«ՄԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ՆԵՐՈՒԺԸ ՊԻՏԻ ՈՒՂՂԵՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ» ԸՍԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 52 Second

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն մասնակցած, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան »Կիւլպէնկեան« սրահին մէջ մամլոյ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պատասխանելով հարցումներուն անդրադարձաւ Արցախի տագնապի լուծման, Ատրպէյճանի կողմէ հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, զինադադարի դրութեան խախտումներուն, բանակի մարտունակութեան, ժողովրդավարական հոլովոյթին, վերաբնակեցման եւ այլազան հարցերուն:

Ան ըսաւ թէ Արցախի հիմնախնդիրը շրջանային հիմնախնդիր կարելի չէ նկատել, որովհետեւ Արցախի հիմնախնդիրը իր էութեամբ, բնութեամբ եւ նշանակութեամբ ոչ թէ շրջանային հիմնախնդիր է, այլ՝ համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիր, եւ Արցախի պաշտօնական կեցուածքը հիմնախնդիրին նկատմամբ այդ է: Ան այս կեցուածքին ճշմարտութեան, իբրեւ փաստ նշեց խնդիրի լուծման համար Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի խմբակին մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կատարած աշխատանքները:

Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին մասին անդրադառնալով, նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ հայկական կողմի աշխատանքներուն շնորհիւ այսօր միջազգային ընտանիքը եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի համանախագահները կը յայտնեն, որ առանց ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու Արցախի տագնապի լուծումը անկարելի է:

«Դուք կրնաք վստահ ըլլալ, մենք մեր գործը գիտենք, մենք պատերազմի չենք ձգտիր, մենք կողմնակից ենք վերջնական խաղաղութեան հաստատման, սակայն հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւնները, մենք նաեւ չենք բացառեր, որ անոնք այդ յայտարարութիւններուն կողքին կրնան վերսկսիլ զինուորական գործողութիւններուն: Մենք պատրաստ ենք նաեւ այդպիսի իրողութիւններու զարգացման, եւ որովհետեւ գիտենք մեր գործը, մենք ի վիճակի ենք պաշտպանելու մեր երկրի սահմանները», յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններուն առթիւ, Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին:

Անդրադառնալով պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութեանց՝  նախագահ Սահակեան այս բոլորը նկատեց Ատրպէյճանի իշխանութեան գործունէութեան հիմնական մասը: Ան ըսաւ, որ Արցախի իշխանութիւնները այնքան անհեթեթ կը նկատեն այդ յայտարարութիւնները, որ անոնց արձագանգելու կարիք չեն տեսներ: Ան յայտնեց, թէ Արցախցիք հաստատակամ են ընտրութեան մէջ եւ իրենց ամբողջ ներուժը պիտի ուղղուի Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման: Ան անդրադարձաւ բանակի մարտունակութեան՝ զայն նկատելով Արցախի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը: Սահակեան շեշտեց թէ, այդ բանակը ժողովրդական բանակ է, եւ անոր ուժը այդ իմաստէն կը բխի: Ան նշեց, որ երկրին նախագահը, մտաւորականութիւնը եւ քաղաքացիները, բոլորը այդ բանակի զինուորներ են եւ այլապէս ալ կարելի չէ: Ան ըսաւ, որ Արցախի պետութեան քաղաքականութիւնը ուղղուած է այդ բանակի զարգացման, սպառազինութեան արդիականացման: Ան նաեւ նշեց, որ այդ բանակը իրականութեան մէջ մարտունակ բանակ է, եւ եթէ իշխանութիւնները այդ բանակի մարտունակութեան մասին ազերի կողմին նման յաճախակի կերպով չեն խօսիր, ատիկա չի նշանակեր, որ այդ մարտունակութիւնը պակսած է:

ՀայաստանՌուսիա վերջերս կնքուած զինուորական համաձայնութեան մասին խօսելով, ան ըսաւ թէ Ռուսաստանի նախագահ Տմիթրի Մէտվետեւի Հայաստան այցելութեան ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւնները կու գան ընդգծելու Ռուսական դերակատարութիւնը եւ մասնակցութիւնը Արցախի հարցի լուծման մէջ: Ան համոզում յայտնեց, որ Ռուսաստան համանախագահ միւս երկիրներուն նման շահագրգռուած է շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեամբ: Ան նաեւ նշեց, որ ներկայ յարաբերական խաղաղութիւնը ձեռք բերուած է Ռուսաստանի գործօն մասնակցութեամբ եւ մեծ դերակատարութեամբ:

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ռազմավարական յարաբերութիւնները ոչ միայն կը զարգանան, այլեւ իրական դաշնակիցներու յարաբերութիւններ են, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւններու զարգացման զուգընթաց Ռուսաստան պիտի շարունակէ իր դերակատարութիւնը ունենալ, որպէսզի շրջանին մէջ չբռնկին պատերազմական գործողութիւններ եւ իրավիճակը չսրի:

Վերստին արծարծելով Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումները, նախագահ Սահակեան յայտնեց, որ անոնք միշտ եղած են եւ նկատի ունենալով, որ պատերազմը աւարտած չէ, այդպիսի դէպքերը եղած են, կþըլլան եւ պիտի ըլլան: Ան նշեց թէ ազերի ոտնձգութիւններ չեն կրնար որեւէ փոփոխութիւններ ստեղծել եւ  շեշտեց թէ հայկական կողմը միջոցառումներ կþորդեգրէ ազերի կողմը զրկելու համար այդպիսի գործողութիւններ իրականացնելու կարելիութենէն:

Նախագահ Սահակեան եզրակացուց թէ Արցախը պէտք է որ դառնայ Հայու երկիր, ոչ միայն զբօսաշրջութեան տեսակէտէն, այլ մնայուն բնակավայր հաստատելու տեսակէտէն մեկնած, եւ այդ մէկը անկասկած որ, իշխանութիւններուն կողմէ առաջնահերթ խնդիրներու շարքին կը դասուի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles