Արցախի Հայութեան Վնասուց Հատուցման Բանաձեւ Մը

0 0
Read Time:57 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Սեպտեմբեր 18-ին, քոնկրէսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ ներկայացուց բանաձեւ մը` վնասուց հատուցում ապահովելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան եւ հաշուետուութեան կանչելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք մօտաւորապէս տարի մը առաջ չհրահրուած ռազմական գործողութեան մը դիմելով հայաթափեցին Արցախի Հանրապետութիւնը։

«Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի շարունակական գործողութիւնները մարդկային աղէտ մը պատճառեցին, առաջնորդելով ցեղային մաքրագործումի։ Արցախի անմեղ զոհերուն վնասուց հատուցում պէտք է ապահովենք, հաշուետուութեան կանչելով պատասխանատուները», ըսաւ Շիֆ։

Բանաձեւը պիտի պահանջէ Ատրպէյճանի պետական գումարներ պահող հաստատութիւններուն, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեն անոնց մասին, որմէ 90 օր ետք նախագահը պէտք է գրաւէ զանոնք։ Գրաւուած գումարներով պիտի հաստատուի յատուկ հիմնադրամ մը՝ վնասուց հատուցում տրամադրելու համար իրենց հայրենիքէն տեղահանուած արցախահայերուն, աջակցութիւն ստանալու դիմումները դիւրացնելու կողքին։

Նոյն նպատակին համար կը պահանջուի գրաւել ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն հարստութիւնը, անոնց Ամերիկա մուտքի արտօնութիւնը արգիլելու կողքին։

Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Շիֆի այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակը Արցախի հայութեան տարրական իրաւունքները պաշտպանել է։

Բանաձեւը համահովանաւորողներն են՝ Պրետ Շըրմըն, Ֆրենք Փալոն, Աննա Էշու, Կէյպ Ամօ, Ճիմ Քոսթա, Ճաշ Կաթիմըր, Կրէյս Նափոլիթանօ, Տակ ԼաՄալֆա, Սեթ Մեկըզինըր, Ճոյս Պիթի, Ճէյմզ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Մենկ, Քեւին Մալըն, Էլընոր Հոլմզ Նորթըն, Ճեն Շաքովսքի, Լինտա Սանչէս, Տինա Թայթըս եւ Լորի Թրահան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles