ՌԷՅՍԻՆԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 88-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:45 Second

Կիրակի, Հոկտեմբեր 30-ին, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ծխականները եռեակ օրհնութիւններով բախտաւորուեցան։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց եկեղեցւոյ 88-րդ ամեակին առթիւ, դպիր ձեռնադրեց Փօլ Ֆրունճեանը, Արամ Պուչաքլեանը եւ Հայկ Պուչաքլեանը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, գաղութը դիմաւորեց նորաօծ Սուրբ Միւռոնը։

Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Ճան Պուչաքլեան բարի գալուստ մաղթեց ծխականներուն եւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ներկայացուց։ Շաբաթօրեայ ու Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ղեկավարութեամբ Նորա Ֆրունճեանի ներկայացուցին հաճելի ծաղկեփունջ մը հայկական երգերու։ Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրերու արժանացան Սիլվա Կարապետեան, տոքթ. Ռաֆֆի Կարապետեան, Աշոտ Վարդանեան եւ Սարգիս Պուչաքլեան։ Ապա, Արժպ․ Տ. Տարօն Աւ․ Քհն․ Ստեփանեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խոր գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ հոգաբարձութեան ու ծխականներու անսակարկ ծառայութեան եւ աջակցութեան մասին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց գաղութի համագործակցական ոգին։ Նշեց, թէ ինչպէս օրուան ձեռնադրութիւնն ու մանուկներու ելոյթը լաւագոյն ապացոյցն են այս փոքր գաղութին մէջ հայ հաւատքի եւ ինքնութեան շարունակականութեան, յոյսի տոկունութեան, ինչպէս նաեւ ապագայի նորանոր իրագործումներու յաջողութեան։

Տէր Հօր «Պահպանիչ»-ով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ եկեղեցւոյ 88-րդ տարեդարձը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles