի համար դժուար պիտի ըլլար նուաճել ֆիլմարտադրութեան հսկայական հարթակը (1920-ական թուականներէն սկսեալ), եթէ ան ցուցադրէր հայոց բացայայտ ազգայնականութիւնը, հայերը ներկայացնէր իրենց իսկական էութեամբ, որպէս մտաւորականներ, նորարարներ, կամ դրական որեւէ բան վերագրէր դրամատիրութեան կամ յղում կատարէր ռուս-թրքական գաղութատիրական ծրագրերու։ Պէտք է իմանանք, սակայն, որ սովետահայ գրողները  լաւապէս ըմբռնած էին, որ ԽՍՀՄ-ի տարածքին իրենց ասպարէզին մէջ հռչակաւոր դառնալու համար հարկ էր զոհել իրենց ազգային արժանապատուութիւնը: Այդ էր հանրածանօթ դառնալու տուրքը։
Միտք բանին՝ մենք ունինք երկու շարժապատկերային ներկայացումներ, որոնց մէջ ակնյայտօրէն կը բացակային Հայաստանի եւ հայերու նկատմամբ ռուս-թրքական թշնամանքի որեւէ յղում: Նոյնը կարելի է ըսել «Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմին մասին․ հայերու պատմութիւնը Պաքուի քարիւղարդիւնաբերութեան մէջ, եւ այն, ինչ տեղի ունեցաւ այնտեղ՝ փոխելու առկայ ուժերու գոյութիւնը, կը մնայ անբացատրելի: [Այդ օրերուն Պաքուի կեանքին եւ քարիւղային տնտեսութեան բարգաւաճման մասին իրազեկ դառնալու լաւագոյն աղբիւրը Ալեքսանտր Շիրվանզադէի «Քաոս» խորագրեալ վէպն է: Կարելի է սերտել նաեւ քարիւղի մարզին մէջ հայ ռահվիրաներու՝ Ալեքսանդր Մանթաշեւի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքը]։ Չկայ նաեւ որեւէ յիշատակում Հայոց Ցեղասպանութեան հրահրման մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ 1915, 1918 եւ 1920 թուականներուն Հայաստանը կլանելու անոնց ծրագիրներուն: Երկու ֆիլմերուն մէջ ալ պատմուած պատմութիւնները անկասկած դիտողը կը թողուն այն տպաւորութեան տակ, որ Հայաստան եղած է վայրենի եւ յետամնաց շրջան մը նախքան սովետներու ժամանումն ու հայերուն քաղաքակիրթ դարձնելը եւ իբրեւ թէ վերջինիս հետեւանքո՛վ միայն երեւան եկած են հայ բժիշկներ, իրաւաբաններ եւ երկրաչափներ․ կարծէք հայերուն համար այդ մասնագիտութիւնները նորութիւն ըլլային․․․: Իրականութիւնը սակայն ճիշդ հակառակն է․ հայերը Փոքր Ասիոյ եւ Անդրկովկասի ամենազարգացած ժողովուրդներն էին։

Գողտրիկ պատկեր մը քաղուած՝ «Երկիր Նայիրի» ֆիլմէն
Ոմանք քարոզչական ֆիլմերու ցուցադրումը պատմական արժէք կը համարեն, դիտել տալով որ անոնք իրենց ժամանակին արդիւնքն են․ կարելի է համաձայն ըլլալ անոնց հետ միայն այն պարագային, երբ այդ ֆիլմերը իբրեւ այդպիսին ներկայացուին: DEI (Բազմազանութիւն, հաւասարութիւն եւ ներփակում) շարժումի անդամներէն շատեր կրնան համաձայն չըլլալ ըսուածին՝ դիտել տալով, որ քարոզչական ֆիլմերու ցուցադրումը ցեղային խայծի արտայայտութիւն մըն է: Գործող երկակի չափանիշները ի վերջոյ կը պարզեն, թէ յառաջադէմ որեւէ հաստատութիւն ո՞ր խումբին պաշտպանութեան կը ձգտի, եւ հակառակը՝ ընդդէմ այդ խումբին, ո՞ր խումբը չարաշահելու արտօնութիւն կը շնորհէ ինքզինքին: Այստեղ անգամ մը եւս կը տեսնենք, որ հայերը ակնյայտօրէն կը պատկանին երկրորդ խումբին:
Երբ պատկերասփիւռի եւ ռատիոյի թանգարան (ներկայիս կը կոչուի Paley-ի Մետիայի Կեդրոն) աշխատանքի ընդունուեցայ, գլխաւոր համադրող Ռոն Սայմընին առաջարկեցի, որ Ժ․ Միքայէլ Յակոբեանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած մեծահամբաւ վաւերագրական ֆիլմը՝ “The Armenian Case (Trailer) – YouTube” (Հայկական Հարցը- հապաւուած, Իւթուպ) աւելցնէ թանգարանի ծրագիրներու հաւաքածոյին: (MT&R թանգարանի ծրագիրներուն մէջ ներառուելու նախապայմանը այն էր, որ ԱՄՆ պատկերասփիւռը եթեր հեռարձակած ըլլար գէթ մէկ հաղորդում անոր մասին, իսկ «Հայկական Հարցը» քանի մը անգամ ցուցադրուած էր PBS կայաններէն: Սայմըն չընդառաջեց առաջարկիս՝ դիտել տալով, որ նշեալ ֆիլմը քաղաքական քարոզչութիւն կը համարէ։
Յանուն Առարկայականութեան պէտք է հարց տալ ուրեմն, որ եթէ «Հայկական Հարցը» դիւրիմացաբար քարոզչութիւն կը համարուի համաշխարհային մակարդակ նուաճած նման հաստատութեան մը կողմէ եւ կը մերժուի ներառել զայն այդ ծրագիրին մէջ ու հանրային դիտումի արժանացնել, արդե՞օք երկակի չափանիշներու ականատեսը չենք ըլլար, երբ այնպիսի քարոզչական ֆիլմեր, ինչպիսիք են «Տունը Հրաբուխի Վրայ»-ն եւ «Երկիր Նայիրի»-ն բացայայտօրէն հանրութեան կը ցուցադրուին համաշխարհային մակարդակ նուաճած մէկ այլ հաստատութեան կողմէ:
Թէեւ այս յօդուածին մէջ ես իրաւացիօրէն կրնամ մեծարել Բեկ-Նազարեանի տեսողական պատմումի տաղանդը, բայց նաեւ խորապէս վիրաւորական կը համարեմ ֆիլմերուն հակահայկական բովանդակութիւնը: Զիս կ’անհանգստացնէ այն, որ հեղինակին ստեղծագործութիւններուն անդրադարձողները այս ֆիլմերու քարոզչական բնոյթին մասին անաչառ մեկնաբանութիւն չեն կատարած: Ես վրդոված եմ նաեւ այն երեւոյթին ի տես, որ արեւմտեան մշակութային կառոյցները «արդար խաղ» կը համարեն հայոց պատմութեան խեղաթիւրումները որեւէ ժամանակ անմահացնելը, յատկապէս, երբ Հայաստան համաշխարհային տէրութիւններու օգնութեամբ աշխարհի քարտէզէն անհետանալու ակնյայտ վտանգի տակ կը գտնուի: Ողբերգական է, որ այսօր՝ մէկ դար անց, նոյն տարածաշրջանային եւ համաշխարհային դերակատարները կը ձգտին կազմաքանդել հայկական անկախ պետականութիւնը, քայքայել հայկական ազգայնականութիւնը եւ նոյնինքն Հայաստանը։ Այդ իսկ պատճառով, MoMA-ի համար անյարիր էր ցուցադրել այս ֆիլմերը եւ կը համարձակիմ ըսել, որ այս աքտը հանդիսատեսին «Ձիւնաթիւրի» թունաւոր խնձորը հրամցնելու համազօր վերաբերմունք է, այլ խօսքով «փափուկ ուժի» պատերազմի վճիռ հայ ժողովուրդին դէմ: Եկէք յիշենք Նիւ Եորքի «Մեթրոպոլիթեն» արուեստի թանգարանի ղեկավարութեան դաւադրական քայլը՝ երբ տապալել կը փորձէր «Հայաստան» 2018 ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն աշխատանքը՝ խուսափելու ցուցահանդէսի պատմական բովանդակութենէն կամ հնագոյն ժամանակներէն Հայաստանի վայելած ինքնիշխանութեան հաստատումէն: Երեւոյթ մը, որ լաւապէս ձեւակերպուած էր փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեանի այս կապով նշուած յօդուածին մէջ։
Հայերը իրենց դարաւոր ու ողբերգական պատմութեան ընթացքին համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցած են, հետեւաբար ալ ընդհանուր առմամբ սուր կարիք ունեցած են անձնական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ ճանչցուած ըլլալու: Նկատի ունենալով որ ներկայ ժամանակներուն հայերը կը տքնին որպէս ազգ ինքնաբաւ դառնալու, անոնք կը ջանան  իրենց պատմական դատը ճանչուած տեսնել, իսկ իրենց դէմ ուղղուած պատմական սխալները՝սրբագրուած:
Ահա այս պատճառով է, որ անոնք տագնապներու բովէն կ’անցնին,  երբ յատկապէս բազմիցս կ’անտեսուին, կը  խեղաթիւրուին և նոյնիսկ դիտաւորեալ կերպով դուրս կը մնան մարդու իրաւունքներու ժամանակակից, համաշխարհային միջամտութիւններէն, լրատուամիջոցներու արձագանգներէն եւ պատմութեան պաշտօնական տարեգրութենէն: Այս բոլորէն ետք պէտք է ըմբռնումով տեսնել, թէ հայերը որքա՜ն կը հրճուին, երբ կ’արժանանան արդար ուշադրութեան եւ իրենց պատմութեան, մշակոյթին կը տրամադրուին հանրային հարթակներ, ինչպիսիք են Նիւ Եորքի «Մեթրոպոլիթեն» թանգարանի ծաւալուն ցուցահանդէսը կամ Նիւ Եորքի Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանի յետահայեաց ֆիլմերու ցուցադրութիւնը։
Բայց երբ հայերը նկատեն, որ այս ցուցահանդէսներու ետին յաճախ կան քաղաքական դրդապատճառներ, որոնք ունին հակաազգային բնոյթ, եւ որ այդ հակահայկական ուղերձները փաստօրէն կը փոխանցուին ոչ միայն հայերուն, այլեւ օտար լայն հասարակութեան, որքանո՞վ պիտի օգտուին այս բոլորէն՝ իրենց նորահաս սերունդներուն հետ մէկտեղ։ Մէկ կողմ դնելով մեր սեփական հաստատութիւններուն մշակութային արդիւնքը, միթէ՞ նման առիթներով հայկական մեր մտաւոր բանակին՝ համադրողներու, մանկավարժներու, մտաւորականներու եւ այլոց հետ պէտք չէ խորհրդակցիլ կամ նոյնիսկ զիրենք գործի մղել: Այդպէս պիտի ընէին բնականաբար այլ ազգեր, որոնք պիտի պահանջէին եւ ստանային նման հարթակներու վրայ «ներկայացման» իրենց բաժինը։ Երբ վերադառնանք բազմերանգ ինքնութիւններէ բաղկացած ներկայ յառաջադէմ միջավայրերուն մէջ ինքնութեան պահպանման քաղաքականութեան, արդեօ՞ք հայերը շրջանցուած պիտի տեսնենք կրկին, թէ՞ այնտեղ պիտի գտնենք նաեւ հայկական կեանքի պահպանման ճիգը: Որպէս լրատուամիջոցներու եւ մշակութային կեանքի երկարամեայ դիտորդ՝ այսօրուան բարձրաշխարհիկ գրականութեան, լրատուական, քարոզչական միջոցներու եւ արուեստի ոլորտներուն մէջ կը տեսնեմ հակահայկական միտում մը, որ կարելի չէ շրջանցել: Այս քաղաքականութիւնը պատահական չէ:
Վերջին տարիներուն, Ատրպէյճան բազմաթիւ հարուածներ ստացաւ շրջակայ եւ արդիւնաբերական միջավայրը ապականելուն, նոյնիսկ հայկական Արցախ ներխուժման օրերուն կենդանի արարածներուն դէմ թունաւոր համարուող սպիտակ ֆոսֆորը ապօրինաբար օգտագործելուն համար։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար անուղղակի լոպիինկ իրականացնելու աւելի լաւ միջոց չէր կրնար ըլլալ, քան MoMA-ի ճամբով «Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմին ցուցադրութիւնը․ ֆիլմ, որ քարիւղի ոլորտի հայ ռահվիրաները կը ներկայացնէ որպէս շրջակայ միջավայրը ապականողներ եւ վնասարար տարրեր:
Վերադառնալով «Արուեստը այն չէ ինչ որ կը տեսնես, այլ այն՝ ինչ որ ուրիշներուն տեսնել կու տաս» մէջբերումին, յիշենք, որ տեսնել տալու միջոցը ուղերձն է, իսկ Բեկ Նազարեան, այնպէս ինչպէս շարք մը տեսագրողներ կամ քարոզիչներ, կը միտէր իր ուղերձներով ձեւաւորել մարդկային որոշակի վարքագիծ։ Միտք բանին՝ ֆիլմերը պարզապէս արուեստի օրինակներ կամ պատմողական հարթակներ չեն։ Անոնք մանկավարժական գործիքներ են։
Այլ տեղ մը «Կեանքը  շատ աւելի կը հետեւի արուեստին, քան արուեստը՝ կեանքին» մէջբերումին մասին խորհելով, մարդ պէտք է պարզապէս նկատէ ապազգային այն քաղաքականութիւնը, որ վարած են խորհրդահայ, ազդեցիկ անթիւ գործիչներ կամ բարձր պաշտօններու տիրացած անձինք՝ ընդհուպ մինչեւ այսօր: «Արծաթեայ պաստառին» վրայ երեւցող վարքագիծերն ու պատկերները իրենց դերը ունեցած են որոշ ոլորտներու մէջ հայու ինքնագիտակցութեան քարտեզէն վանելու հայրենասիրութիւնը, որուն գինը մենք մինչեւ օրս կը վճարենք:
Ինչ կը վերաբերի «Ողջ արուեստը քաղաքական է» մէջբերումին․․․ Եկէք պահ մը խորհինք․ ինչո՞ւ այս ֆիլմերը, եւ ոչ թէ Արտաւազդ Փելէշեանի փորձառական ֆիլմերու վերականգնումները, ինչպէս օրինակ՝ «Տարուան Եղանակները» կամ «Մենք»-ը, որոնք կրնան գեղարուեստականօրէն յառաջատար ըլլալ, միաժամանակ հարազատօրէն պատկերել հայ ժողովուրդի ոգին։ Իսկ ինչո՞ւ պատմութեան ճիշդ այս ժամանակահատուածին, երբ Արցախը բռնագրաւուած է, երբ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա դաւեր կը հիւսեն նուաճելու Հայաստանը, եւ երբ ազգը շուրջ դար մըն է գերեվարուած է միեւնոյն թուրք, ատրպէյճանցի, ռուս եւ այլ մակաբոյծներու կողմէ:
«Տունը Հրաբուխի Վրայ» ֆիլմը արտադրուած է  1928-ին, Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի պատկերասրահներու գործակցութեամբ: (Ատրպէյճան ստեղծուած էր ընդամէնը 10 տարի առաջ՝ 1918-ին): Խորհրդային համագործակցութեան այս մակարդակը յիշելը կ’ենթադրէ, որ նման համագործակցութիւն առկայ է, կրնայ ըլլալ եւ պէտք է տեղի ունենայ այսօր եւս: Այնուամենայնիւ, համաշխարհային վերնախաւերու պահանջած այսօրուան «խաղաղութեան» ձախող նախաձեռնութիւնները կը պարունակեն համարեա՛ նոյնանման աջակցութիւն ռազմատենչ Ատրպէյճանին։ Այն Ատրպէյճանին, որ մտադիր չէ ընդունիլ հայկական պետութիւնը լիակատարօրէն բռնագրաւելու իր ծրագիրէն նուազ պայմաններով համաձայնագիր:
Եթէ դիտած էք այս ֆիլմերը MoMA-ի մէջ (կամ այլուր) եւ ունիք նմանօրինակ մտահոգութիւններ, ձեզ հրաւիրեմ գրելու պարոն Ճոշ Սիկէլին՝ Ժամանակակից արուեստի թանգարանի շարժանկարի բաժինի գլխաւոր համադրողին, ինչպէս նաեւ MoMA-ի մէջ անոր գերադաս մարմիններուն՝ 11 W. 53rd Street, New York, NY 10019 USA․ Կամ կրնաք գրել MoMA-ի մամուլի գրասենեակին հետեւեալ հասցէով՝ pressoffice@moma.org
Սեղմեղէ՛ք “The House on the Volcano 1928” կապը՝ նշեալ համր ֆիլմը YouTube-ի վրայ դիտելու համար (միջվերնագրերը ռուսերէն են, այս տարբերակին մէջ չկան անգլերէն կամ հայերէն ենթավերնագրեր, երաժշտութիւն): «Երկիր Նայիրի»-ն ժամանակին հասանելի չէր առցանց հարթակի վրայ։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles